Սպանական Պիլպաօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին 3-րդ հանգրուանին եւս հաւասարութիւններու իր շարքը շարունակեց հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան` այս անգամ անգլիացի Մայքըլ Էտըմզի հետ:
Արոնեան, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, իր հաւասարութիւնը արձանագրեց 40-րդ շարժումին:
Նշենք, որ երէկ հանգիստի օր էր:
Արոնեան, որ իր նախորդ երկու հաւասարութիւնները արձանագրած էր Շահրիար Մամետիարովի եւ Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւի հետ, այժմ ապահոված է 2 կէտ: Էտըմզ ունի 5 կէտ եւ կը գրաւէ առաջին դիրքը:


