Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԵՏԶՀԵՏԷ Կ՛ԸՆԴՀԱՆՐԱՆԱՅ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐԷ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ՀԱՃԵԼԻ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱԾ Է ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ Ս. ԳՐԱՅԻՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐԸ: ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԱՐԳԵՒԵԼՈՒ ԿՈՂՔԻՆ` ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԵՒ ԿԸ ՄԻԱՑՆԷ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԸ:
Հաննա Լարքին իր ամուսնութեան առիթով ընտրած էր երեք ընթերցումներ, սակայն անոնցմէ մէկը` մանկական գրականութեան մէջ ծանօթ «Կես հաու մաչ այ լաւ եու»-ն ուշադրութիւն կը գրաւէր իր բնոյթով:
Իր պատանեկութեան վերջին տարիներուն Լարքին սիրահարուած էր Սեմ ՄքՊրեթնիի «Սրճագոյն Մեծ Նապաստակին եւ սրճագոյն փոքրիկ նապաստակ»-ին պատմութեամբ, որուն մէջ նապաստակները կը փորձէին բառերով արտայայտել իրենց սէրը: Այնուհետեւ ասիկա պիտի մնար Լարքինի նախասիրած գիրքերէն մէկը:
Պատմութեան մէջ երկու նապաստակները կը փորձեն գերազանցել զիրար` սիրոյ իրենց բարձրաթռիչ յայտարարութիւններով:
Ահաւասիկ` հատուած մը.
««Քեզ կը սիրեմ արահէտէն վար տանող ճամբէն մինչեւ գետը», բացագանչեց Սրճագոյն փոքրիկ նապաստակը: «Քեզ կը սիրեմ գետէն անդին` մինչեւ լեռները», պատասխանեց Սրճագոյն Մեծ Նապաստակը»:
Հաւանաբար սկեպտիկներու համար չափազանց քաղցր պիտի թուէր այս փոխանակումը, սակայն յայտնաբար բազմաթիւ հարսեր եւ փեսաներ տարբեր ձեւով կ՛ընկալեն զայն:
«Թէեւ ասիկա մանկական գիրք մըն է, սակայն կ՛արձագանգէ նաեւ չափահասներու կեանքին մէջ, որովհետեւ կը պատմէ ճշմարիտ սիրոյ անսահման բնոյթին մասին», կ՛ըսէ Լարքին: Նիւ Ֆորեսթի մէջ Լարքինի հարսանիքին առիթով անոր քոյրը հարսնեւորներուն դիմաց կարդացած է ամբողջ գիրքը, մինչ փեսային սանուկը յափշտակուած մտիկ ըրած է զայն ծայրէ ծայր:
Սովորաբար քրիստոնէական «դասական» հարսանիքներու առիթով կը կարդացուի Կոռնթացիներու առաջին գիրքին այն հատուածը, որ կը բովանդակէ խորհրդածութիւններ` հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ (կամ բարեսիրութեան) մասին: Սակայն մերօրեայ ամոլներ սկսած են տարբեր ընթերցումներ պահանջել, ինչպէս կ՛ըսէ Բրիտանիոյ մէջ Հարսանիք կազմակերպողներու միութեան ներկայացուցիչ Պենտատեթ Չափմըն:
«Հարսանիքներու գլխաւոր յատկանիշը այս է ներկայիս… անիկա ամէն բանէ աւելի կ՛առնչուի անձերու հետ», կը բացատրէ Չափմըն: Մանկական գրականութիւնը այսքան շատ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, որովհետեւ կը շաղկապէ բոլոր սերունդները, եւ բոլորը կրնան կապ մը զգալ անոր հետ:
«Ամոլներ կը փորձեն ընտրել ընթերցանութեան այնպիսի նիւթեր, զորս հասկնալը դիւրին է, կարդալն ու լսելը` հաճելի, եւ որոնք պարզապէս ժպիտ մը կը պարգեւեն ունկնդիրին»:
Չափմընի համաձայն, մանկական գիրքերէ ընթերցումները ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն կը վայելեն վերամուսնացող ամոլներու քով, որոնք կը փափաքին դեր մը շնորհել իրենց նախկին յարաբերութիւններէն ունեցած զաւակներուն, անոնց տալով իրենց նախասիրած պատմութիւններէն հատուածներ կարդալու գլխաւոր պարտականութիւնը:
Ժողովրդականութիւն վայելող այլ պատմութիւն մըն է Մարճըրի Ուիլիըմզի «Տը վելվըթին ռապիթ»-ը, որ կը պատմէ բուրդէ շինուած փոքրիկ նապաստակի մը մասին եւ` մարդկային սիրոյ ճամբով իրական նապաստակ մը դառնալու անոր ցանկութեան:
Անցեալ տարի, երբ դերասան Տրիւ Պերիմոր ամուսնացաւ Ուիլ Քոփըրմանի հետ, Քոփըլմանի քոյրը հատուած մը կարդաց այս գիրքէն: Բրիտանիոյ Ուլիըմ եւ Հերի իշխանները նոյն գիրքէն փոխնիփոխ ընթերցումներ կատարեցին իրենց զարմիկին` Զարա Ֆիլիփսի եւ Մայք Թինտալի ամուսնութեան առիթով:
Այս օրերուն հարսանեկան պլոկերու հետզհետէ աճող ժողովրդականութիւնը կը մղէ, որ մարդիկ աւելի ստեղծագործական մօտեցում ցուցաբերեն հատուածներու ընտրութեան մէջ, ինչպէս կ՛ըսէ Չափմըն:
Սակայն ինչո՞ւ մանկական գրականութիւնը կը շարունակէ հմայել: Քէյմպրիճի համալսարանին Մանկական գրականութեան Հոմերթըն ուսումնասիրական եւ դասաւանդութեան կեդրոնի տնօրէն Մարիա Նիքոլայեւայի կարծիքով, մանկական գիրքերը մեզի կը պարգեւեն հասարակաց փորձառութիւն մը:
Նիքոլայեւայի աղջիկը իր ամուսնութեան առիթով ընտրած է Անթուան տը Սենթ-Էկզիւփերիի «Փոքրիկ իշխանը» գիրքէն հատուած մը, իսկ Նիքոլայեւա պսակի արարողութեան ընթացքին հատուած մը կարդացած է «Տը վելվըթին ռապիթ» գիրքէն:
Ան կը բացատրէ, թէ մանկական գիրքերը օժտուած են շատ կուռ բառերով կեանքի մասին խորախորհուրդ մտածումներ եւ փիլիսոփայութիւններ արտայայտելու առաւելութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք հարսանիքի յարմար իտէալ ընտրութիւն մը կրնան ըլլալ:
«Տը վելվըթին ռապիթ»-ի նման գիրքեր կ՛արծարծեն գոյութենական հարցեր, ինչպէս` ի՞նչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ, եւ այնպիսի ձեւով, որ կապ մը կը զգանք պատմութեան հետ:
«Մինչ հասակ կը նետենք, տեւաբար կը պեղենք աշխարհը եւ շատ յաճախ զայն կը հետազօտենք գրականութեան մէջ մեր հանդիպած տիպարներուն ճամբով, որովհետեւ անոնք մեզի կը պարգեւեն այնպիսի փորձառութիւն մը, որ միշտ չենք կրնար ապրիլ մեր առօրեայ կեանքին մէջ», կը բացատրէ Նիքոլայեւա:
Ան կ՛ըսէ, թէ մանուկներ մեծնալու ընթացքին կը սիրեն վերադառնալ նոյն գիրքերուն եւ դարձեալ կարդալ զանոնք, որովհետեւ, մինչ իրենք կը փոփոխութիւններ կ՛ապրին մեծնալով, «ամէն անգամ տարբեր կապ մը կը հաստատուի իրենց եւ իրենց նախասիրած գիրքին միջեւ, աւելի լաւ կը հասկնան զայն եւ աւելի նոյնացած կը զգան անոր տիպարներուն հետ»:
Աւելի դժուար է մանկական գիրք մը գրելը, քան` երկարապատում երեւակայական պատմութիւն մը, ինչպէս կ՛ըսէ ընդունուած տեսութիւնը, որովհետեւ մանկական գրականութեան հեղինակը պարտաւոր է այնպիսի ձեւով արտայայտել գաղափար մը, որ կարելի ըլլայ զայն տեւաբար վերստին մեկնաբանել կեանքի տարբեր հանգրուաններուն:
Նոյնիսկ չափահաս դառնալէ ետք նոր իմաստներ կը գտնենք մանկական գրականութեան մէջ:
Երբ Անտրէա Տել ամուսնացաւ Ռոպըրթի հետ, ան Էտուըրտ Լիրի «Տի աուլ էնտ տը փուսիքեթ» գիրքէն ընտրեց բանաստեղծութիւն մը, որուն ծանօթ էր իր մանկութեան օրերէն: Այժմ բանաստեղծութիւնը տարբեր իմաստներ ստացած էր` ամուսնութեան վերաբերող իր ակնարկութիւններով:
«Պարզապէս առիթ մըն էր ժպիտ մը պարգեւելու բոլորին: Բանաստեղծութիւնը ծանօթ էր շատերուն, եւ պատկերաւոր նկարագրութիւնները շատ կենդանի էին: Աւելի՛ն. կատուի սիրահար մըն եմ», կ՛ըսէ Տել:
Տել կը հաւատայ, թէ այս բանաստեղծութիւնը պիտի կարենայ բաժնել իր աղջկան հետ եւ կը յուսայ, որ օր մը ան իր կարգին զայն ընտրէ իբրեւ ընթերցանութեան հատուած` իր հարսանիքին առիթով:
«Մարդիկ սկսած են հեռանալ աւանդականէն: Անոնք կը սիրեն իրարու խառնել բաներ: Մեր հարսանիքին առիթով հնչեց «Սթար ուորզ»-ի երաժշտութենէն մաս մը», կ՛ըսէ Տել, որուն ամուսինը «Սթար ուորզ» ժապաւէններու սիրահար է:
«Մանկական գրականութիւնը շատ այլազան է: Մարդիկ քիչ մը աւելի հեռու կ՛ուղղեն իրենց հայեացքը եւ կը փորձեն իրենց հարսանիքը քիչ մը աւելի հետաքրքրական եւ հաճելի դարձնել իրենց համար»:
Հարսանիքի առիթով բրիտանացիներուն նախասիրած ընթերցումի նիւթերն են մանկական շարք մը գիրքեր, ինչպէս` «Կէս հաու մաչ այ լաւ եու», «Տը լիթըլ փրինս», «Ուինի-տը-Փուհ», «Տը վելվըթին ռապիթ», «Տը սիքրըթ կարտըն», «Օհ տը փլէյսըզ եու՛լ կօ»:
Վկայութիւն Մը
«Իմ հարսանիքիս առիթով ընտրեցի Էտուըրտ Լիրի «Տի աուլ էնտ տը փուսիքեթ» (բուն եւ փիսիկը) բանաստեղծութիւնը: Մտածեցինք, ընտրել բան մը, որուն ծանօթ էին բոլորը», կ՛ըսէ Ուիլիըմ Քրեմըր:
«Թէեւ բանաստեղծութեան մէջ յստակ չէ, թէ ի՛նչ սեռի կը պատկանին բուն եւ փիսիկը, սակայն կիներէն խնդրեցինք կարդալ փիսիկին խօսքերը, իսկ տղամարդիկ պիտի կարդային բուին բաժինը: Երբ դարձեալ կը կարդանք բանաստեղծութիւնը, կ՛անդրադառնաք, թէ որքա՛ն դժուար էր ասիկա»:
«Քանի մը տարի առաջ «Կէս հաու մաչ այ լաւ եու»-ն (գիտցիր որքան կը սիրեմ քեզ) կարդացի քրոջս ամուսնութեան առիթով, անոր հոգեզաւակին հետ (տեսնել նկարը): Անգամ մը եւս թատերական էր պահը, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը կը պահանջէ որոշ չափով ոստոստել եւ դէպի երկինք ուղղել նայուածքը»:




