Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսմանեան Կալուածագրերը` Նուէր Հայ Հարսերու

October 9, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Վերջերս Թուրքիոյ մէջ հոսկէ հոնկէ օրակարգի կը բերուին 1915-ի տեղահանութեան ընթացքին թալանուած հայկական ինչքերուն խնդիրը եւ թալանուած այդ կալուածներու թափուներուն (կալուածագրերուն Ա.) գաղտնի պահուած ըլլալու իրողութիւնը: Թաներ Աքչամ շատ դրական մերձեցում ունէր եւ կը պահանջէր, որ թափուները հրապարակուին ու դադրին պետական գաղտնիք նկատուելէ:

Նոյն նիւթի շուրջ յօդուած մըն ալ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ «Թաքվիմ»-ի կայքէջին վրայ, Մեհմեթ Չեթինկիւրեչի ստորագրութեամբ: Հոս ալ թալանուած ինչքերու մասին խօսք ունի Ագտենիզ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Իսրաֆիլ Քուրթչեպէ: Բայց այս վերջինը խնդիրին կը մօտենայ ժխտական կողմէն:

Յօդուածին մէջ կը կարդանք, որ Քուրթչեպէ յարգուած պատմաբան մըն է եւ շատ բան գիտէ հայոց մասին: Ան պատմած է, որ Հայաստանի մէջ կայացած հարսանիքներու ընթացքին հայրեր ու մայրեր իրենց հարսերուն որպէս նուէր կը յանձնեն օսմանեան շրջանի թափուներ: Ասոնք 1915-ին տեղահանութեան ենթարկուածներուն թողած կալուածներուն թափուներն են: Կը կարծուի, որ 2015 թուականին հայերը մէջտեղ պիտի հանեն այս կալուածաթուղթերը եւ իրաւունքներ պիտի պահանջեն: Գաղթողներուն ժառանգորդները պիտի ըսեն, որ իրենց ինչքերը ետ կ՛ուզեն:

Մենք մեր կողմէ դիտել տանք, որ յօդուածագիրը հոս միայն տեղահանութեան ենթարկուածներուն մասին կը խօսի, բնաւ խօսք չկայ սպաննուածներուն մասին: Այնուհանդերձ, յօդուածագիրը կը հարցնէ թէ Թուրքիա պատրա՞ստ է դիմագրաւելու հայերէ գալիք այսպիսի դիմումներ:

Հայերը կրնա՞ն արդիւնքի մը յանգիլ, եթէ յայտնուին նմանօրինակ դիմումներով: Ի՞նչ կը պատահի, եթէ վաղը հայերը գան իրենց ձեռքին մէջ ունենալով օսմանեան շրջանի թափուները եւ սկսին ետ պահանջել իրենց տուները, հողամասերը, այգիներն ու պարտէզները, կրնա՞ն զանոնք առնել այն մարդոց ձեռքէն, որոնք այս կալուածները կը գործածեն ներկայիս:

Քուրթչեպէ կը պատասխանէ, որ Թուրքիա պէտք է պատրաստուի: Գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան, պէտք է հիմնուին մարմիններ, որոնք այս խնդրով պիտի զբաղին: Պէտք է որ գործի լծենք առնուազն հայկական լոպիներու չափ ուժեղ լոպիներ: Պէտք է պատմենք, որ 1915-ին պատահածները ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ` պարտադիր տեղափոխութիւն: Ցեղասպանութիւնը ամբողջ ժողովուրդ մը մէջտեղէն վերցնել կը նշանակէ, մենք պէտք է պատմենք, որ 1915-ին պատահարները պարզապէս փոխադարձ բախումներու պատճառով գործադրուած անխուսափելի տեղափոխութիւն էին: Եթէ ասիկա չընենք, 2015-ին մեզ կը բռնեն անպատրաստ վիճակի մէջ: Օսմանեան թափուները միշտ ի զօրու են: Ուրեմն իրաւական ճամբաները բաց են: Թէ՛ ներսը, թէ՛ դուրսը: Արդէն կան դատեր, որոնք բացուած են Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի մէջ: 2015-ի սեմին այս դատերը հաւանաբար պիտի բազմանան:

Յօդուածագիրը կ՛եզրակացնէ` ըսելով, որ հայկական սփիւռքը կ՛ընէ հետեւեալ հաշիւը. «Մենք հազարաւոր տարիներէ ի վեր Անատոլուի մէջ կ՛ապրինք: Ոչի՛նչ մոռցած ենք: Գիտենք, թէ որտեղացի ենք: Շատ լաւ գիտենք, թէ ո՛ւր էին մեր պապերուն կալուածներն ու այգիները»:

Ուստի, եթէ Քուրթչեպէին լուսաբանութեան վրայ աւելցնենք նաեւ հայկական լոպիին պնդումները, յայտնի կը դառնայ, թէ ապագային ինչեր պիտի գան Թուրքիոյ գլխուն, կ՛ըսէ յօդուածագիրը:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչութեամբ Գայթակղութիւն` Թուրքական Ուղիղ Եթերում

Յաջորդը

«Ցեղասպանութիւնը Արտացոլուած Է Նաեւ Թրքական Իրաւական Հատորներու Մէջ». Ումիթ Քուրթ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.