Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անուղղայ Լաւատեսը

October 4, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ինք նոյնիսկ անհամեստօրէն կ՛ընդունէր իր մեծ ըլլալը. «Գիտեմ, որ պէտք եմ իմ ազգին, այս ազգի մեծերից մէկն էլ ես եմ, փոքր ազգը պէտք է մեծ մարդիկ ունենայ, ամէն ինչ անի, որ նման մարդիկ ունենայ», ըսած էր «Երկիր»-ի աշխատակից Կարինէ Յարութիւնեանին, այս տարուան յուլիս 15-ին (http://www.yerkir.am/am/news/53526.htm) :

Մեծ մարդ էր` արուեստագէտ, դերասան, մտաւորական, հայ: Քաղաքական մարդ կամ գործիչ չէր, չէր ուզած ըլլալ, հետաքրքրուած չէր: Պէտք էր տեսնել իր տառապանքը, երբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ իր դերակատարութիւնը մեծցնելու առաջին հրապարակային փորձը կատարեց` զինք նշանակելով անկախ հանրապետութեան առաջին նախագահական ընտրութիւններու իր թեկնածուն: Խորթ էր իրեն համար քաղաքական աշխարհը, խորթ էր քաղաքական մարդէն պահանջուած կենսաձեւը, այդ մշակոյթը: Հաւանաբար գիտէր, գիտակից էր, որ ինք դժուար թէ կարենար փոխել խորհրդային փտած համակարգէն ժառանգուած քաղաքական մշակոյթը: Բայց եւ այնպէս, լուռ համակերպուեցաւ կուսակցութեան որոշումին, մաշեցաւ ու վիրաւոր սիրտով դուրս եկաւ ընտրապայքարէն: Ախր ինք ժողովուրդին սիրելի դերասանն էր, արուեստագէտը, ինք կարիք չունէր ժողովրդականութեան մրցապայքարի մէջ մտնելու, ինք համայն ժողովուրդին սիրած նահապետն էր:

Կարելի է, անշուշտ, հասկնալ Դաշնակցութեան որոշումին դրդապատճառը: Անկախ Հայաստանի համար ազնիւ, ազգային, հարազատ կերպար մը` իբրեւ պետութեան գլուխ կանգնած մարդ տեսնելու, խորհրդային այլանդակ սովորութիւններուն դէմ պայքարի ահարկու զէնք մը փնտռելու մտադրութիւնն էր, որ մղեց այդ ժամանակի կուսակցական ղեկավարութիւնը կանգնելու Սօս Սարգսեանի թեկնածութեան կողքին:

Սօս Սարգսեան յաղթահարեց այդ պայքարէն ստացած ծանր հարուածը, դուրս եկաւ ճնշուած հոգեվիճակէն եւ յենելով իր ժողովուրդին ու անոր պայծառ ապագային հաւատալու անյողդողդ լաւատեսութեան վրայ` շարունակեց իր մշակութային գործունէութիւնը` ստեղծելով թատրոն, ղեկավարելով թատերական հիմնարկը, իր խօսքը չզլանալով ազգային հրատապ հարցերու մասին, միշտ նախընտրելով շեշտել ազգային նպատակները եւ խուսափելով ներազգային, հասարակական ցաւոտ խնդիրներու մէջ խիստ ըլլալէ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդէպ: Հաւատացած ենք, որ իր այդ խուսափումը կը բխէր հաշտեցման, կամրջումի գործիչ մնալու իր պատկերացումէն, այլ` ոչ խիզախութեան պակասէն:

Սօսի լաւատեսութիւնը, հաւանաբար, կը բխէր այն համոզումէն, որ հայ մարդը, ըլլայ ան քաղաքական գործիչ, ղեկավար կամ պարզ քաղաքացի, չի կրնար իր սեփական հայրենիքին վնասել, չի կրնար շարունակ սխալ ու վնասակար վարքագիծ որդեգրել, եւ ուշ կամ կանուխ, ամէն մարդ պիտի սրբագրէ ինքզինք ու դառնայ ազգին օգտակար անձ:

Կարդանք իր բառերը` վերոնշեալ հարցազրոյցէն. «Մեր ժողովուրդը դարձել է գանգատաբեր: Չի կարելի այսքան փնովել, շատ լաւ բաներ են կատարւում: Կիսատ-պռատ ըմբոշխնեցինք Արցախի պատերազմի մեր յաղթանակը, սակայն մինչեւ հիմա էլ չենք կարողանում հրճուել դրանով: Վերջին հաշուով, ամբողջ երկիրը հօ՛ սեւ գոյնով չէ պատուած: Կեանքը նուէր է մարդուն եւ ամէն մարդ պէտք է մտածի` այս ի՞նչ հրաշք է, որ ես կամ: Կառավարութեան մէջ կան շատ լաւ մարդիկ, բայց կան նաեւ վատերը, որոնց դէմ, այո՛, պայքարել է պէտք, բայց նաեւ լաւն է պէտք նկատել»:

Կ՛ափսոսանք այս մեծ կորուստը:

 

 

Նախորդը

32 Տարիներ Ետք…

Յաջորդը

Հայերը Հայաստանի Համար

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.