Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողովը

September 27, 2013
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի, տուաւ կարգ մը որոշումներ:

Նախ եւ առաջ յայտարարուեցաւ, որ Ապտալլա Ահմետ Ար իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աշխարհի երիտասարդներու 23 տարեկանէն վար հեծելարշաւի ախոյեանութեան:

Ֆետերասիոնին նախագահն ու ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Թոսքանայի մէջ (Իտալիա) ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Աշխարհի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին համագումարին եւ անոր նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն:

Յիշատակութեան արժանի է այն կէտը, որ Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան` Ասիոյ գօտիին մէջ 4-րդ դիրքը գրաւելէ ետք:

Որոշուեցաւ, որ Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերէ Արաբական աղջկանց հեծելարշաւի 11-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 6-11 հոկտեմբերին` Յորդանանի մէջ: Լիբանան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ մեծերու, երիտասարդներու եւ կրտսերներու արաբական ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 22-31 հոկտեմբերին` Պահրէյնի մէջ:

Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարը յատուկ զեկուցում մը ներկայացուց Նիսի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու 7-րդ խաղերուն մասին, որոնց ընթացքին Լիբանան տիրացաւ 3 ոսկի եւ 1 արծաթ մետալի:

Ահմետ Ատել Մրատ, Նիսի մէջ պատուիրակութեան նախագահին տուած ցուցմունքներուն ենթարկուած չըլլալուն պատճառով երկու տարիով կախակայուեցաւ տեղական, արաբական եւ միջազգային բոլոր տեսակի մրցաշարքերէն:

Իսկ վեցական ամիսով կախակայուեցան Ուիամ Եունես եւ Թրէյսի Խայյաթ:

Ֆետերասիոնը հրապարակեց շարքը այն մրցաշարքերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ երկու ամիսներուն` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

6 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի մրցում մը` Նահր Մոթէն Պաապտեթի մայրուղի: Անիկա պիտի ըլլայ ժամացոյցի դէմ մրցում մը:

13 հոկտեմբերին Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի պիտի ունենայ գոց վազքուղիի մրցում մը` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութ ակումբին, նուիրուած Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին:

3 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի բաժակի բաց մրցաշարքը` Պէյրութ – Աննայա եւ Մար Շարպել շրջանին մէջ:

Վերջապէս, 24 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի անկախութեան բաժակի մրցումը:

Նախորդը

Լեւոն Ջուլֆալակեան Ներկայացուց Ըմբշամարտի Աշխարհի Ախոյեանութեան Արդիւնքները

Յաջորդը

Անուանի Դերասան Սօս Սարգսեան Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.