Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Պատասխանատուութեան Մասին Նշանաւոր Փորձագէտի Վերջին Խօսքերը` Թուրքիոյ

September 23, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մօտենալուն զուգընթաց կ’աճի հասարակական հետաքրքրութիւնը Թուրքիոյ դէմ դատական հայց ներկայացնելու հարցով:

Միջազգային իրաւունքի փրոֆեսէօր Եուրի Բարսեղով այս ոլորտի յառաջադէմ փորձագէտներէն մէկն է, որ բազմաթիւ գիրքեր եւ յօդուածներ գրած է հայկական պահանջատիրութեան մասին: 2008 թուականին, իր մահէն օրեր առաջ, Մոսկուայէն փրոֆեսէօր Բարսեղով իր` «Յանցագործութեան համար պատասխանատուութեան կանչելու ուղիներու եւ եղանակներու մասին» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ համառօտ կերպով շարադրած է Թուրքիոյ դէմ դատական հայց ներկայացնելու հիմքերը:

Տոքթ. Բարսեղով կը պնդէր, որ 1920 թ. «Օսմանեան կայսրութիւնը ճանչցաւ այդ յանցագործութեան համար իր պատասխանատուութիւնը»` ստորագրելով Սեւրի պայմանագիրը, որ, ցաւօք, չվաւերացուեցաւ Դաշնակից տէրութիւններուն կողմէն Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու դժկամութեան պատճառով: Այդ ժամանակէն ի վեր, հակառակ անոր որ բազմաթիւ երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, փրոֆ. Բարսեղովի կարծիքով նման ճանաչումներ «չեն լուծեր [Թուրքիոյ] պատասխանատուութեան խնդիրը»:

Փրոֆ. Բարսեղով կը պնդէր, որ` «քանի դեռ Թուրքիան յամառօրէն կը շարունակէ հրաժարիլ ընդունելու, որ յանցագործութիւն կատարուած է, Հայոց ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութեան հարցը անհրաժեշտ է լուծել իրաւասու միջազգային մարմիններու միջոցով` նման որոշումներ պարտադիր դարձնելով երկու կողմերու [Հայաստան եւ Թուրքիա] համար»:

Տոքթ. Բարսեղով չէր հաւատար, որ ՄԱԿ-ը լաւագոյն միջոցն է Հայոց ցեղասպանութեան հարցի լուծման համար, քանի որ ան շատ քաղաքականացուած մարմին է: «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումները պարտադիր չեն համարուիր», իսկ  մեծ պետութիւնները, ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգներն ու Մեծ Բրիտանիան, Ապահովութեան խորհուրդին մէջ հաւանաբար կ’օգտագործեն վեթոյի իրենց իրաւունքը` Թուրքիոյ դէմ որեւէ գործողութիւն արգելափակելու համար: Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կանոնադրութեան հիման վրայ դատական գործի նախաձեռնելու խնդիրը այն է, որ Հայաստան եւ Թուրքիա պէտք է նախօրօք համաձայնին` ենթարկուելու դատարանի որոշումներուն: Այս երկիրներէն որեւէ  մէկը դեռ չէ ընդունած Արդարադատութեան միջազգային դատարանի պարտադիր իրաւազօրութիւնը: Քանի որ Թուրքիան, ամենայն հաւանականութեամբ, չի համաձայնիր նման իրաւազօրութեան ենթարկուելու, տոքթ.  Բարսեղով առաջարկած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, օգտուի «եզակի հնարաւորութենէն»` միակողմանիօրէն Հայոց ցեղասպանութեան համար Թուրքիոյ պատասխանատուութեան վերաբերեալ գործ յարուցել` «ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ անոր համար պատժելու մասին համաձայնագրի 9-րդ յօդուածին հիման վրայ»:

Տոքթ. Բարսեղով ափսոսանք յայտնած էր, որ որեւէ պատասխան չէ ստացած Հայաստանի կառավարութենէն, երբ քանի մը տարի առաջ այս հարցին վերաբերեալ Ռուսիոյ հայերու միութեան Միջազգային իրաւունքի եւ քաղաքագիտութեան հայկական հիմնարկը, զոր կը ղեկավարէր ան, ուսումնասիրութիւն ներկայացուցած էր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ արտաքին գործերու նախարար Վարդան Օսկանեանին:

Տոքթ. Բարսեղով բացատրած էր, որ` «այս դատական ընթացակարգով [յօդուած 9] գործ սկսելու համար, Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ձեւակերպէ իր դիրքորոշումը համաձայնագիրի մեկնաբանման, կիրարկման կամ իրականացման հարցերուն վերաբերեալ, անոր հիման վրայ թրքական պետութեան կողմէն կատարուած յանցագործութեան պատասխանատւութեան հարցին առնչութեամբ»:

Փրոֆ. Բարսեղով նախազգուշացուցած էր հայ պաշտօնեաները, որ` «միջազգային իրաւունքի մէջ կը գործէ այն դրոյթը, որ հաստատուած է Միջազգային դատարանի կողմէն այլ դէպքերով, ըստ որուն, եթէ պետութիւն մը հայց ներկայացնելու հնարաւորութիւն ունի, սակայն չ՛ըներ այդ, կը նշանակէ, որ ան համաձայն է գոյութիւն ունեցող իրավիճակին հետ»:

Տոքթ. Բարսեղով կը փորձէր փարատել հայկական այն հնարաւոր մտավախութիւնը, որ Միջազգային դատարանը կրնայ առարկել նման գործ ներկայացնելու համար` առնչուած Ցեղասպանութեան համաձայնագրի յետադարձ գործողութեան հարցերուն հետ: Ան խոր համոզում յայտնած էր, որ համաձայնագիրը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, հակառակ որ ան նախորդած է համաձայնագրին: Միջազգային դատարանը 1951-ին իր Խորհդատուական եզրակացութեան մէջ նշած էր. «Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագրի մէջ ամրագրուած սկզբունքները, ի տարբերութիւն անոր մէջ սահմանուած պայմանագրային պարտաւորութիւններու, այդ սարսափելի յանցագործութիւններու կատարման ժամանակ արդէն իսկ սովորութային միջազգային իրաւունքի մաս կը կազմէին»:

Փրոֆ. Բարսեղով նշած է, որ համաձայնագիրի յետադարձ ուժը հիմնաւորող  փաստարկները կ՛արծարծուին Միջազգային դատարանի կողմէն, որ` «երկու անգամ իրաւասու, սպառիչ բացատրութիւններ տուած է համաձայնագրի կիրառելիութեան սկզբունքային, հիմնական հարցերուն, ինչպէս նաեւ` անոր յետադարձ ուժին վերաբերեալ»: Փրոֆ. Բարսեղով այս կանոններուն հիման վրայ եզրակացուցած է. «Համաձայնագիրը կը տարածուի նաեւ նախապէս կատարուած յանցագործութիւններուն վրայ, որոնց հետեւանքները վերացուած չեն»:

Ինչպէս յայտարարուեցաւ վերջերս Երեւանի մէջ կայացած համաժողովի մը ժամանակ, Հայաստանի կառավարութիւնը ձեւաւորած է աշխատանքային խումբ` պատրաստելու համար թղթածրար, որով Թուրքիոյ դէմ հայց պիտի ներկայացուի միջազգային դատարաններուն: Փրոֆ. Բարսեղովի եւ այլ մասնագէտներու խորհուրդը պէտք է երաշխաւորէ, որ դատական գործը պատշաճ կերպով նախապատրաստուած է եւ ներկայացուած, որպէսզի ձեռք բերուի երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած արդարութիւն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

«Ազրպէյճանի Հասարակութիւնը Եւ Ընդդիմութիւնը Զրկուած Են Սահմանադրական Իրաւունքներից». Թաթուլ Յակոբեանի Զրոյցը Ազրպէյճանի Յայտնի Քաղաքագէտ Զարտուշթ Ալիզատէի Հետ

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Հայաստանի Պատմական Հողերէն` Մուսալեռի Խրոխտ Սարերուն…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.