Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Բարձր Պահենք Անկախութեան Ամրապնդումի Ոգին

September 23, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

* Ի Սպաս Կայուն Եւ Զարգացող Հայաստանի

* Ի Սպաս Հայութեան Շահերու Պաշտպանութեան

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման տօնը` 21 սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէին տարեդարձը 22-րդ տարին ըլլալով կը դիմաւորենք:

Այսօր, աւելի քան երբեք, ազգային կայացած պետականութիւն ապահոված ըլլալու հպարտութեան ու պարծանքի զգացումով է, որ կ՛անդրադառնանք 22-ամեայ անցեալ ունեցող թուականին` գիտակցելով դժուար անցած ուղիին, գիտակցելով մեր առջեւ դեռ գալիք դժուարութիւններուն, բայց նաեւ` գիտակցելով մեր ազգի մեծագոյն նուաճման արժէքին եւ ուժականութեան:

Խորհրդային փլուզուող կայսրութենէն մինչեւ եւրոպական չափանիշներով յատկանշուած տնտեսութեան անցումը դիւրին չեղաւ: Մեր ժողովուրդը ժառանգեց անդամալոյծ եւ սնանկացած տնտեսութիւն մը, որ ընկերութեան մէջ իրեն հետ բերաւ տարբեր տեսակի երեւոյթներ:

Անխուսափելիօրէն այդպէս փոփոխուող ընկերութեան մէջ լուրջ հետեւանք ունեցան նորանկախ մեր պետականութեան ղեկավարութեան գործած քաղաքական եւ ընկերատնտեսական սխալները, որոնց պատճառով անարդարութիւն տիրեց հայրենի ժողովուրդի կեանքին մէջ, բոլորիս շատ ծանօթ` բնակչութեան տաս առ հարիւրի արտագաղթի տխուր վիճակը ստեղծելով: Երեւոյթ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Երեւոյթ, որ կը պարտադրէ իր երեսը եւ բոլորս կը մղէ այս կացութեան առաջքը առնելու մասին մշակուած քայլերու ձեռնարկելու:

Պարզ չէ ուղղել կացութիւնը: Մէկ կողմ` պետութիւնը կը շեշտէ համայն հայութիւնը համախմբելու գործը` իր ուժին անփոխարինելի աղբիւրը տեսնելով բոլորի միաւորման եւ արտաքին դժուարութիւններու դէմ միակամ կեցուածքին մէջ, միւս կողմէ` նոյնինքն հայկական ընկերութիւնը կը շարունակէ իր մէջ յամեցող դժուարութիւններով ընթանալ:

Ունինք չքնաղ հայրենիք, որուն անկախացումէն 22 տարիներ անցած են, բայց ծանրօրէն կը շարունակէ դիմագրաւել անգործութիւնը, ընկերային անապահովութիւնը եւ քաղաքական կեանքի առանձնաշնորհեալներու սանձարձակութիւնը…

Ունինք չքնաղ հայրենիք, որուն պաշտպանութիւնը համազգային մեր ուժի համախմբումը կը պարտադրէ:

Մեր հայրենիքը ենթակայ է միջազգային փոթորկոտ քաղաքական իրավիճակի պայմաններուն: Շրջապատուած է թշնամիներով, իսկ թրքական եւ ազերիական ճնշումներուն ենթակայ է միջազգային քաղաքական շրջանակներուն մէջ: Ի՛նչ խօսք, որ մենք ամուր դիւանագիտութեան եւ ճիշդ քայլերու կարիքը ունինք, եւ այդ գծով կարեւոր է գնահատել պետութեան գործին նպաստող բոլոր ուժերուն ջանքերը:

Մեր հայրենիքին սահմանները ենթակայ են ազրպէյճանցիներու խախտումներուն եւ գրգռութիւններուն, որոնք օրէ օր վտանգի կ՛ենթարկեն Հայաստանի ու Արցախի զինուած ուժերուն մէջ ծառայող երիտասարդ սերունդը:

Մեր հայրենիքի տարածաշրջանային գոյութեան ծիրէն ներս կը դիմագրաւուի Ռուսիոյ նախաձեռնած մաքսային միութեան միանալու գործընթացը: Մեր պարագային յստակ է, որ տնտեսական որեւէ համարկում պէտք է յստակ երաշխիքներ տայ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն անվտանգութեան պահպանման ու ամրապնդման եւ տնտեսական ապահով զարգացման համար:

Իսկ ներքին իմաստով, մեր հայրենիքը օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ սուրահայութեան` խաղաղ ապաստան դառնալով մեր ժողովուրդի հալածուած բաժնին: Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ազգի զաւակները նման դաժան փորձառութեան հետքերը իրենց ուսերուն եւ հոգիներուն վրայ կը կրեն դեռ, 100-ամեակի նշումէն հազիւ երկու տարի առաջ:

Յատկապէս Հայաստանի անկախութեան վերականգնման տօնին` 21 սեպտեմբերի 22-րդ տարեդարձին առիթով, անդրադառնալով մեր առջեւ գտնուող մարտահրաւէրներուն, կ՛ուզենք շեշտել անկախութեան ամրապնդումի ոգին բարձր պահելու անհրաժեշտութիւնը` ի սպաս կայուն եւ զարգացող Հայաստանի, ընդմիշտ ի սպաս` հայութեան շահերու պաշտպանութեան:

Նախորդը

Ի՞նչ Է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Առանցքը Առաջարկ` Եպիսկոպոսական Ժողովին

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յետանկախութեան Առկախ Կացութիւն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.