Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մշակոյթը Անկման Մէջ Է, Պէտք Է Սթափիլ

September 20, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Վերջերս «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար եւ հիմնադիր Գագիկ Կինոսեան հարցազրոյց մը տուաւ «Թերթ.էյ.էմ» կայքէջին: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ որդեգրուած մշակութային քաղաքականութեան` զայն որակելով հակամշակոյթ եւ օտարպետութիւններուն կողմէ պատուիրուած:

Անդրադառնալով «Հայաստանի ձայնը» պատկերասփիւռային յայտագիրին, որուն դատական կազմին անդամ է երգիչ Արմենչիքը, Գագիկ Կինոսեան ընդգծեց, որ այսպիսի հաղորդաշարեր ներմուծուած միջոցներ են հայկական-ակադեմական մշակոյթը ոչնչացնելու համար: Կինոսեան շեշտեց, որ այս յայտագիրները կը հերքեն երաժշտական կրթութեան գիտականութիւնը, երբ մանուկ մը կամ երիտասարդ մը «կախարդական փայտիկով» մը կը դառնայ մասնագէտ: Այդ երիտասարդները կը մտածեն, թէ կարիքը չկայ տարիներ շարունակ ուսանիլ երգիչ կամ յօրինող դառնալու համար, երբ քանի մը ամսուան ընթացքին կրնան յայտագիրի մը միջոցով հանրածանօթ դառնալ, համերգներ տալ, արտասահմանեան շրջագայութիւններ կատարել:

Ըստ Կինոսեանի, Հայաստան պէտք է ունենայ իր մշակութային քաղաքականութիւնը, եւ մշակոյթը ընդունուի իբրեւ գերակայ մարզ եւ ազգային ապահովութեան կարեւորագոյն հիմնահարցեր մէկը: «Կարին» երգի-պարի համոյթի ղեկավարը հաստատեց, որ Հայաստանի մէջ հայկական մշակոյթի բռնագրաւում տեղի կ՛ունենայ: Կինոսեան հարցուց, թէ ինչո՞ւ երեսփոխաններուն եւ կուսակցութիւններուն օրէնքով արգիլուած է օտար գումարներ ստանալ, այն մտահոգութեամբ, որ անոնք դուրսէն թելադրուած քաղաքականութիւն չվարեն, մինչդեռ մշակոյթի մարդիկ չստուգուած տնտեսական աղբիւրներ կ՛ունենան: Կինոսեան զարմանք կը յայտնէ, որ անաղարտ մշակոյթը, Կոմիտասը, Կոմիտասի մեկնաբաններ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ արտերկրի մէջ հովանաւորներ չեն գտներ, համերգներ չեն կազմակերպեր:

Կինոսեան հայկական մշակոյթին նկատմամբ անարգանք կը համարէ հայկական տօներու ընթացքին հայ երգիչներու անիմաստ երգերը եւ օտար երգիչներու ներկայութիւնը: Ան կ՛այպանէ երկրին բարձրաստիճան պաշտօնատարները, որոնք կը քաջալերեն այսպիսի երեւոյթներ եւ իրենց զայրոյթը չեն յայտներ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստան պաշտօնական այցելութիւններ կատարող հիւրերուն հրամցուած մշակոյթին, Կինոսեան ըսաւ հետեւեալը. «նախորդ նախագահը իր հիւրերը կը տանէր ճազ լսելու. մեռա՞ծ է այս ազգը, ո՛չ Կոմիտաս ունի, ո՛չ Արամ Խաչատրեան, ո՛չ Եկմալեան: Բոլոր ազգերը երանի կու տան, որ Ե. դարու Մաշտոցի շարականներ ունենան, ազգ ներկայացնեն եւ ըսեն` «ասիկա մենք ենք` Ե. դարուն»: Իսկ մենք խեղկատակութիւն կ՛ընենք, կը տանինք ճազ լսելու…»:

Կինոսեանի ապրած տագնապը կ՛ապրինք նաեւ մենք: Կը նկատենք Հայաստանի մէջ հետզհետէ նուազող հայկական մշակոյթի ներկայացումը եւ աճիլը ամերիկեան, ռուսական մշակոյթներուն` իրենց գործած աւերներով միասին: «Հ1» պատկերասփիւռի կայանին սփռած «Երգ երգոց» յայտագիրը կը համարուի այն հազուագիւտ հաղորդաշարերէն, որոնք վառ կը պահեն մեր մշակոյթը եւ առիթ կու տան մեզի ըմբոշխնելու մոռացութեան մատնուած երգերը: Մշակոյթը կը համարուի ազգի մը ինքնութիւնը, դիմագիծը, սակայն ազգը կը կործանի, երբ մշակոյթը անհետանայ: Երկրին մէջ տիրող ամերիկաբարոյ, ռուսաբարոյ մշակոյթի, նկատմամբ սէրը լուսանցքի մէջ կը ձգէ պատմութեան մէջ ուրոյն դրոշմ ձգած եւ անմահացած հանճարներուն մշակոյթը: Պետութեան եւ պատասխանատու անձերուն ուղղուած կոչերը կը մնան անպատասխան, եւ պարտադրուած մշակութային քաղաքականութիւնն է, որ կը յաղթէ եւ կամաց կամաց կուլ կուտայ հայկական մշակոյթը:

Փոխադրամիջոցներու սակերու բարձրացման, համալսարանական կրթաթոշակներու յաւելման եւ այլ նման խնդիրներու դէմ բողոքի կողքին,  նոյնքան անհրաժեշտ կը նկատուի մշակոյթի համար տարուող պայքարը:

Հետեւաբար պարտաւորութիւնը կը մնայ երիտասարդութեան, նոր սերունդին վրայ, որոնք Կինոսեանի նման պայքարողներուն հետ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն` վերածաղկեցնելու եւ տարածելու մեր դարաւոր հարուստ մշակոյթը:

 

 

Նախորդը

«Նոր Պտոյտներ, Նոր Դէմքեր» (Հեղինակ` Արամ Գամպուրեան)

Յաջորդը

Փակուղային Իրավիճակից Դուրս Գալու Միակ Ելքը ԼՂՀ-ի Միջազգային Ճանաչումն Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.