Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոր Պտոյտներ, Նոր Դէմքեր» (Հեղինակ` Արամ Գամպուրեան)

September 20, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2013-ին, Պոլիս, «Մարմարա-Մուրատ» օֆսեթ» տպարանէն լոյս տեսաւ պոլսահայ տաղանդաւոր գրագէտ Արամ Գամպուրեանի «Նոր պտոյտներ, նոր դէմքեր» խորագրեալ հատորը:

Սոյն գործը կը բաղկանայ 382 էջերէ եւ ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը`

«Նախաբան»,
«Երկու խօսք»,
«Նոր պտոյտներ»,
«Թարգմանութիւններ»,
«Եթովպիական»,
«Նոր դէմքեր»:

Արամ Գամպուրեան ծնած է 15 Յունուար 1926-ին, Պոլիս: Յաճախած է Լուսաւորչեան մանկապարտէզը Ազնիւ եւ Սաթենիկ Դպիրեան քոյրերու շրջանին, յետոյ «Նոր դպրոց» Յովհաննէս Թ. Հինդլեանի տնօրէնութեան օրերուն:

Միջնակարգ եւ լիսէի ուսումը ստացած է Վիեննական մխիթարեան վարժարանին մէջ (Հմայեակ ծ. վրդ. Համբարեանի եւ Կարապետ Քիւրքճեանի շրջան), զոր աւարտած է 1944-ին: Նոյն տարին մուտք գործած է Պոլսոյ թեքնիք համալսարան, ուրկէ վկայուած է 1950 փետրուարին` որպէս ճարտարապետ:

Աշխատած է պեթոն արմէ շէնքերու ծրագրաւորման մարզին մէջ: 1961-1978 թուականներու միջեւ իր ասպարէզին քովն ի վեր պաշտօնավարած է Էսայեան լիսէի մէջ` որպէս երկրաչափութեան դասախօս:

1974-էն ի վեր կ՛անդամակցի Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան, ուր ստանձնած է ատենադպիրի պաշտօնը:

2002-ին հրատարակուած է իր     ճամբորդական տպաւորութիւններու առաջին գիրքը` «Ուխտագնացութիւններ եւ ուղեւորութիւններ» անուան տակ:

2005-ին լոյս տեսաւ իր երկրորդ գիրքը` «Ճամբարներ նոր ու անվերջանալի»:

2008-ին հեղինակը հրապարակ հանեց իր երրորդ գիրքը` «Թարգմանութիւններ եւ ուղեւորութիւններ»:

Արամ Գամպուրեանի «Նոր պտոյտներ» խորագրեալ հատորի նախաբանին մէջ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետը` Ռոպէր Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ Գամպուրեանին գրական գործերը կարդալ` կը նշանակէ պտոյտներ ընել հեղինակին հետ հրաշալիքներով լեցուն աշխարհի մը մէջ: Թէ` Արամ Գամպուրեան պտոյտի ախոյեան մըն է, բայց` անսովոր վայրերու վրայ պտտող ախոյեան»: Ան գիտէ ընթերցողները գեղեցիկ լեռնալանջեր կամ պատմական շքեղ ամրոցներ առաջնորդելու գաղտնիքները:

Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ Գամպուրեան հմուտ ու վարպետ թարգմանիչ մըն է, որ ճարտարօրէն կը հարստացնէ հայ լեզուն` օտար մամուլէ կատարելով թարգմանութիւններ: Թէ` ան գիտէ հայերէն վճիտ ու մաքուր նախադասութիւններով շարահիւսել իր գաղափարները:

Հատորին առաջին բաժինով Արամ Գամպուրեան կը կատարէ պատմաբանասիրական կարեւորութիւն ունեցող շրջապտոյտներ` դէպի աշխարհի չորս ծագերը:

Վերոյիշեալ պտոյտներուն մէջ առաջինը այն շրջապտոյտն է, երբ իր զարմուհին` Արփիկ, կը հրաւիրէ զինք դէպի Արագածի բարձունքները: Սոյն շրջապտոյտը պիտի տեւէ ինը ժամ, որուն ընթացքին հանրաշարժով պիտի ուղղուին դէպի Հայաստանի բարձրագոյն լեռը: Պիտի տեսնեն Քարի լիճը, Տիեզերական ճառագայթներու հետազօտման կայանը:

Սեպտեմբերի առաջին շաբաթն է: Կ՛անցնին Բիւրականի մօտէն: Ջրառատ են Արագածի լանջերը, ուր կը տեսնուին առուակներ: Ոստոստուն այծեր եւ ոչխարներ կը խափանեն իրենց ճամբան:

Հեռուն կը նշմարուի Ամբերդի ամրոցին խրոխտ կառոյցը: Ուղեւորները հասած են 3200 մեթր բարձրութեան, մօտեցած են ճամբուն վերջաւորութեան, ուր կը յայտնուի Քարի լիճը: Կը շրջին լիճին եզերքը, ուր կը քաղեն վայրի անանուխ, խորհելով, որ օգտակար է մարսողական համակարգին:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Ամբերդ եւ Արքաշէն գետակներուն միջեւ ժայռի զանգուածի մը վրայ կանգնած է Ամբերդ ամրոց-դղեակին համալիրը` իր եկեղեցիով, մատուռով, բաղնիքով եւ ջրամբարներով. աշխարհագրական տեսակէտէ դժուարամատչելի դիրքի վրայ: Գամպուրեան կ՛ըսէ, թէ հինգ հեկտար տարածութեամբ եւ եռանկիւնաձեւ հողամասը, որուն վրայ է ամբողջ Բերդաքաղաքը, հիւսիսէն եւ հարաւէն պաշտպանուած է Ամբերդի եւ Արքաշէնի անդնդախոր ձորերով:

Միջնադարեան Հայաստանի այդ պատմական դղեակէն մնացեր են չորս պատեր միայն այսօր, որուն յատակագիծի վրայ բարձրացող աշտարակները, կը յիշեցնեն իր անցեալի վեհութիւնը:

Բերդաքաղաքին ծայրը կանգնած է Ամբերդի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, զոր կառուցեր է Անիի պաշտպանութեան կազմակերպիչ իշխան Վահրամ Պահլաւունի, 1026-ին:

Գամպուրեան կ՛ըսէ, թէ ուղեւորները Ամբերդէն կը վերադառնան տուն` դիտելով Արարատեան դաշտն ու վայելելով իրիկնային գաղջութիւնը:

Դէպի Հայաստան իր այցելութեան յաջորդ հանգրուանին հեղինակը կը մտադրէ իր մօտիկ հարազատներուն հետ երթալ Ջերմուկ, որ երեւելի վայր մըն է իր հանքային ջուրերով, դարմանատուներով ու իր առողջարար օդով: Ջերմուկ կը գտնուի 173 քմ. հեռու Երեւանէն: Երբ որոշեալ օրը ճամբայ կ՛ելլեն, կը տեսնեն, թէ Երեւանէն մինչեւ Ջերմուկ տեւած է աւելի քան երեք ժամ: Երբ կ՛իջնեն ինքնաշարժէն, կը տեսնեն իրենց շուրջ հիմնական տուեալներով օժտուած ընդարձակ զբօսայգի մը, ուր կան խնամուած ծաղկազարդ կանաչ տարածութիւններ, ծառերով եզերուած մաքուր ճեմավայրեր, լճակ մը` բադիկներով, ջրվէժներ, աւազաններ` ցայտաղբիւրներով եւ այս ամէնը` երեք կողմէն շրջապատուած անտառապատ լեռներով: Պայծառ է երկինքը եւ արեւաշող: Այդ շրջապատին մէջ ցրուած են առողջարաններ, պանդոկներ, սրճարաններ-ճաշարաններ: Պահ մը շունչ մը առնելու, կազդուրուելու, իրենց շուրջ-բոլորը` դիտելու համար կը նստին սրճարանի մը սարփինային տակ: Մաքուր եւ ծաղիկներու անուշ բուրմունքով յագեցած է օդը: Իրենց մօտ է «Արմենիա» պանդոկը, ուր օգոստոսի երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ ճատրակի համաշխարհային ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի ծննդեան 80-ամեակին, ձօնուած Ֆիտէ-կրան փրի ճատրակի մրցաշարքը:

Ջերմուկ ջրառատ բնակավայր է, որուն տարածքին կը բխին սառնորակ ու տաք աղբիւրներ, յատկապէս նշանաւոր են բուժիչ, թիւով քառասուն տաք, քիմիական հարուստ բաղադրութեամբ աղբիւրները: Արդիւնաբերական ձեռնարկ մըն է հանքային ջուրերու գործարանը, ուր տարեկան 100 միլիոն շիշ կը լեցուի «Ջերմուկ»-ով, հայաստանեան սեղաններու անզանցառելի խմիչքներէն մին, նաեւ` արտածուելով բազմաթիւ երկիրներ:

Այս գեղեցիկ շրջապտոյտը վերջ կը գտնէ, երբ ուղեւորները կ՛այցելեն պարզ պայմաններով գործող ճաշարան մը, ուր կը ճաշակեն խաշած թարմ կարմրախայտ, պէսպիսուն խոտեր եւ լաւաշ հաց` ունկնդրելով միաժամանակ զուարթառատ կարկաչը Արփա չքնաղ գետակին:

Հատորին երրորդ բաժինով հեղինակը գերմանական ամսագիրներէ կատարած է կարգ մը թարգմանութիւններ, որոնք յաւելեալ նպաստ մը կը բերեն հայ թարգմանչական արուեստին, ինչպէս` «Յիսուսի խօսած լեզուով», «Խաչի ճամբան» եւ այլն:

Թարգմանչական աշխատանքի ճամբով Արամ Գամպուրեան Ա. Աշխարհամարտէն ետք հայացուցած է բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք առհասարակ կը վերաբերին Եթովպիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող քրիստոնէական եկեղեցիներուն: Հեղինակին կողմէ հայացուած այս գրութիւնները կը համակեն ընթերցողներուն սիրտերը` հոգեկան վարակիչ ապրումներով: Սոյն յօդուածներու շարքին կը դասուին «Լալիպելա թագաւորին ժայռափոր եկեղեցիները» «Հաւատքի ձօնուած գագաթ մը Եթովպիոյ մէջ» եւ այլն:

Հատորը կ՛աւարտի «Նոր դէմքերր խորագրեալ բաժինով, ուր Արամ Գամպուրեան կը ներկայացնէ այն հայազգի անձնաւորութիւնները, որոնք մեծ ծառայութիւն մատուցած են Հայաստանի մշակոյթին: Անոնց շարքին կը գտնուին ճարտարապետ փրոֆ. Վարազդատ Յարութիւնեան, Ալեքսանդր Մանթաշեանց եւ այլն:

Արամ Գամպուրեանի «Նոր պտոյտներ, նոր դէմքեր» խորագրեալ գործը գեղեցիկ իրագործում մըն է, որ կը կարդացուի հետաքրքրութեամբ:

Սեպ. 2013
Պէյրութ

 

 

Նախորդը

Արձագանգ. Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան»-ներու Գնահատելի Հրատարակութիւնները

Յաջորդը

Ակնարկ. Մշակոյթը Անկման Մէջ Է, Պէտք Է Սթափիլ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.