Թուրքիոյ Ողիմպիական կոմիտէն, որ իր ամբողջ ուժը կեդրոնացուցած էր երկիրը 2020 թուականի Ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող երկիրը հռչակուելու հեռանկարին, աշխատանքի կոչած է այդ նոյն հրապարակագրական ընկերութիւնը, որ 1978-ին Արժանթինի զինուորական բռնակալ կառավարութեան օժանդակած էր անոր «պատկերը մաքրելու» համար:
«Պուրսոն-Մարսթելլեր» հանրային յարաբերութեանց միջազգային գործակալութիւնը այդ օրերուն մշակած էր «Արժանթինցիներս ուղիղ եւ մարդկային ենք» տխրահռչակ լոզունգը` առ ի պատասխան «Մարդկային իրաւանց բռնակալութեան դէմ միջազգային բողոքներուն»` ըստ զինուորական կառավարութեան ժամանակ պաշտօնական հրապարակագրական միջոցներու մասին Ռուպեն Մորալեսի կողմէ պատրաստած ուսումնասիրութեան: Նշեալ զեկոյցին համաձայն, ընկերութիւնը նոյնպէս աշխատանք տարած էր «վերապրողներուն, արտաքսուածներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ զոհերուն ամբաստանութիւնները ժխտելու համար, տրուած ըլլալով, որ անոնք արդէն տարածուած էին աշխարհի տարածքին»:
Արժանթինի լայնատարած «Փախինա/12» օրաթերթի իր սիւնակներէն մէկուն մէջ լրագրող Հորասիօ Վերպիցքի բացատրեց, թէ սոյն ընկերութեան նպատակն է` «իր յաճախորդներուն պատմութիւնը ներկայացնել` հարկադրելով անոնց քննադատողներուն, խորհրդարանականներուն, առեւտրականներուն, յաճախորդներուն եւ կամ պաշտօնեաներուն վրայ»:
Թուրքիոյ կողմէ Արժանթինի բռնակալ վերջին զինուորական կառավարութեան հետ համագործակցող նոյն ընկերութիւնը օգտագործելու տեղեկութիւնը տարածուեցաւ այդ երկրին դէմ հայ համայնքին կողմէ կատարուած քննադատութիւններուն ծիրին մէջ, որով թրքական իշխանութիւնները կ՛ամբաստանուին մարդկային իրաւանց բռնաբարումները, լրագրողներու բանտարկութիւնները, Թաքսիմ հրապարակի խաղաղ ցուցարարներու դէմ ճնշումները գործադրելու մէջ, ինչպէս նաեւ` 1915/1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտելուն` օգտագործելով Ողիմպիական խաղերու առիթը:
