
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ արդարադատութեան նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան աւելի քան 300 աշխատակիցներուն հետ եւ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու շարունակականութեան ռազմավարութեան, Հայաստանի` Մաքսային միութեան միանալու ընթացակարգային խնդիրներուն:
«Մենք մտած ենք հանգրուան մը, երբ պէտք է մեր ջանքերը աւելցնենք», յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան: «Մէկ կողմէ մենք պէտք է բարեփոխումները շարունակենք` հասցնենք տրամաբանական աւարտին, միւս կողմէ ալ պէտք է կարենանք նոր հոլովոյթը, որ սկսած ենք Մաքսային միութեան հետ, առաջ տանիլ: Մենք հսկայական աշխատանք ունինք կատարելիք` մինչեւ 50 լուրջ փաստաթուղթեր պէտք է տանինք Ազգային ժողով: Իսկ այդ փաստաթուղթերուն պատրաստութեան հիմնական բեռը եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներ ձեր վրայ պիտի ըլլայ»:
«Այսինքն` մենք հիմա պէտք է մեր աշխատանքի ժամանակն ալ երկարենք, աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնն ալ բարձրացնենք», նշեց հանրապետութեան նախագահը:
Ընդգծելով, որ արդէն բաւական մանրամասն խօսած է 1 յունուար 2014-էն սկսեալ պիւտճէական աշխատավարձերու անընդհատ աւելացման պետական քաղաքականութեան մասին, նախագահ Սերժ Սարգսեան շեշտեց, որ երեք տարուան կտրուածքով բաւական էական յաւելումներուն մասին է խօսքը: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ այս քաղաքականութեամբ, ինչպէս նաեւ պետական ծառայողներու ընկերային խնդիրներու լուծման միտուած միւս բոլոր ծրագիրներուն ծրարով, արդարադատութեան նախարարութեան համակարգին մէջ աշխատանքը շատ արագ մրցունակ պիտի դառնայ սեփական հատուածին համեմատ:


