Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաճի Մարին (Մարի Քէօյլեանի Յիշատակին)

September 7, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մարի Քէօյլեան

Ծանօթ է ամէնուն, թաղեցիներուն ու նոր մարաշցիներուն` Հաճի Մարի անունով: Իր երիտասարդութեան տարիներէն զինք կոչած էին Հաճի Մարի` իբրեւ տեսակ մը փաղաքշանք հարազատներու կողմէ, որովհետեւ մանուկ հասակին գացած էր Երուսաղէմ:

Տարիներու թաւալումին հետ այս մակդիրը կը վերածուի յանգանքի հոմանիշի: Մնայուն տիտղոս մը, որուն արժանի եղաւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Ծնած էր մարաշցի կաթողիկէ Խալխովեան ընտանիքին մէջ, ամուսնացաւ հայ առաքելական, մարաշցի Քէօյլեան ընտանիքի զաւակին` Աբրահամի հետ: Ունեցան երեք զաւակ` Արշօ, Յարութ եւ Էլօ:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դարպասին դիմացի տան մէջ կը բնակէր: Առաւօտ եւ երեկոյ Մարին կը լսէր եկեղեցւոյ կոչնակին ղօղանջը: Մանկութենէն հաւատացեալ ընտանիքի աղջիկ` սիրեց եկեղեցին, ու «մէկ ոտքը մնաց հոն»:

Հարկ չկայ շեշտելու, թէ ան եղաւ եկեղեցւոյ հաւատարիմ ծառայող: Անդամ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին, ապա տարիներու հոլովոյթին հետ` այս յանձնախումբին նուիրեալ ծառայութեան համար Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը զինք պարգեւատրեց ու մեծարեց ոսկեայ մետալով:

Հաճի Մարի եղաւ իր արմատներուն կապուած հայուհին: Եղաւ հաւատաւոր անդամը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աշխէն» մասնաճիւղին (Նոր Մարաշ – Կիլիկիա շրջան): Առանց բացառութեան` ներկայ կ՛ըլլար մասնաճիւղի ժողովներուն եւ ձեռնարկներուն: Ոչ միայն ներկայ կ՛ըլլար, այլեւ գործօն մասնակցութիւն կը բերէր կազմակերպական աշխատանքներուն:

Հաճի Մարիին միութենական երկարատեւ կեանքը փայլեցաւ նաեւ Մարաշի հայրենակցական միութեան տիկնանց  յանձնախումբին մէջ: Մնայուն ծառայութիւն մը` կազմակերպական թէ ձեռնարկներու աշխատանքներուն, ատենապետուհիի հանգամանքով: Իբրեւ աւանդապահ հայուհի`  ջանք չէր խնայեր, որ Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքի ընտանեկան, ընկերային եւ խոհանոցային ժառանգութիւնները մնային անխախտ: Այս կապակցութեամբ մասնագէտ էր հայկական ազգային թէ մասնաւորաբար մարաշցիներուն ճաշերուն: Նոյնիսկ իր տան մէջ կը պատրաստէր զանոնք` իբրեւ փոխանցում նոր սերունդի իր հայրենակիցներուն եւ ԼՕԽ-ականներուն:

Ամէն Նոր տարին, Մարաշի հայրենակցական միութեան հրատարակած օրացոյցները կը բաժնէր կամաւորի կարգով, իւրաքանչիւր մարաշցի ընտանիքին: Այդ յոգնութիւնը յանձն կ՛առնէր, որպէսզի ոչ մէկ հայրենակից զրկուէր միութեան նուիրած օրացոյցներէն, ուր իր կորսնցուցած հայրենի Կիլիկիոյ բարքերը եւ մշակոյթը կը յիշեցնէին ենթակային հաւատալ «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա»-ի հաւատքով:

Հաճի Մարին ուշադիր էր նաեւ իր թաղամասի ընտանիքներուն կարիքաւորներուն: Անոնց մասին կը տեղեկացնէր Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամներուն, Մարաշցի հայրենակցական միութեան վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութեան` ձեւով մը օգտակար ըլլալու խնդրոյ առարկայ հիւանդին, կրթաթոշակի կարիքը ունեցող աշակերտին կամ անտէր ծերունիի մը: Հաճի Մարին ապրեցաւ այս տրամադրութեամբ եւ ծառայութեամբ, իր զաւակները հետեւեցան իր օրինակին` ազգային եւ միութենական կեանքին մէջ մասնակցութիւն բերելով:

Արշօ Քէօյլեան-Վեքիլեան հետեւեցաւ մօրը, միշտ մասնակից գաղութի միութենական եւ եկեղեցասէր ծառայութեան:

Յարութ Քէօյլեան աւելի քան յիսնամեակ մը մնաց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի պալատին մէջ` իբրեւ լուսանկարիչ: Յաջորդական նախագահներուն պաշտօնավարութեան շրջանը բոլորած է հայու վայել հաւատարմութեամբ եւ յարգանքով, իր կարգին արժանանալով վստահութեան:

Իր պարկեշտութեամբ, անսակարկ նուիրումով Հաճի Մարին եղաւ իր շրջապատին սիրելի մայրը: Իր կեանքին վերջին քանի մը տարիներուն ծառայեց անկողինի, ոսկրաբեկումի պատճառով: Քառասուն օրեր առաջ ան հրաժեշտ տուաւ կեանքին` ետին թողած բարի յիշատակ մը, օրինակելի հայ մօր մը արժանիքներով:

Յարգանք իր յոգնատանջ ծառայութեան եւ բարի յիշատակին:

 

 

Նախորդը

Ժպտերես Եւ Անսակարկ Ծառայողը (Մարի Քէօյլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Շաբաթավերջին` 8-րդ Հանգրուանի Մրցումները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving)

November 26, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։