Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բիզնես»-ային «Լոկիքա»-ն

September 7, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արմենակ կը փնտռէ, եւ կը գտնէ տառապեցնող վիճակները:

Հայաստանէն վերադարձաւ: «Նորահայերէն» կը խօսի, երկու խօսքի միջեւ «բիզնես» կ’ըսէ, որ «բիզնես»-ը իր «լոկիքա»-ն ունի, «հացի լոկիքա»: «Բիզնես»-ական են` քաղաքագէտը, եկեղեցականը, աւազակը: Երրորդ մարդատեսակը կը տիրապետէ, միւս անունները շղարշ են, ո՛չ կը խաբեն ո՛չ կը համոզեն:

– «Ջրվէժ» թաղամասին մէջ Տենվըրի «բարեսիրական» միութեան հաւաքին հրաւիրեցին Էլպիսը եւ զիս: Երիտասարդ աղջիկ մը  եւ տղամարդ մը եկան մեզ պանդոկէն տանելու: Ճամբու ընթացքին կը հետաքրքրուէի, թէ որո՞ւ կը պատկանէր «քաթր-քաթր» ինքնաշարժը: Ինքզինքս զսպեցի եւ չհարցուցի:

– Հրա՛շք,- ըսի:

– Դուրսէն եկած տասնեակ մը անձեր հոն էին, շուրջ երեսուն ալ` տեղացիներ: Ներկայացան, ներկայացուցին: Զեկուցումներ տուին: Երեսուն անձեր միութեան պաշտօնեաներ էին: Ի՜նչ մեծ գործեր կ’ընեն երեսուն մնայուն պաշտօնեայ ունենալու համար:

– Միջազգային կարմիր խաչն է՞ր:

– Ո՛չ, սիրելիս, ո՛չ, տարին անգամ մը կարիքաւոր դպրոցականներու տետրակ-մատիտ կը բաժնեն երեսուն պաշտօնեաներուն միջոցով, որոնց տրամադրուած են վեց ինքնաշարժներ, որպէսզի տարուան ընթացքին այցելեն ընտանիքներու: Անոնց մեծաւորը տեղեկագիր կարդաց, նիւթաբարոյական: Ան զանազան պատասխանատուութիւններ ունէր եւ իւրաքանչիւրին համար կը վճարուէր: Դրսեցիները սիրայօժար կ’աշխատէին, իսկ զանազան գլխարկներ ունեցողը իւրաքանչիւր աշխատանքի համար լիաբուռն կը վճարուէր: Ա՛լ չէի դիմանար, պիտի խօսէի, պիտի հարցնէի, որ ան մի՞թէ գերմարդ էր, «սիւփերմէն», բազմատաղանդ եւ բազմաշնորհ: Էլպիս հասկցաւ եւ ոտքի մատներս ճզմեց:

– Անցարգել երկրորդ:

– Դուրսէն եկող մը յանդգնեցաւ հարցնել, թէ եկած գումարները ծախսելը լաւ է, դիւրին է, բայց տեղւոյն վրայ ճիգ կ’ընե՞ն, նախաձեռնութիւն ունի՞ն: Մեր «ղեկավար»-ը բարկաճայթ նայուածք մը նետեց «հիւր»-ին ուղղութեամբ եւ ըսաւ, որ արդէն «շատ կը յոգնէին եւ հիմա ալ մուրացկանութի՞ւն պիտի ընէին»: Պահ մը լռութիւն տիրեց:

– Չհարցուցի՞ր, որ սփիւռքի մէջ, երբ դրամահաւաք կ’ըլլայ, մարդիկ մուրացկա՞ն կ’ըլլան:

– Սպասեցի: Լռութենէ մը ետք ան շարունակեց: Մէկ առ մէկ թուեց իր դերերը: Հաշուեցի. եթէ օրական քսանչորս ժամ ալ աշխատէր, չէր հասներ իր գործերուն: Բայց լռեցի, վախուորած անոր բարկաճայթ նայուածքէն: Բարեբախտաբար դուրսէն դրամահաւաքի պատասխանատու մը, յետոյ իմացայ որ հաշուապահութեան միջազգային մասնագէտ էր, խօսեցաւ. «Այսքան բեռ շատ ծանր է մէկ հոգիի ուսերուն, հարկ է պատասխանատուութիւններուն մէկ մասը առնել եւ տալ ուրիշի»: Գերմարդը այս անգամ ոչ միայն նայուածքով շանթահարեց բարեսիրական միութեան խեղճ անդամը, այլ գոռաց. «Դուք  դուրսէն գալով` իմ հացի՞ս պատճառ պիտի ըլլաք»: Միւս քսանինը պաշտօնեաները թրջուած հաւու պէս լռած էին, իսկ դրսեցիները հարցը «անուշի կապեցին» լռելով: Իրենք դուրսը կրնան փքուիլ, որ տետրակ-մատիտ կը բաժնեն…

– Կը զարմանա՞ս: Դրկից-բարեկամներու կը հարցնե՞ս, թէ շաբաթը տասը անգամ ժողովի ինչպէ՞ս կ’երթան, ի՞նչ կը բանին քանի մը տեղերէ միաժամանակ ռոճիկ ստանալով: Արաբը կ’ըսէ` «հալալ ալ շաթեր»*: «Շաթեր»-ներ մեխուած կը մնան դիրքի, աթոռի եւ վճարումի վրայ: Մենք պիտի չփոխենք աշխարհի «շաթերական» կարգը: Գնա՛, Էլպիսին համով «փլաքի»ին վայելէ եւ քունդ մի՛ փախցներ:

Կեդրոնականցին ազնուական անուղղայ մըն է:

Մակար,
ի Պերիտոն, 20 օգոստոս 2013

* Բարի վայելում ճարպիկին

Նախորդը

Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

Յաջորդը

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving)

November 26, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։