Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցաւակցագիր

September 5, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ,

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, հրապարակախօս, թարգմանիչ եւ բանաստեղծ Լեւոն Անանեանի

վաղաժամ մահուան առիթով, Լիբանանահայ գրողներու համախմբումի քարտուղարութիւնը Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահութեան եւ վարչութեան

յղեց հետեւեալ ցաւակցագիրը:

*
*   *

Պէյրութ, 3 սեպտեմբեր 2013

Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահութեան ու վարչութեան յարգարժան անդամներուն եւ բոլոր հայ գրողներուն,

Գրչի վշտահար եղբայրներ եւ քոյրեր,

Սրտի խոր յուզումով իմացանք Հայաստանի գրողներու միութեան աւելի քան տասնամեայ ժրաջան նախագահին, հայ գիր ու մշակոյթի անխոնջ գործիչին, խիզախ հրապարակախօսին, հրաշալի արձակագիրին, բարեշնորհ թարգմանիչին, մեծ հայուն եւ նոյնքան մեծավաստակ իրաւ մարդուն` ԼԵՒՈՆ ԱՆԱՆԵԱՆ անուն բացառիկ երեւոյթին վաղաժամ մահուան գոյժը:

Պարզապէս շանթահարուած ենք: Անդարմանելի է կորուստը: Մահուան մռայլ ու նենգ ամպերը պատած են ո՛չ միայն մեր սրտերը, այլեւ` իւրաքանչիւր լիբանանահայ գրողի ողջ էութիւնը: Հայ գիր ու մշակոյթի անձնուրաց ծառայ ու պատարագիչ, ճշմարտութեան, արդարութեան, գեղեցիկին ու բարիին յաղթաձայն շեփորահար, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայ ժողովուրդի տագնապներով, հարցերով, բայց մանաւանդ երազներով օրն ի բուն փոթորկող, ծրագրող ու պայքարող ամբողջական հայուն եւ եզակի մարդուն վաղաժամ մահով հայ ժողովուրդը կորսնցուց մեր ժամանակներու իր արժանաւորագոյն զաւակներէն մին: Բազմաշնորհ ու բազմավաստակ աւանդապահ մը, որ դարերէ ժառանգուած հայկեան անպարտելի ոգին, մեր ազգային դարաւոր աւանդներն ու սրբութիւնները, հայ հողապաշտ մշակին մշտաբորբոք աշխատասիրութիւնն ու հաւատարմութիւնը, գրչի եւ զէնքի մեր հին ու նոր նահատակներուն ուխտն ու կտակը եւ նորածին մանուկներուն պայծառ հրճուանքն ու երազները իր անցաւոր մարմնին մէջ ծիածանելով` եղաւ արդարատենչ հայ ժողովուրդի արժանաւոր դեսպան, անկեղծ զինուոր ու զօրավար եւ հայ ոգիի մարմնացեալ ներշնչարան:

«Ես ուխտաւորն եմ
մեր սուրբ հաւատի,
Տիրոջ տաճարն եմ
պահում անառիկ,
Մեսրոպի զօրքն եմ
ես տանում մարտի,
Որ մեր մայրենին
յաւե՜րժ բարբառի»

երգած մեր տարաբախտ գրչեղբօր գործն ու ուխտը, անկասկած, իր գործակից գրչեղբայրները պիտի շարունակեն վերանորոգ նոյն հաւատքով, միեւնոյն ու յաւելեալ նուիրումով եւ ա՛լ աւելի նպատակասլաց վճռականութեամբ: Եւ ասիկա պիտի ըլլայ Լեւոն Անանեանի յետ մահու յաղթանակը:

Բիւր յարգանք իր յաւերժաձայն վաստակին եւ անմեռ յիշատակին:

 

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Եւ Քեսապի Մէջ. Ս. Պատարագներ Եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօններ` Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Վախճանման 8-րդ Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Ցաւակցագիր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.