Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Օպամայի Ինքնապաշտպանական Քայլը

September 4, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը համար «միջազգային դաշնակցութեան» մը «օրինականութեան» ետին պահուըտելու փորձին ձախողութենէն ետք, ամերիկեան վարչակազմը այժմ առանձին կանգնած է Սուրիան հարուածել-չհարուածելու երկընտրանքին առջեւ, եւ ամբողջ աշխարհը կը սպասէ անոր որոշումին: Նոյնիսկ Ֆրանսան, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի բրիտանական խորհրդարանին մէջ կրած պարտութենէն ետք ինքզինք կը գտնէ Միացեալ Նահանգներու թիւ մէկ գործընկերի ժամանակաւոր դիրքին վրայ, կը սպասէ Սպիտակ տան ղեկավարին որոշումին:

Ամերիկեան վարչակազմին համար «քիմիական զէնքը օգտագործելուն համար» Դամասկոսը պատժելու պատրուակով Սուրիոյ մօտ գտնուող քիմիական զէնքերը վնասազերծելու ոսկի առիթ մը ստեղծուած է: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ տրուած որեւէ որոշում նաեւ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու վարկին ու հաւաստիութեան, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի նման երկիրներ «սանձելու» անոնց կարողութեան վրայ:

Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան համաձայն, երկրին նախագահը պատերազմ յայտարարելու համար պէտք է օրէնսդիր մարմինին` Քոնկրեսին հաւանութիւնը ստանայ, սակայն այս պահանջը մեղմացուեցաւ 1973-ին Քոնկրեսին կողմէ որդեգրուած որոշումով մը, որ նախագահին իրաւասութիւն կու տայ արտասահմանի մէջ սահմանափակ ժամանակով անմիջական մարտական գործողութիւններ կատարելու` առանց Քոնկրեսին դիմելու: Այդպէս եղաւ, երբ նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն ամերիկեան զինեալ ուժեր 1983-ին Կրանատա ուղարկեց, 1999-ին նախագահ Քլինթըն հրամայեց ռմբակոծել Պելկրատը եւ նախագահ Օպամա հրամայեց Լիպիոյ մէջ միջամտութիւն կատարել կամ Փաքիստանի մէջ Պըն Լատենը ահաբեկելու գործողութեան ձեռնարկել: Օպամա Քոնկրեսին դիմելու հարկադրանքին տակ չէ, ուստի ինչո՞ւ այդ քայլին դիմեց:

Սուրիոյ դէմ ամերիկեան զինուորական հարուածը պատժական բնոյթի սահմանափակ զինուորական գործողութիւն մըն է եւ ոչ թէ` պատերազմի յայտարարութիւն մը, սակայն կրնայ պատերազմի վերածուիլ, եթէ սուրիական կառավարութիւնը յանկարծ հակադարձէ եւ ամերիկեան կողմը մղէ մագլցողական քայլեր որդեգրելու: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ամերիկեան կողմին «սահմանափակ հարուածներու» մեկնաբանութիւնը կրնայ չհամապատասխանել սուրիական կողմին մեկնաբանութեան: Ի վերջոյ, սահմանափակ ըսուած հարուածը ո՞ւր կը սկսի, ո՞ւր կ՛աւարտի եւ ո՞ր կէտէն անդին կատարեալ պատերազմի կը վերածուի: Այդ սահմանագծումը յստակ չէ: Ուրեմն գոյութիւն ունի այն վտանգը, թէ Իրաքէն ամերիկեան ուժերը հեռացուցած եւ այդ ուժերը Աֆղանիստանէն հեռացնելու պատրաստուող վարչակազմը ինքզինք գտնէ անբաղձալի նոր պատերազմի մը մէջ:

Աւելի՛ն. Քոնկրեսի հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անդամներ կը պահանջեն այս որոշումին մէջ խօսք ունենալ, իսկ վերջերս կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տար, որ «պատերազմներէ յոգնած» ամերիկացիներուն 80 առ հարիւրը կ՛ուզէ, որ Քոնկրեսը այս հարցին մէջ իր խօսքը ըսէ:

Այս բոլոր տուեալներուն լոյսին տակ, Օպամա գնդակը Քոնկրեսին դաշտը նետելով` կը փորձէ ժողովրդականութիւն չվայելող քայլի մը պատասխանատուութիւնը տարածել Քոնկրեսի երկու պալատներու անդամներուն վրայ` այդպիսով իր եւ վարչակարգին պատասխանատուութիւնը մեղմացնելու համար: Այդ ինքնապաշտպանական քայլը, սակայն, ժամանակաւոր է եւ գնդակը շուտով կրնայ Օպամայի դաշտը վերադառնալ, եթէ Քոնկրեսը Սուրիոյ դէմ հարուածին նկատմամբ ժխտական կեցուածք որդեգրէ: Յամենայն դէպս, Օպամայի վերջնական որոշումը Քոնկրեսի կեցուածքին համահունչ պիտի ըլլայ: Այլապէս, ան պիտի չդիմէր այդ քայլին:

Օպամա Քոնկրեսին դիմելով` արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարց մը անուղղակի կերպով փոխադրեց ներքին քաղաքականութեան դաշտ: Ուստի, օրէնսդիր մարմինի կարծիքին անտեսումը գործադիր մարմինին կողմէ գործուած քաղաքական մեծ ու անտրամաբանական սխալ մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ արտաքինին կողքին նաեւ ներքին քաղաքական տագնապ մը պիտի ստեղծէ, ինչ որ քաղաքական անձնասպանութեան համազօր է: Այլ հարց, թէ Քոնկրեսի երկու պալատները` Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը կրնան զիրար հակասող կեցուածքներ որդեգրել: Այդ պարագային ամէն բան զերօ կէտին կը վերադառնայ:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Խօսքը` Ամմանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումին 3-4 Սեպտեմբեր 2013

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.