Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Պիտի Պահանջէ Կարմիր Բեմագրութեանց Հաշիւը…

August 30, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Անոնց, որոնց յիշողութիւնը կարճ չէ, գիտեն, որ տասնամեակ մը առաջ արեւմտեան ուժեր, Ուաշինկթընի գլխաւորութեամբ ու ստիպումներով (անոր որոշ հաշիւներ պարտադրող թաքուն ուժերու պարտադրանքով), յարձակման անցան Իրաքի վրայ` յայտարարելով, որ Սատտամ Հիւսէյն աշխարհին կը սպառնայ հիւլէական զէնքերով: Նախագահ Պուշի գլխաւորութեամբ «երգչախումբ» մը, Չէյնիի, Փաուըլի, Քոնտոլիզա Ռայսի եւ ուրիշ «մենակատարներու» ընկերակցութեամբ, կրկնեցի՜ն ու կրկնեցին, որ պէտք է տապալել Սատտամը, ու չսպասել, որ հիւլէական ռումբի մը «սնկաձեւ ամպը» երեւի Նիւ Եորքի կամ ամերիկեան այլ քաղաքի մը վերեւ:

Իրաքի վրայ յարձակումը տեղի ունեցաւ, ռումբեր ու հրթիռներ տեղացին Պաղտատի եւ իրաքեան այլ շրջաններու վրայ, մարդիկ ջարդուեցան, երկիր մը քար ու քանդ եղաւ ու կողոպտուեցաւ, յետոյ նախագահ մը կախաղանէն ճօճեցաւ: Քանի մը տարի ետք նոյնինքն յիշեալ «մենակատար»-ներէն մէկ քանին խոստովանեցան, թէ «երգչախումբը» սուտ երգերով խանդավառած էր ռազմատենչները, Իրաք հաւաքական սպանդի զէնքեր չունէր:

Ո՛չ Իրաքի քանդումը արդարացաւ, ո՛չ ալ հարիւր-հազարաւորներու սպանութիւնը որեւէ նպատակի ծառայեց: Աւելի՛ն. Իրաք եւ իր ժողովուրդը մինչեւ այսօր ալ կը շարունակեն ապրիլ պատերազմի «թափօններուն» մթնոլորտին մէջ: Սկզբնական խորագիրները փոփոխութիւն կրեցին, ծայրայեղականներ տիրապետող դարձան առօրեայ կեանքին վրայ, տագնապին տրուեցաւ, շատ մը այլ որակումներու կողքին, սիւննի-շիի հակամարտութեան խորագիրը. օր աւուր ռմբահարումները կը շարունակուին, անմեղներու ջարդը կը շարունակուի, երկրին արիւնաքամութիւնն ալ նոր անդունդներ կը պեղէ:

***

Իրաքին յաջորդեցին` Լիպիան, Եգիպտոսն ու Սուրիան, քիչ մըն ալ` Թունուզն ու Արաբական ծոցի երկիրներ, որոշ տարբերակումներով: Բեմագրութեան իրերայաջորդ գլուխները շարունակուեցան` ջարդերու եւ «ներքին հակամարտութիւններու» կարմիր էջեր արձանագրելով: Եգիպտոսի Մուպարաքը տապալեցաւ, Մուրսին տարուան մը «կեանք» ունեցաւ ու մատնուեցաւ Մուպարաքի ճակատագիրին, Մուպարաք այժմ վերակենդանացման տարօրինակ վիճակ մը կ՛ապրի. Եգիպտոսի օգոստոսը եղաւ արիւնալի ու կը պահէ նոր արիւնահեղութիւններու մուրհակ մը…

***

Հիմա, բեմագրութեան Սուրիոյ բաժինը կ՛ապրի նոր սպառնալիքներու եւ անկումի նախագիծ մը, երբ արդէն աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր ռազմական ու ոճրային դէպքեր, աւազակութիւններու ու կողոպուտներ մաշումէ մաշում տարած են երկիրն ու ժողովուրդը: Քիմիական զէնքերու գործածութեան մասին տեղեկութիւնները ազդանշանը տուած են այնպիսի զարգացումներու, որոնց տարբերակին ականատես եղաւ աշխարհը` Սատտամի Իրաքին վրայ յարձակումէն առաջ:

Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ այս երկրին վրայ նոր յարձակում մը լուծում պիտի չբերէ, ոչ ալ պիտի արդարացնէ որեւէ ազնիւ նպատակ, այլ պարզապէս առիթ պիտի ըլլայ նորատիպ զէնքերու փորձարկումին, ծակ քարոզչութեան, տակաւին, պատճառ պիտի ըլլայ յաւելեալ քանդումի, տագնապին աւելի՛ եւս ծանրացման, երկրի կարողութեանց յաւելեալ հիւծումին եւ, ամէնէն ողբերգականը, մարդկային զոհերու թիւին բարձրացման:

Վաղը այսօրուան հերոսներէն մէկ քանին կրնան կրկնել Պուշի «երգչախումբ»-ի անդամներուն նմանող խոստովանութիւններ, թէ` հաւաստիքներն ու յարձակումը արդարացնելու համար հրապարակուած «երգերը» ճիշդ չէին: Սուրիան կրնայ մինչեւ իսկ կտրել իշխանափոխութեան արեւմտեան ուժերու երկարաշունչ բաղձանքներուն հանգրուանն ալ, ինչպէս եղաւ Իրաքի, Եգիպտոսի մէջ ու այլուր, սակայն բեմագրութեան այս էջը կրնայ նո՛յն ողբերգականութեամբ շարունակուիլ:

Ո՞վ հաշիւ պահանջեց նախորդ բեմագրութեանց կարմիր էջերուն համար:

Ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ այսօրուան ու վաղուան կարմիր էջերուն համար…

28 օգոստոս 2013

¬

Նախորդը

«Մենք Ենք, Մեր Լեռները» Յուշարձանը Կը Բարեկարգուի

Յաջորդը

Փութինի Պաքու Այցելութեան Աշխարհաքաղաքական Պատճառները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։