Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը` Ինտոնեզիոյ Մէջ

August 24, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

 

«Միտօզ» ոչ կառավարական կազմակերպութեան հրաւէրով Համազգայինի «Քնար» պարախումբը 4 օգոստոսին մեկնեցաւ Ինտոնեզիա ներկայացնելու համար Լիբանանը, մայրաքաղաք Ճաքարթայի կից գտնուող «Անչոլ Փարք»-ին մէջ տեղի ունենալիք ֆըթրի տօնին առիթով կազմակերպուած փառատօնին:

Տասը օրերու ընթացքին «Քնար» պարախումբը «Ֆանթասթիք Միտըլ Իսթ շօ»-ի անուան տակ ներկայացուց Լիբանանը եւ հրամցուց հայկական, վրացական, գնչուական եւ արաբական պարեր:

Հիւրընկալող կողմին բարձր հոգատարութեան եւ բծախնդիր ուշադրութեան արժանանալով «Քնար»-ի երիտասարդները աւելի առոյգ եւ խանդավառ ներկայացումներով կարողացան հազարաւոր հանդիսատեսներուն գնահատանքին արժանանալ: «Անչոլ Փարք»-ը հանգիստի եւ փոքրերու զուարճանքի հսկայ համալիր մըն է, որ տարեկան 30 միլիոն այցելու կ՛ունենայ: Այս միջոցին համալիրը կ՛ընդունի հազարաւոր այցելուներ հեռաւոր Ասիոյ եւ Արաբական ծոցի երկիրներէն, որոնք դարձեալ առիթը ունեցան վայլելու մեր խումբին բարձրորակ ներկայացումները:

 

 

 

 

 

 

Ծրագրի ծանրաբեռնուածութիւնը, յայտագրի երկարատեւութիւնը, երկրի կլիմայի բարձր խոնաւութիւնը երբեք արգելք չեղան, որ մեր երիտասարդ պարողները նահանջեն իրենց վստահուած գործին մէջ, այլ ընդհակառակը, այս մէկը եղաւ շատ հաճելի փորձառութիւն մը, որով կը հպարտանայ իւրաքանչիւր անհատ եւ միութիւն:

Պարախումբին անդամները նաեւ ունեցան ընկերային պահեր` կապ հաստատելով այլ պարախումբերու հետ, ինչպէս նաեւ ունեցան զուարճանքի պահեր եւ տուին այցելութիւններ:

Փառատօնի աւարտին «Քնար» պարախումբը արժանացաւ կազմակերպիչ մարմինի գնահատանքին եւ ստացաւ յուշանուէրներ:

Պարախումբը բարձր տրամադրութեամբ Պէյրութ վերադարձաւ երեքշաբթի, 20 օգոստոսի յետմիջօրէին, արդարացուցած ըլլալով իր վրայ դրուած յոյսերը եւ անմիջապէս լծուեցաւ յաջորդ փառատօնի մասնակցութեան աշխատանքներուն:

Նախորդը

Տաք Ամառներ

Յաջորդը

Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.