Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սպառնական Ոճի Ուղերձ Մը

August 21, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Եգիպտոսի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները հետզհետէ դէպի յաւելեալ վատթարացում կ՛ուղղուին: Յարաբերութեանց ներկայ իրավիճակը իր արտայայտութիւնը կը գտնէ նաեւ տնտեսական մարզին մէջ, ուր Թուրքիոյ դէպի Եգիպտոս արտածումները 1 յունուարէն մինչեւ 15 օգոստոս երկարող ժամանակահատուածին ընթացքին 8.1 առ հարիւրով նուազած են, քան` անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածը: Շարք մը եգիպտական պատկերասփիւռի կայաններ թրքական ֆիլմաշարերը պոյքոթի ենթարկելու որոշում որդեգրած են, իսկ եգիպտական իշխանութիւնները մզկիթի մը մէջ Իսլամ եղբայրներու կողքին ձերբակալեցին նաեւ Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ի լրագրողը: Անոնք նաեւ Լուքսորի մէջ ձերբակալեցին 2 թուրք զբօսաշրջիկներ:

Փոխադարձ բուռն կեցուածքներու մագլցողական մթնոլորտին մէջ, շաբաթ երեկոյեան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ զետեղուեցաւ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի վերագրուող գրութիւն մը, որ կը նշէր, թէ «ՄԱԿ-ի մէջ մեր մնայուն ներկայացուցիչը վաղը (կիրակի) պիտի ստորագրէ միջազգային փաստաթուղթը, որ կը ճանչնայ թրքական բանակին կողմէ հայերու կոտորածը, որուն զոհ գացին մէկ միլիոն անձեր»:

Առաջին ընթերցումով, արդէն յստակ էր, որ գրութիւնը ուղղակի հակադարձութիւն մըն է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, որ եգիպտական բանակը Գահիրէի Ռապիա Ատաուիյա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ Իսլամ եղբայրներու նստացոյցերը ցրուելու ընթացքին «ջարդ» գործեց:

Գրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան փոխարէն կ’օգտագործուի «կոտորած» բառը եւ կ’ակնարկէ խորհրդաւոր «միջազգային փաստաթուղթ»-ի մը, որուն ճամբով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը չի համապատասխաներ 1965¬էն ի վեր գործող Հայոց ցեղասպանութեան պետական մակարդակի ճանաչման մեքանիզմին. այդ ճանաչումը միշտ ալ խորհրդարաններու ճամբով եղած է: Իրողութիւն մը, որ տեղեկատուութեան նկատմամբ վերապահութիւն կը յառաջացնէր:

Աւելի՛ն, եգիպտական գլխաւոր օրաթերթերն ու լրատուամիջոցները լուռ մնացին. տեղեկութիւնը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ երկրորդական լրատուական կայքէջերու եւ հայկական լրատուամիջոցներու կողմէ: Թրքական մամուլը եւս անտեսեց լուրը, իսկ  «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը լուրը իր կայքէջին վրայ տեղադրելէ ետք զայն վերցուց:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը պնդեց, որ իրենք իրենց աղբիւրներէն ճշդած են, որ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահը «Թուիթըր»¬ի վրայ այդպիսի էջ չունի: ՄԱԿ-ի մէջ Եգիպտոսի ներկայացուցչութենէն «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ այն հաշիւը, որմէ տարածուած էր տեղեկատուութիւնը, նախագահ Մանսուրի չի պատկանիր, եւ ան ընդհանրապէս «Թուիթըր»-ի հաշիւ չունի: Ուստի զարմանալի չէ, որ կիրակի օր նախատեսուած փաստաթուղթի ստորագրումը երեքշաբթի օր տակաւին չէր կատարուած: Այդպիսի զարգացում մը անմիջապէս թրքական կողմին մէջ մեծ աղմուկ պիտի բարձրացնէր:

Սակայն կայ նաեւ մետալին միւս երեսը. որոշ աղբիւրներ կը պնդեն, որ այդ էջը ոչ պաշտօնական է, եւ կը ծառայէ Եգիպտոսի նոր իշխանութիւններու մասնաւոր ուղերձները տարածելու համար: Եթէ այդ մէկը ճիշդ է, ապա կարելի է եզրակացնել, որ Եգիպտոսի ներկայ իշխանութիւնները այս ապատեղեկատուութիւնը շրջանառութեան մէջ դնելով` պարզապէս թրքական կողմին սպառնական ոճի ուղերձ մը յղեցին:

 

 

 

Նախորդը

Արուեստի Գործերու Նուիրատուութիւնը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Օրը Օրին. Արաբական Ողբերգութիւն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.