Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնը` Պիքֆայայի Վանքին Մէջ. «Ս. Աստուածածինը Պէտք Է Մնայ Մայրութեան Յաւիտենական Տիպար» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

August 19, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, շաբաթ, 17 օգոստոս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ` հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Վանքի շրջափակին մէջ բացօթեայ նորակառոյց խորանին վրայ պատարագեց Կորիւն արք. Պապեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ:

1952 թուականէն սկսեալ, երբ կառուցուած է կաթողիկոսարանի Պիքֆայայի հովոցի Ս. Աստուածածին մատուռը, կաթողիկոսութեան կողմէ Ս. Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնը հռչակուած է իբրեւ «Ուխտի օր»-ը Պիքֆայայի վանքին: Հաւատացեալ ժողովուրդը հաւատարմօրէն ամէն տարի մեծախումբ բազմութեամբ ներկայ կը գտնուի սուրբ պատարագին, խաղողօրհնէքին ու աւանդական մատաղի օրհնութեան:

«Հայր մեր»-էն անմիջապէս առաջ, վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, երբ երկրի բերքին ու ժողովուրդի ուխտերուն ընծան նուիրուեցաւ Աստուծոյ` յատուկ աղօթքներու ճամբով: Ապա վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը` ներկայ հազարաւոր ժողովուրդին: Բազմութեան մէջ մեծ էր թիւը յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք յատուկ կապուածութեամբ ու երկիւղածութեամբ մասնակից դարձան ուխտի օրուան: Յայտնենք, որ պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին սկիզբը անդրադարձաւ Ս. Մարիամ Աստուածածինի տիպարին եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր առանցքային ներկայութեան: Ապա վեհափառը, 2013 տարին «Հայ մօր տարի» հռչակած ըլլալուն, կոչ ուղղեց հայ մայրերուն, որպէսզի հետեւին Ս. Աստուածածինի օրինակին եւ դառնան տիպար մայրեր: Այս գծով վեհափառ հայրապետը ընդգծեց երեք կարեւոր կէտեր.

ա) Հայ մայրը` աղբիւր կրօնական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու:

բ) Հայ մայրը` առաքեալ մարդակերտումի ու հայակերտումի: Եւ

գ) Հայ մայրը` ապաւէն հայ ազգի յաւերժութեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս իր աղօթքը բարձրացուց Աստուծոյ, խնդրելով հիւանդներու բժշկութիւն, գործոց յաջողութիւն, սուրիահայութեան ապահովութիւն, աշխարհին խաղաղութիւն, ուխտերու կատարում եւ հայ ազգին սէր միութիւն:

Մինչեւ ուշ գիշեր հաւատացեալները մնացին վանքին մէջ եւ Ս. Կոյսի վերափոխման խորհուրդով զօրացած ու իրենց հաւատքին մէջ ամրապնդուած վերադարձան իրենց տուները:

Նախորդը

«Պիտի Ձգտինք Հասնիլ Առաւելագոյն Արդիւնքին» Ըսաւ Վարդան Մինասեան

Յաջորդը

Իրանի Խորհրդարանը Հաստատած Է 15 Նախարարներու Թեկնածութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.