Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ Այցելողներու Պաքուի «Սեւ Ցուցակ»-ը Օգտակար Է Հայաստանին, Վնասակար` Ազրպէյճանին

August 19, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ազրպէյճանի ղեկավարները հաւանաբար տեղեակ չեն, որ իրենց անճարակ ստորադասները ի՜նչ ահռելի վնասներ կը հասցնեն սեփական երկրի շահերուն եւ հեղինակութեան: Նախագահ Ալիեւ պէտք է կարճատեւ դադար առնէ` հայերուն ուղղուած ամէնօրեայ սպառնալիքներէն եւ յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնէ իր կառավարութեան ներքին «թշնամիներուն»:

Նախ սկսինք այն կէտէն, որ ազրպէյճանցի պաշտօնեաները հաշուել չեն գիտեր: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը օրեր առաջ հրապարակեց «սեւ ցուցակ»` բացայայտելով 41 երկիրներէ 335 անձերու անուններ, որոնք 2005 թուականէն սկսեալ Արցախ այցելած են «առանց Պաքուի արտօնութեան»: Ազրպէյճան մուտք գործելը արգիլող «փերսոնա նոն կրաթա» ցուցակին մէջ ընդգրկուած են` խորհրդարանի անդամներ, գործարարներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ եւ այլ հանրածանօթ մարդիկ: Անոնք կը մեղադրուին Ազրպէյճանի սահմանները խախտելու եւ երկրի «ազգային ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը» չյարգելու մէջ: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը խեղճուկրակ ձեւով կ՛ընդունի, որ` «Լեռնային Ղարաբաղը ժամանակաւորապէս Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հսկողութենէն դուրս է»:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 41 երկիրներէն իւրաքանչիւրին այցելուներուն թիւը, որոնք, ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին, «ապօրինի» մտած են Արցախ.

Արժանթին 6, Աւստրալիա 12, Աւստրիա 8, Պիելոռուսիա 1, Պելճիքա 6, Պուլկարիա 5, Քանատա 6, Կիպրոս 3, Չեխիոյ Հանրապետութիւն 2, Դանիա 2, Էսթոնիա 1, Ֆրանսա 22, Վրաստան 11, Գերմանիա 22, Յունաստան 2, Հունգարիա 1, Իրան 3, Իրլանտա 2, Իսրայէլ 1, Իտալիա 24, Ճափոն 1, Յորդանան 1, Լաթվիա 2, Լիբանան 1, Լիթուանիա 6, Մոլտովա 3, Հոլանտա 4, Լեհաստան 6, Ռուսիա 91, Ռումանիա 3, Սերպիա 2, Սինկափուր 1, Սլովաքիա 2, Սպանիա 1, Շուէտ 1, Զուիցերիա 7, Թուրքիա 1, Ուքրանիա 8, Մեծն Բրիտանիա 13, Ուրուկուէյ 5 եւ Միացեալ Նահանգներ 36:

Ազրպէյճանցիներուն ներկայացուցած` Արցախ այցելած 335 մարդոց ցուցակը չի համապատասխաներ իրականութեան: Աւելի քան 16,000 զբօսաշրջիկ աշխարհի 86 երկրէ միայն 2012 թուականին այցելած է Արցախ: Ազրպէյճանցի մեծահարուստ պաշտօնեաները, որոնք պատրաստած են այս «սեւ ցուցակ»-ը, ոչ միայն չեն կրնար հաշուել, այլեւ չեն կրնար գտնել հրապարակայնօրէն մատչելի տեղեկատուութիւնը: Թէեւ յայտնի չէ Արցախ մտնող իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկի անունը, սակայն կը թուի, թէ Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները արթուն չեն: Զարմանալիօրէն Հայաստանի ղեկավարներէն ոչ մէկը յայտնուած է Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, հակառակ անոր որ անոնք երբեք չեն թաքցուցած իրենց պարբերական ուղեւորութիւնները Արցախ: Արդեօք ասիկա չի՞ նշանակեր, որ ազրպէյճանցի պաշտօնեաները Արցախը կը համարեն Հայաստանի մաս եւ այդ իսկ պատճառով իրենց սեւ ցուցակին մէջ չեն ընդգրկած այնտեղ այցելած հայ քաղաքացիները:

Սխալ հաշուարկն ու ցածորակ հետախուզութիւնը յաւելեալ խնդիրներ կը ստեղծեն Ազրպէյճանի համար: 335 անձերու անուններ ներառող ցուցակին մէջ յայտնուած են այնպիսի մարդիկ, որոնք երբեք չեն եղած Արցախ, մինչդեռ ուրիշները, ինչպէս` Եոնաս Հոլանտերը Գերմանիայէն, այցելած են Արցախ, սակայն անոնց անունը դուրս մնացած է «սեւ ցուցակ»-էն: Հոլանտերը Դիմատետրի իր էջին մէջ ցուցադրելով «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան» համար իր մուտքի արտօնագիրին լուսապատճէնը` տեղադրած է հետեւեալ հեգնական մեկնաբանութիւնը. «Յարգելի Ազրպէյճան, վերջերս դուք հրապարակած էիք այն մարդոց ցուցակը, որոնց արգիլուած է մուտք գործել ձեր երկիր: Ես խորապէս վիրաւորուած եւ հիասթափուած եմ, որ իմ անունը տեղ չէ գտած ձեր ցուցակին մէջ: Կից կը ներկայացնեմ Ղարաբաղի մէջ գտնուելու իմ ապացոյցը եւ կը խնդրեմ այդ սխալը ուղղել հնարաւորինս շուտ: (Ստորագրուած) Եոնաս Հոլանտեր` տխուր եւ անկարեւոր ըլլալու զգացումով»:

Դէպի Ազրպէյճան հետագայ այցելութիւններու արգելքը ծաղրելու նպատակով հայերը ստեղծած են Դիմատետրի էջ` «Ես այցելած եմ Արցախ առանց արտօնութեան» վերնագիրով:

Ահա սեւ ցուցակին մէջ անարդարացիօրէն յայտնուած նշանաւոր անձերու քանի մը քննադատական արձագանգներ.

– Մարչելօ Քաթելմի, արժանթինական յայտնի «Քլարին» պարբերականի միջազգային քաղաքականութեան բաժինի գլխաւոր խմբագիր. «Սեւ ցուցակի հրապարակումը քստմնելի եւ բարբարոսական արարք է: Ասիկա խտրական մեթոտ մըն է, որ պատմականօրէն կիրարկուած է բռնապետներու եւ բռնակալներու կողմէ, որոնք մտադիր էին դաժան ձեւով պատժել այլակարծութիւնը»:

– Ի. Վէյն Մերի, Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գծով աւագ գիտաշխատող, Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդ, Ուաշինկթըն. «Ազրպէյճանը միայն ինքզինքին կը վնասէ Ղարաբաղ այցելած մարդոց իր «սեւ ցուցակ»-ով: Պաքուի համար խելամիտ քաղաքականութիւն պիտի ըլլայ անմիջապէս Ազրպէյճան հրաւիրել իւրաքանչիւր մարդու երրորդ երկրէ, որ այցելած է Ղարաբաղ»:

Երբ պարզուեցաւ, որ «սեւ ցուցակ»-էն դուրս մնացած են տարիներու ընթացքին Արցախ այցելած տասնեակ հազարաւոր մարդոց անուններ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլայեւը ամչնալով յայտարարեց, որ այդ ցուցակը պիտի թարմացուի եւ ընդլայնուի: Յոյսով եմ, որ ան չի մոռնար աւելցնելու նաեւ իմ անունը «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, յատկապէս որ ես խմբագրական գրած եմ Արցախ կատարած իմ յիշարժան այցելութեանս մասին:

Հայ պաշտօնեաները պէտք է օգնեն ազրպէյճանցիներուն` հրապարակելով այն բոլոր անձերուն անունները, որոնց բախտ վիճակուած է այցելելու Արցախ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին, որպէսզի արգիլուի անոնց բոլորին մուտքը Ազրպէյճան` այդ երկիրը ձգելով աւելի քիչ այցելուներով եւ զայն մեկուսացնելով քաղաքակիրթ աշխարհէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

 

Նախորդը

Փութինի Այցը Պաքու. Ռուսաստանը Ազրպէյճանին Վաճառել Է 4 Միլիառ Տոլարի Զէնք

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Չըլլանք Երեւակայեալ Առողջներէն Եւ Ինքնակոչ Արդարներէն…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.