Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ` ԼՕԽ-Ի «ՇՈՒՇԱՆԻԿ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

June 7, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, աւելի քան 230 հոգիի ներկայութեամբ 19 մայիսին տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ` Նիկոլ Դուման ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ:

Մասնաճիւղի ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` հաստատելով, որ ԼՕԽ-ականներուն տարած աշխատանքը սրբազան է, եւ առանց անոնց` կարելի չէ յարատեւել այս ուղիին վրայ: Ան գնահատեց ձեռնարկին ներկայ եղող մայրերը իրենց տարած անձնուէր աշխատանքին համար եւ մաղթեց, որ նոր սերունդի երիտասարդները գիտակցօրէն շարունակեն նոյն առաքելութիւնը:

Ապա ան հրաւիրեց օրուան բանախօսը` տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ ներկայ մայրերն ու մեծ մայրերը ողջունելէ ետք, վկայակոչեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին յայտարարութիւնը` 2010 տարին Հայ կնոջ տարի հռչակելու: Ան դիտել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի բոլոր անդամները այսպիսով կը դրուին կրկնակի պարտաւորութեան տակ` ժողովուրդին ծառայելու իրենց յանձնառութեան մէջ:

Ըստ անոր, իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական իր կազմակերպութեան նկատմամբ պարտաւորութիւն ունի, սակայն իւրաքանչիւր մօր շատ կարեւոր եւ ծանր պարտականութիւնն է զաւակ աշխարհ բերել, սնուցանել զայն, դաստիարակել եւ ո՛չ միայն լաւ մարդ կերտել անկէ, այլ նաեւ` լաւ հայ: Ս. Վարդապետեան դիտել տուաւ, որ մեր զաւակները պէտք է վստահինք հայ դպրոցին եւ հայկական միութիւններուն` չմոռնալով սակայն, որ բարեկիրթ եւ իսկական մայր ըլլալը նախապայման է տիպար զաւակներ ունենալու, որովհետեւ մօր օրինակը գերագոյն պատկերն է զաւակներուն համար:

Տոքթ. Վարդապետեան խօսեցաւ մայրերու օրուան գաղափարին ծնունդին մասին, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս սկսած է անիկա: Ան նաեւ անդրադարձաւ մերօրեայ դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն եւ ախտերուն` թմրամոլութիւն, ՍԻՏԱ, միասեռականութիւն եւ այլն, որոնք աւերներ կը գործեն` խաթարելով երիտասարդութեան եւ անոնց ընտանիքներուն կեանքը:

Ձեռնարկին ընթացքին, իբրեւ երախտագիտութիւն, մասնաճիւղի վարչութիւնը ծաղկեփունջ մը յանձնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան մօտ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Սիւզան Օհանեանին` անոր ցուցաբերած հոգատար վերաբերումին համար:

Ձեռնարկը խանդավառեցին երգիչ Գէորգ Փարիզեան եւ իր նուագախումբը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, կատարուեցան նուիրատուութիւններ:

Ի պատիւ մայրերուն` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը տրամադրած էր ծաղիկներու թաղարներ: Ձեռնարկը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

Նախորդը

ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՄՈՐԹԻ ԲՋԻՋՆԵՐԸ ՎԵՐԱԾԵԼ ՋԻՂԵՐՈՒ ԲՋԻՋՆԵՐՈՒ…

Յաջորդը

ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԱՌԻԹՈՎ ԴՐՕՇԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ` ՀՄԸՄ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.