Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սերմանեմ» (Հեղինակ` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան)

August 13, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2013 թուին, Պէյրութ, «Փոմիկրավիւր» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ հայ կաթողիկէ Զմմառեան ուխտի վաստակաւոր միաբան  Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի «Սերմանեմ» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 256 փոքրակազմ էջերէ եւ 60 հակիրճ գրութիւններէ:

Այս գործը հիմնուած է բարոյագիտական ըմբռնումներու ենթահողին վրայ: Իբրեւ եկեղեցական` հայր Կռանեան շարունակ հարց կու տայ ինքզինքին, թէ ո՞րն է արդեօք  այն ճշմարիտ ուղին, որ զինք կը տանի դէպի արքայութիւն: Կ՛ըսէ, թէ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ունենայ մինչեւ մահ իր կեանքի քարտէսը, որպէսզի չդառնայ թիրախ չարամիտ մարդոց խաբէական արարքներուն: Թէ` կեանքի քարտէսը մենք կրնանք ձեռք ձգել եւ քալել երկնային ճշմարիտ ճամբէն` աղօթելով Աստուծոյ միայն:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ ապրելու համար անհրաժեշտ է հանդուրժող ըլլալ: Իսկ հանդուրժելու համար հարկ է ունենալ հոգեկան ուժ եւ տոկունութիւն: Հոգեպէս զօրանալու համար մարդիկ հոգեկան կենսանիւթ կամ վիթամին կը ճարեն:

Հայր Կռանեան կ՛ըսէ, թէ ինք կը ճանչնայ բացառիկ կենսանիւթ մը, որ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ այն հիւանդներուն վրայ, որոնք նախապէս դարման չեն գտած իրենց ցաւերուն: Կ՛ըսէ, թէ այդ կենսանիւթը կը յանձնարարէ մեծերուն եւ փոքրերուն, աղքատներուն եւ ունեւորներուն հաւասարապէս: Թէ` հրաշագործ ու բացառիկ այդ վիթամինը կը կոչուի Աստուած, որուն դիմողը կը բժշկուի ամէն տեսակ ախտերէ:

Հայր Անդրանիկ կ՛ըսէ, թէ ամէն մարդ կոչուած է ընտրութիւն ընելու իր կեանքին մէջ: Թէ` հաւատացեալին համար այս աշխարհը ինքնանպատակ միջավայր մը չէ, այլ հոգեւոր առումով կրկէս մըն է, ուր կռիւ տեղի կ՛ունենայ բարիի եւ չարի միջեւ: Բարոյական այս նկատումէ մեկնելով` հայր Անդրանիկ Կռանեան կը թելադրէ մարդոց, որ մերժեն վատութիւնը, ըլլան ճշմարտախօս եւ խղճամիտ:

Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ ամէն բանի մէջ լաւագոյնը գտնելը մարդ էակի բնազդին մաս կը կազմէ: Ամէն ինչին լաւագոյնը կը փնտռենք, որովհետեւ, կը հաւատանք, թէ լաւագոյնը գտնելով` կրնանք երջանիկ ըլլալ: Սակայն հակառակ մեր բազմատեսակ ցանկութիւններուն, Աստուած է միայն այն լաւագոյն էակը, որուն անմատոյց գեղեցկութեամբ կը տագնապինք:

Հայր Կռանեան խօսքը ուղղելով մարդ էակին` կ՛ըսէ, թէ ան պէտք չէ վհատի, տրուած ըլլալով, որ Աստուած միշտ պատրաստ է օգնելու բոլորին:

Հեղինակը հետամուտ է այն համոզումին, թէ մենք պէտք է ներողամիտ աչքով նայինք իրարու եւ Պօղոս առաքեալին նման պէտք չէ պարտուինք չարէն, այլ բարի գործերով յաղթենք չարին:

Հայր Կռանեան կ՛ըսէ, թէ աշխարհի մէջ կան բազմաթիւ բաներ, զորս չենք սիրեր, օրինակ` չենք սիրեր ձախողիլ կամ չենք սիրեր մերժուիլ:

Կան բազմատեսակ սխալներ նաեւ, որոնք կը գործուին գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ: Մեծագոյն սխալը, որ կը կոչուի մեղք, կը գործուի Աստուծոյ դէմ: Մեղքին պատճառած վնասը յաւիտենական է, կ՛ըսէ հայր Կռանեան, որովհետեւ, անիկա գերագոյն պատճառն է մեր յաւերժական դժբախտութեան: Մինչդեռ միւս սխալները, որոնք կը գործուին մարդոց դէմ, կը դարմանուին մարդկային սովորական միջոցներով: Այսուհանդերձ, մեր մեղքը իր հատուցումը կը ստանայ Քրիստոսով միայն, որ խաչուեցաւ Գողգոթայի խաչին վրայ եւ իր թափած սրբաշիթ արիւնով մաքրաջրեց համայն մարդկութեան անքաւելի մեղքը…

Հեղինակը Աւետարանէն քաղուած սրտառուչ պատգամներ կը փոխանցէ իր ընթերցողներուն:

Այսպէս, Եսաւ պնակ մը ոսպապուրի համար ծախեց իր անդրանկութիւնը:

Հերովդէս թագաւորը Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը ծախեց գեղեցիկ կնոջ մը պարէն հմայուած:

Յուդան երեսուն արծաթ դահեկանի ծախեց Յիսուսը:

Հեղինակը կ՛ըսէ նաեւ, թէ երկինք մտնելու հրաւիրատոմս կը ստանանք այն պահուն, երբ մկրտութեան աւազանին մէջ քրիստոնեայ կը մկրտուինք: Այս իրողութեամբ, պէտք չէ մոռնանք դէպի երկինք երթալու մեզի շնորհուած հրաւէրը…

Արդարեւ, հոգեգրաւ քարոզներով համադրուած հրատարակութիւն մըն է Անդրանիկ վրդ. Կռանեանին «Սերմանեմ» խորագրեալ գիրքը, որ կ՛ընծայէ ընթերցողին հոգեկան անփոխարինելի պատգամներ…

Յուլիս 2013
Պէյրութ

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Ամառնային Մարզական Կեանքը

Յաջորդը

Ծննդեան 125-ամեակին Առիթով. Կարօ Սասունու Տեղը Հայ Ազատագրական Պայքարում Եւ Հայկական Պետականութեան Արարման Գործում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.