Լիբանանի սիւննի ղեկավարները այս տարի բացակայեցան Ֆիթրի տօնին առիթով Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի նախագահած նամազէն:
Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց սիւննի համայնքի զաւակներուն զգուշանալու իրենց դէմ նախապատրաստուող սադրանքներէն, որոնց նպատակն է ներքին խլրտումներ ստեղծել եւ Լիբանանը քանդել:
Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն` միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել լիբանանեան միասնականութիւնը` զգուշացնելով միջիսլամական կամ իսլամ-քրիստոնեայ գրգռութիւններէն:
Հարեթ Հըրէյքի Իմամէյն Հասանէյն մզկիթին մէջ իսլամ քարոզիչ սէյիտ Ալի Ֆատլալլա կոչ ուղղեց արաբական աշխարհին մէջ միասնականութիւնը վերահաստատելու եւ երկխօսութեան դիմելու:
Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա ընդգծեց արաբ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան Օպէյի իշխան Ապտիւլլա Թաննուխիի մզկիթին մէջ նախագահեց Ֆիթրի տօնին առիթով մատուցուած նամազին եւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ շարունակուող քաղաքական տագնապը:
Միւս կողմէ, շէյխ Նայիմ Հասան ողջունեց բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու քայլը:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն հասարակ յայտարարներու յանգելու եւ կազմելու ազգային կառավարութիւն մը, որուն կարիքը խիստ զգալի դարձած է: Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն վերջ տալու կառավարութեան կազմութեան առումով զետեղուած խոչընդոտներուն:
Սայտայի Պահաէտտին Հարիրիի մզկիթին մէջ միւֆթի Սելիմ Սուսան նախագահեց Ֆիթրի նամազին, որուն ներկայ գտնուեցան նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ Նատեր Հարիրի:
Միւֆթի Սուսան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Սայտա կառչած կը մնայ լիբանանեան պետութեան ծրագիրին եւ կը մերժէ ապօրինի զէնքին ենթակայ ըլլալ:
Թրիփոլիի Մանսուրի Քապիր մզկիթին մէջ շէյխ Մոհամետ Իմամ նախագահեց Ֆիթրի տօնին առիթով կատարուած նամազին` նկատի ունենալով, որ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար ապահովական պատճառներով երկրէն դուրս կը գտնուի:
Շէյխ Իմամ կոչ ուղղեց վերջ տալու Թրիփոլիի հարցերուն եւ Թրիփոլիի մէջ ապահովութիւն պարտադրելու:
Ժապալ Մըհսենի Ֆաթիմա Զահրա մզկիթին մէջ ալեւի համայնքը եւս նշեց Ֆիթրի տօնը` կոչ ուղղելով բոլորին վերջ տալու յարանուանական խտրութեան եւ մեղմացնելու յարանուանական գրգռութիւն պատճառող ճառերը:
Իսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ֆիթրի տօնի իր նամազը կատարեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ընտանիքին հետ:
Իր կարգին, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան Ֆիթրի տօնին առիթով ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` ընդգծելով բռնարարքներէն, սադրանքներէն եւ բացարձակ չարիքէն հեռու մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Շէյխ Քապալան նոր էջ մը բանալու, գործակցելու եւ բարեկարգումներ կատարելու կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն:
Միւս կողմէ, Սայտայի Սայիտաթ Զահրա մզկիթի իմամ, իսլամ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է պաշտպանէ իր երկիրն ու քաղաքացիները, յատկապէս ամէնօրեայ դրութեամբ կրկնուող իսրայէլեան սպառնալիքներուն ի տես:
Անդրադառնալով Դիմադրութիւնը ապազինելու մասին Լիբանանի մէջ հնչող փափաքներուն եւ առաջարկներուն` շէյխ Նապուլսի յայտնեց, որ դիմադրութեան զէնքը շատ մեծ է եւ ոչ ոք կրնայ ապազինել Դիմադրութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է լիբանանեան բանակին կողքին կռուելու` թշնամի Իսրայէլի դէմ:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման լիբանանցիները շնորհաւորեց Ֆիթրի տօնին առիթով եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ հանգրուանը ըլլայ խաղաղ, որուն ընթացքին կարելի ըլլայ ամրապնդել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը` ապահովելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը:


