Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

August 3, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարգարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի

Մեծ հաճոյքով հետեւեցանք ձեր պատմագէտ աշխատակից Ասպետ Մանճիկեանի յօդուածաշարքին, որ կը հայէր Հռոմի պապի ընտրութեան եւ Յիսուսեան միաբանութեան կրթական եւ առաքելական բեղուն գործունէութեան: Այնտեղ յիշատակուած էին անոնց հիմնած կարեւորագոյն քոլեճներն ու համալսարանները ամէնուրեք:

Թոյլ տուէք այստեղ յիշեցնել, որ մեծանուն միաբանութիւնը, հայոց համար, եթէ ոչ ծաւալուն, բայց յիշատակելի ծառայութիւններ  ըրած է ջարդերէ ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակներու համար: Անոնք հիմնած են վարժարաններ` Գըրըգխանի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Պէյրութի մէջ, ուր մեծ նուիրումով դաստիարակած են հայ նորահաս սերունդը, քրիստոնէական, տոհմային եւ մտաւոր գիտութեամբ:

Բարձր իմացականութեան տէր օտար եւ հայ հոգեւորականներ` անդամ սոյն միաբանութեան, կեանք մը ամբողջ նուիրաբերած են հայագիտութեան եւ հայ մանուկներու դաստիարակութեան համար: 1983 թուականին միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր ընտրուած էր հոլանտացի հայր Հանց Քոլվենպախը եւ տարիքի բերմամբ հրաժարած` 2010-ին: Լեզուագէտ էր ու կը տիրապետէր տասնեակ մը լեզուներու, հայագէտ, գրաբարագէտ եւ հայ ծէսի քաջածանօթ, կը պատարագէր նաեւ հայերէն լեզուով եւ 16 տարիներ պաշտօնավարած Պէյրութի մէջ: Հայր Յովհաննէս Մըսրլեան` հիմնադիր եւ վարիչ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական ամպիոնին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած են հոյլ մը հայ մտաւորականներ: Հայր Սահակ Քէշիշեան, տիպար եկեղեցական մը, որ կատարած է կոթողային թարգմանութիւններ գրաբար հայերէնէ-ֆրանսերէն` օտարներուն ծանօթացնելով հայ գրականութեան գոհար էջերը, ինչպէս` Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»-ը  1961 թուականին, վերահրատարակուած` 2000 թուականին,  Ներսէս Շնորհալիի «Որդի Հօր Միածին»՝ 1973 թ.,  Ներսէս Լամբրոնացիի սուրբ պատարագի մեկնութիւնը (2000 թ.) եւ «Ողբ Եդեսւոյ»  (1984 թ.) աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` շատ մը այլ հայ հեղինակներու գործեր:

Երախտաւոր հայրերէն յիշատակենք` հայր Փասքալ Զուլիքեանը, հայր Ճապուրեանը, ֆրանսացիներէն` հայր Փուատըպար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան  առաջին անկախութեան շրջանին եղած է ֆրանսական կառավարութեան  ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ: 1922-ին Պէյրութ տեղափոխուելով` «Նիր իսթ ռըլիֆ» կազմակերպութեան տնօրէն Արիէնի հետ մշակած է հայ գաղթականներու համար տուներ շինելու ծրագիրը: Ան իր սերտ յարաբերութիւնները պահած է նախկին հայրենի պետական եւ կուսակցական դէմքերու հետ:

Միւս ֆրանսացի նուիրեալներէն յիշենք` հ. Փոլ Պէյլ, հ. Տը Լավերնեթ, հայր Մարսել Վիլար, հայր Չատ, հայր Պրիմեն, հ. Պոնթոս եւ ուրիշներ, որոնք քանիցս արտայայտուած են, թէ` «Մենք ծնունդով ֆրանսացի ենք, բայց հոգիով ու սրտով հայ»:

Օրհնեալ ըլլայ յիշատակը բոլորին:

Դամասկոսի երախտապարտ նախկին սաներ
ԺՈԶԵՖ ՂԱԶԱՐԵԱՆ, ԱՐԱՄ ԳԱՅԱՅԵԱՆ,  ՍԱՐԳԻՍ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

Նախորդը

Տարօրինակ Վայրեր

Յաջորդը

Սլաք. Մարդասիրակա՞ն…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.