Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Յունաստանի Տագնապին Խորացումը Եւ Հայ Գաղութի Կորովին Ամրապնդումը

August 2, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին երեք տարիներուն Յունաստանի մէջ եւ բոլոր յոյներուն հետ մեր գաղութին ապրած տնտեսական տագնապը նոր իրականութեան մը դէմ յանդիման դրած է մեզ բոլորս` յոյն քաղաքացիի եւ հայ անհատի մեր զոյգ ինքնութիւններուն մէջ:

Մեր ապրած նոր իրականութիւնը այլափոխած է յունական ընկերութիւնը, մարդկային արժէքները, մեր մտածումները, նոյնիսկ` մեր առաջնահերթութիւնները… Յունական ընկերութիւնը, որուն անքակտելի բաղադրիչն է յունահայ գաղութը, ստիպուած եղած է դիմադրելու ամէն օր իր դիմաց ծառացող նոր մարտահրաւէրի մը` սղաճ, տուրքերու կրկնապատկում, գործատեղիներու կրճատում, պաշտօնեաներու գործէ արձակում, գործազրկութեան համատարած երեւոյթներ (մանաւանդ` երիտասարդութեան եւ կամ 50-է վեր տարիքով մարդոց մօտ), աշխատանքային պայմաններու չարաշահում, հիասթափութիւն, յուսալքում…

Անցնող երեք տարուան ընթացքին, որպէս երկիր եւ ընկերութիւն, դիմագրաւեցինք յատկապէս բացարձակ անապահովութեան զգացումը, որ ռումբի պէս մեր առջեւ կը պայթեցնէր նոր ու աւերիչ երեւոյթներ` անձնասպանութեան դէպքերը աճեցնելով կամ երկրէն փախուստի դիմելու զօրաւոր փափաքը շատերու մօտ իրականութիւն դարձնելով:

Անապահովութի՛ւն, որ ապագայի հեռանկարներու որեւէ յոյս չէր ձգեր, նոյնիսկ գիտակցելով հանդերձ, թէ այլանդակուած այս ընկերութեան մէջ վերստին կը  սկսէին կեանք առնել անցեալի աւելի անկեղծ ու անմեղ ժամանակներու համերաշխութեան եւ մարդասիրութեան սկզբունքները:

Բայց եթէ նոյնիսկ սկսան վերակենդանանալ նման զգացումներ, համաշխարհային լուսանցքին մղուած այս ժողովուրդը չի դադրիր լարուած ռումբ մը ըլլալէ հասարակութեան հիմերուն մէջ, որ անձնատուր չէ եղած, այլ լուռ կ՛եռայ մինչեւ բռնկումի պահը:

Մեր պարագային, ծանօթ են որպէս գաղութ մեր կրած հետեւանքները, տնտեսական ճնշիչ վիճակի բերումով, որ վարձքերէ, վճարումներէ, տուրքերու յաւելումներէ ստեղծուած կացութեամբ խորապէս ազդեցին ազգային-գաղութային մեր կեանքին վրայ, խոցելով մեր բոլոր հաստատութիւնները: Կարելի չէր անմասն մնալ ընդհանուր այս վիճակէն, ոչ միայն որպէս հայկական հաւաքականութիւն, այլ նաեւ` որպէս հայ անհատներ: Սուտ պիտի ըլլար ըսել, թէ մեր կեանքն ու ապրելակերպը փոփոխութիւններ չկրեցին: Ոեւէ մէկը անմասն չմնաց այս կացութենէն եւ կտրուկ դժուարացան մեր կեանքի պայմանները:

Անկասկած կ՛ապրինք անցումային շրջանի մը մէջ: Չենք գիտեր, թէ որքա՛ն կրնայ տեւել: Կարճ թէ երկար, դժուար թէ համեմատաբար դիւրին` պարտաւոր ենք դիմագրաւելու այս կացութիւնը: Յոյսը միայն չի բաւեր, ոչ ալ` անհիմն լաւատեսութիւնը: Հայկական մեր հաւաքականութեան մէջ բոլորս պատասխանատուութիւն ունինք մեր գաղութային գործունէութիւնը պահպանելու ջանքին մէջ:

Զիրար գօտեպնդելով, իրարու քաջալեր հանդիսանալով` պէտք է ի մի բերենք մեր բոլորին ուժերը: Ասոր վառ ապացոյցն էր դպրոցներուն ի նպաստ կատարուած հանգանակութիւնը: Յաջողութեամբ դիմագրաւեցինք վտանգը` գիտակցելով, թէ հայեցի կազմաւորման որեւէ գործօն մեր զոհաբերութեամբ կրնայինք զերծ պահել տագնապի ազդեցութենէն:

Վտանգը սակայն չէ հեռացած` ո՛չ դպրոցներուն, ո՛չ մեր հաստատութիւններուն համար: Այս պատճառով է, որ պէտք է զգաստ մնալ, կրկնապատկել ջանքերը, սեղմել մեր համախմբուածութիւնը, աւելի ամուր կառչիլ մեր գաղութի պահպանման ճիգին:

Մարտահրաւէրներուն ընդառաջ` աւելի զօրաւոր ու աւելի կազմակերպուած դուրս գալու հաստատ համոզումով:

Նախորդը

Ո՞ւր Մնաց «Զտարիւն Հայ» Կոչուած Մեր Արդար Համբաւը

Յաջորդը

Տէրսիմցի Հայեր Կը Վերադառնան Իրենց Արմատներուն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.