Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԼԱՔ. ԿՈՂՈՊՈՒՏԻ ՄԻՋՆԱՐԱ՞Ր…

June 3, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքի երթ ու դարձի ճամբուս վրայ կայ վառելանիւթի կայան մը, զոր ես ինծի համար ցուցանիշ ճշդած եմ սակերու ելեւէջին (խայտաբղէտ կայաններու սակացոյցերն ալ խայտաբղէտ են. կրնա՞ս բոլորին ելեւէջներուն հետեւիլ): Անցեալ ամիսներուն անոր ցուցատախտակին վրայ հետեւած եմ սակերու արագ վերելքին:

Նկատեր էի, թէ ինչպէ՛ս, սկզբնական շրջանին, քանի մը օրը անգամ մը սակերը կը մագլցէին դանդաղօրէն: Յետոյ մագլցումը թափ ստացաւ. եղան օրեր, երբ սակացոյցը վերելք ցոյց տուաւ թէ՛ երթիս, թէ՛ դարձիս:

Պաշտօնական այս կողոպուտը շարունակուեցաւ մինչեւ անցեալ շաբաթ երբ յանկարծ Նիւթընի ձգողութեան օրէնքը սկսաւ իր ներգործութիւնը ունենալ ցուցատախտակին վրայ. սակերը բաւական անկում կրած են հիմա:

Կը մտածեմ. հաւանաբար քարիւղի ընկերութիւնները ինքնաբերաբար խղճի եկած են եւ որոշած են կողոպուտը մեղմել: Փաստօրէն, ոչ ոք գանգատեցաւ սակերու բարձրացման դէմ (եթէ տունը կամ բարեկամներու հետ զրոյցի պահուն գանգատեցաք, դո՛ւք ալ գիտէք, թէ այդ գանգատները լսող ականջներու չեն հասնիր): Միջին Արեւելքը եռեւեփող ցոյցերուն պէս արարքներ տեղի չունեցան, ոչ ալ` իշխանութեան տապալումի սպառնալիքներ:

Սակերու անկումը ինչպէս` նախընթաց շաբաթներուն արձանագրուած բարձրացումները, տրամաբանական բացատրութիւն չունին, ինչպէս որ անբացատրելի են… անոնց հանդէպ կրաւորական հանդիսատեսութիւնը:

Եթէ մօտիկ անցեալին բարձրացումները կը դիտուէին մտահոգ աչքերով, նուազումը վստահաբար կը դիտուի այն գոհունակութեամբ, որ կը բացատրուի հայկական հետեւեալ առածով.- «Եթէ Աստուած ուզէ աղքատը ուրախացնել նախ էշը կորսնցնել կու տայ, յետոյ գտնել կու տայ»:

Կրաւորականութեան պատճառները կարելի է փնտռել շատ տեղ, օրինակի համար` ելեւէջներուն մասին լրատու միջոցներու բացարձակ անտարբերութեան մէջ: Արդեօք  մամուլը երբեւիցէ հաղորդե՞ց, որ տակառ մը քարիւղի արտադրութեան սակը շուրջ 20 տոլար է, իսկ միջազգային սակարանին մէջ` 110 տոլար…: (Բայց ատիկա… մեզի՞ ինչ):

Հիմա հաւատա՞նք, որ մարդիկը խղճի եկած են ու սպառողին հանդէպ սէր-գուրգուրանք կը տածեն (անշուշտ ոչ` իրենց գրպաններուն չափ)ե թէ՞ եղածը պարզապէս միջնարար մըն է, աչքի փոշի ցանելու պէս բան մը:

Ս. Մ.

 

Նախորդը

«ԱՄԱՌԱՆ» ԵՒ «ՁՄԵՌԱՆ» ՀԱՏՈՐՆԵՐԷՆ ՔԱՂՈՒԱԾ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՔԱՐՈԶՆԵՐԸ. (Հեղինակ` Գրիգոր Տաթեւացի)

Յաջորդը

ՎԱԼՄԱՐԻ «ՎԵՆԵՏԻԿԵԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻԱՆ». «ԱՅՍ ՏԵՂՈՎ ՀԱՅ Է ԱՆՑԵԼ ՇԻՆԱՐԱՐ ՀԱՅ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.