
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը:
Հանդիպումէն ետք Էխհորեսթ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն, նոյնիսկ Հըզպալլայի հետ իր երկխօսութիւնը պիտի շարունակէ:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի գործակցի Լիբանանի բոլոր կառավարութիւններուն հետ, նոյնիսկ եթէ Հըզպալլա մաս կազմէ անոնց:
Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի միջլիբանանեան երկխօսութեան, որ երկրին կայունութեան պահպանման բանալին է:
Էխհորեսթ յայտնեց, որ ինք Եւրոպական Միութեան պիտի փոխանցէ Մանսուրի մտահոգութիւնը` նկատել տալով միաժամանակ, որ Միութեան կողմէ տրուած որոշումը պիտի յայտարարուի վաղը` հինգշաբթի օր, դիտել տալով, որ այդ որոշումին մէջ անուններ պիտի չնշուին, այլ` Հըզպալլայի զինուորական թեւը:

Մանսուր ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական նկատելու որոշումը խստիւ դատապարտելի է` աւելցնելով, որ մեծագոյն ահաբեկիչները, սրբապղծութիւններ գործող յանցագործները եւ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխողները «սուրբեր» դարձած են:
«Իսրայէլ պէտք է գիտնայ, որ Հըզպալլայի դէմ այդ որոշումը Հըզպալլայի դիմադրութեան ուղեգիծին եւ ոճին վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ ան յուլիսեան պատերազմին յաղթանակը կը նշէ», ըսաւ Ապատի:
Ապատի շեշտեց, որ այդ որոշումը տրուած է Եւրոպական Միութեան վրայ բանեցուած իսրայէլեան եւ ամերիկեան ճնշումին պատճառով:
Ան աւելցուց, որ ինք Մանսուրին յանձնած է 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին առիթով շնորհաւորագիր մը:
Նշենք, որ հարցազրոյցի մը ընթացքին Մանսուր կարեւոր նկատեց Լիբանանի կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը` քննարկելու համար Եւրոպական Միութեան կողմէ տրուած Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու որոշումը:
Ան շեշտեց, որ այդ որոշումը պիտի ունենայ իր հետեւանքները եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` միասնական մնալու:
Մանսուր յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի գտնէ Լիբանանը հարուածելու այնպիսի պատճառաբանութիւն մը, որ 28 եւրոպական երկիրներու զօրակցութիւնը կը վայելէ: «Այդ պարագային ոչ ոք պիտի կարենայ վերջ դնել զինուորական գործողութիւններուն, մինչդեռ Լիբանան Եւրոպական Միութեան հետ քաղաքական յարաբերութիւններ ունի եւ պէտք է քայլերու դիմէ», ըսաւ Մանսուր:
Ան նշեց, որ թէեւ Եւրոպական Միութեան կողմէ տրուած է Հըզպալլայի վերաբերող որոշումը, սակայն բոլորին համար յստակ է, թէ այդ որոշումը Իսրայէլի կողմէ մշակուած է:
Մանսուր յայտնեց նաեւ, որ կարելի չէ այս կամ այն որոշումին հիման վրայ լիբանանեան քաղաքական կեանքէն լուսանցքայնացնել քաղաքական ուժ մը կամ արգիլել երկրին կառավարութեան անոր մասնակցութիւնը:


