Փոխադրամիջոցներու սակագինի թանկացումներուն դէմ պայքարը կը շարունակուի: Երեւանի քաղաքապետարանին մօտ հերթական բողոքի ցոյց կատարեցին ՀՅԴ երիտասարդական, Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնները եւ շարքային քաղաքացիներ: Ցոյցի մասնակիցներէն շատերը համոզուած են, որ քաղաքապետարանը ժողովուրդին սխալ հաշիւներ կը ներկայացնէ: Անոնք պատրաստ են պայքարելու մինչեւ վերջ` անցեալին գործող 100 դրամին վերադառնալու համար:
Միութիւններու անդամներն ու անոնց միացած սովորական քաղաքացիները պահանջեցին, որ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան կատարէ ամիսներ առաջ տուած իր այն խոստումը, թէ փոխադրամիջոցներու սակագինը պիտի չբարձրանայ:
Քաղաքապետարանին մօտ հաւաքուած բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն մէկ հանգամանք կը զարմացնէ, ինչո՞ւ «150 դրամ չենք վճարեր» ցոյցին աւելի շատ քաղաքացիներ չեն միանար: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները բոլոր համաքաղաքացիներուն կոչ ուղղեցին միանալու իրենց եւ պայքարելու ոտնահարուած իրաւունքները վերականգնելու համար:
Հաւաքուածներուն այս կարծիքին հետ համաձայն գտնուեցաւ նաեւ Երեւանի աւագանիի «Բարեւ Երեւան» դաշինքի անդամ Անահիտ Բաշխեան: Վերջինը կը շտապէր քաղաքապետարան, ինչպէս ինքը ըսաւ` խօսքէն գործի անցնելու նպատակով:
Ի դէպ, բողոքի ցոյցէն վայրկեաններ առաջ գործի դրուեցան քաղաքապետարանի առջեւի սիզամարգեր ջրելու համար նախատեսուած համակարգերը: Հակառակ անոր, որ բարակ շիթով էր, ամէն պարագայի, ջուրը կը թրջէր բողոքի ցոյցին մասնակիցները, իրադարձութիւնը լուսաբանող լրագրողները եւ քաղաքապետարանին մուտքը շրջափակած ոստիկանները:


