PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան, որ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր լեհական Վիտզեւի խումբին հետ, արդէն իսկ պայմանագիր ստորագրած է անոր հետ: Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարած է ակումբին պատասխանատուներէն Միհալ Վլազլիք:
Նշենք, որ Հայրապետեան, որ նախապէս հանդէս կու գար լեհական այլ կազմի մը` Լեկիայի հետ, անոր հետ կատարած է 38 մրցում:


