Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԽՈՒՄԲԸ` ՄԻՋՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

June 1, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 27 մայիսին իր աւարտին հասաւ լիբանանեան միջհամալսարանական ֆութսալի ախոյեանութիւնը: Հայկազեան համալսարանի ֆութսալի տղոց խումբը հանդիսացաւ ախոյեան:

Արդարեւ, չորս տարիներ առաջ, լիբանանեան առաջնակարգ ութ համալսարաններու («Էյ. Եու. Պի.», «Էլ. Էյ. Եու.» Պէյրութ եւ Ժիպէյլ, Պալամանտի համալսարան, Քասլիքի համալսարան, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարան, Անթունի Պաապտա համալսարան եւ Հայկազեան համալսարան) մարզական պատասխանատուներ կազմակերպեցին վերոյիշեալ ութ համալսարաններու մարզական զանազան խումբերու միջեւ առաջին մարզական ախոյեանութիւնը, որ կ՛առանձնանայ իր կազմակերպչական բծախնդրութեամբ եւ մակարդակի բարձրութեամբ:

Այս տարի մրցաշարքը թեւակոխեց իր չորրորդ տարեշրջանը:

Հայկազեան համալսարանի տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի եւ տղոց ֆութսալի խումբերը միշտ ալ մասնակցեցան այս ախոյեանութեան:

Սկզբնական համեստ արդիւնքներէ ետք, անցեալ տարի Հայկազեան համալսարանի ֆութսալի խումբը գրաւեց երրորդ պատուաբեր դիրքը:

Սակայն այս տարի Հայկազեանի տղաքը վճռած էին աւելի մեծ արդիւնքի հասնիլ:

Արդարեւ, խումբի անդամները` Յակոբ Միհրանեան (խմբապետ), Խաչիկ Քերպապեան (բերդապահ), Շանթ Ապու Շամ, Ռազմիկ Գաբրիէլեան, Ժան-Փոլ Գոնճեան, Նարեկ Դաւիթեան, Նարեկ Եագուպեան, Մոհամետ Թապպարա, Արա Կիւտեշեան, Պօղոս Մալեան, Կարէն Մահտեսեան, Ժանօ Պաղպուտարեան, Սեւակ Տեմիրճեան, Գօգօ Տիշչեքենեան եւ Ճորճ Ֆեթուլահեան, մարզիչ Մարուն Խուրիի եւ համալսարանի մարզական պատասխանատու Սահակ Պիտինեանի ջանքերով, անկոտրում վճռակամութեամբ կրցան իրագործել ու նուաճել բացառիկ արդիւնք:

Երկարաշունչ այս ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին, բոլոր խումբերը երթուդարձի մրցումներ կատարեցին իրարու դէմ, որմէ ետք չորրորդ հանդիսացող խումբը ճակատեցաւ առաջինին, իսկ երրրոդը` երկրորդին դէմ: Այդ հանգրուանին, Հայկազեանի տղաքը մրցեցան Քասլիքի համալսարանի խումբին դէմ եւ 4-1 ու 7-3 արդիւնքներով կրկնակի յաղթանակ արձանագրելէ ետք, հասան աւարտական հանգրուան` մրցելու «Էյ. Եու. Պի.»ի խումբին դէմ, որ յաղթած էր «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի խումբին:

Աւարտական մրցումի առաջին խաղին (23 մայիս) Հայկազեան պարտուեցաւ 8-4 արդիւնքով` «Էյ. Եու. Պի.»ի դաշտին վրայ: Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցած երկրորդ խաղին (26 մայիս) Հայկազեան յաղթեց 7-6 արդիւնքով: Վճռական երրորդ խաղը տեղի ունեցաւ «Էյ. Եու. Պի.»ի դաշտին վրայ` 27 մայիսին, շուրջ 100 հայկազեանցի եւ բարեկամ այլ ուսանողներու ներկայութեան: Խումբին համակիրները յատուկ խանդավառութիւն եւ ոգեւորութիւն ներշնչեցին Հայկազեանի տղոց, որոնք ըրին իրենց ամէն կարելին ու հասան աննախընթաց արդիւնքի: Խաղի հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 3-3, իսկ յաւելեալ ժամանակին հայկազեանցի տղաքը յաջողեցան նշանակել  յաղթական կոլը եւ տիրանալ ախոյեանութեան:

Կը շնորհաւորենք Հայկազեան համալսարանի ֆութսալի խումբի տղաքը, համալսարանի պատասխանատուները եւ բոլոր քաջալերողները` յատկանշական այս իրագործումին համար:

 

Նախորդը

ԵՒՐՕ-2012. ՌՈՒՍԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ԴԱՇՏ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՅ ԿԱՐՄԻՐ ՇԱՊԻԿՈՎ

Յաջորդը

ՔԱՐԹԻՆԿ-ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՐԱՅՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐՐՈՐԴ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ. Պաքու Պիտի Հիւրընկալէ Եւրոպասքեթը. Հայաստան Դիմում Կը Ներկայացնէ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Պաքու Պիտի Հիւրընկալէ Եւրոպասքեթը. Հայաստան Դիմում Կը Ներկայացնէ

November 25, 2026
Թենիս. Հայազգի 6 Թենիսմեններ` Լաւագոյն 1000-ին Մէջ
Մարզական

Թենիս. Հայազգի 6 Թենիսմեններ` Լաւագոյն 1000-ին Մէջ

November 25, 2026
Նոթս Քաունթիի Հայ Մարզիչ Տիգրան  Թադեւոսեան Լոնտոնի Հայեր Կը Մարզէ
Մարզական

Նոթս Քաունթիի Հայ Մարզիչ Տիգրան Թադեւոսեան Լոնտոնի Հայեր Կը Մարզէ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։