Լիբանանցի միջազգային աթլեթ Փիա Նաամէ, աղջկանց 1500 մեթր վազքի մրցումներուն Օթաուայի մէջ (Քանատա) լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 4′ 39″ 39 արդիւնք մը: Նախկին մրցանիշը եւս կը պատկանէր Նաամէի` 4′ 42″ 15:
Նշենք, որ անոր մարզիչն է Վահէ Աբրահամեան:
Նաամէի գլխաւոր հովանաւորող ընկերութիւններն են` «Օ. Էմ. Թի.» եւ «Լա Մարինա»` Տըպպայէ:


