Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիւլէ Հայաստանի Պետական Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներուն Հետ Քննարկեց Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Յարաբերութեանց Ամրապնդման Հեռանկարները

July 11, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէն:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները գոհունակութեամբ խօսեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, այդ յարաբերութիւններուն մէջ առանցքային տեղ գրաւող Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան եւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին ու անոր մաս կազմող Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի բանակցութիւններուն ընթացքին մասին:

Կողմերը գոհունակութեամբ նշեցին շարժունակութեան մարզին մէջ համագործակցութեան յառաջընթացը` ընդգծելով, որ ստորագրուած են եւ այժմ վաւերացման հանգրուանին մէջ կը գտնուին այցեգիրերու դիւրացման եւ Յետընդունման վերաբերեալ համաձայնագրերը:

Ֆիւլէ անդրադարձաւ նաեւ Վիլնիուսի Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան հաստատակամ պիտի շարունակէ եւ նոր թափ հաղորդէ շարք մը ուղղութիւններով երկրին մէջ իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներուն` ակնկալելով անոնց իրագործման նկատմամբ ցուցաբերուող աջակցութեան ընդլայնում:

Նալբանդեանի Հետ Հանդիպումը

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս հանդիպում ունեցաւ Երեւան ժամանած Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի հետ:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ վերջին տարիներուն Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը լուրջ յառաջընթաց արձանագրած է: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու հոլովոյթին շարունակական աջակցութեան համար:

Զրուցակիցները քննարկեցին Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ ընթացող բանակցային հոլովոյթներուն առնչուող հարցեր:

Յանձնակատար Ֆիւլէ բարձր գնահատեց Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցող դրական զարգացումները` ընդգծելով, որ Հայաստանը Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի յառաջատար երկիրներէն մէկն է, եւ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը` շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն: Յանձնակատար Ֆիւլէ նաեւ յոյս յայտնեց, որ սոյն թուականի նոյեմբերին տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիուսի վեհաժողովին նախաստորագրուին Ընկերակցութեան համաձայնագիրը եւ Խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման մասին համաձայնագիրը:

Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը նշեցին Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Մուտքի արտօնագիրի դրութեան դիւրացման եւ Յետընդունման համաձայնագիրներու շուտափոյթ վաւերացման կարեւորութիւնը:

Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան շրջագիծին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական խորհուրդին միջեւ համագործակցութեան:

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Շթեֆան Ֆիւլէ քննարկումները շարունակեցին երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած աշխատանքային ընթրիքի ընթացքին:

Աշոտեանի Հետ Հանդիպումը

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նոյնպէս հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Պոլոնիայի հոլովոյթի քարտուղարութեան եւ 2015 թուականին Հայաստանի մէջ Պոլոնիայի հոլովոյթին անդամակցած պետութիւններու նախարարական վեհաժողովի կազմակերպման առնչուող շարք մը հարցեր:

Նշուեցաւ, որ Հայաստան նախկին Խորհրդային Միութեան միակ երկիրն է, որ ստանձնած է այսպիսի բարձր պատասխանատուութիւն: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Ա. Աշոտեանի կողմէ առաջարկուած է այս տարուան սեպտեմբերին նախատեսուող Արեւելեան գործընկերութեան կրթութեան նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումին, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէն եւ կրթութեան եւ մշակոյթի հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Անտրուլա Վասիլիուն, ներկայացնել Պոլոնեան հոլովոյթի քարտուղարութեան հայաստանեան տեսակէտը, ինչպէս նաեւ Գիտական-արհեստագիտական եւ զարգացման Եւրոպական Միութեան «Հորիզոն 2020» ծրագիրին Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեան կապուած հեռանկարները:

Յանձնակատար Ֆիւլէի կողմէ կարեւոր նկատուեցաւ «Էրազմուս+» ծրագիրը` իբրեւ ուսանողներու եւ դասախօսներու միջեւ շարժունութեան, միջհամալսարանական կապերու հաստատման կարեւոր գործիք:

Քննարկուեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վարկանշաւորման գործակալութեան ստեղծման հայաստանեան առաջարկը եւ 17-18 հոկտեմբերին Հայաստանի Եւրոպական Խորհուրդի նախագահութեան շրջագիծին մէջ նախատեսուող կրթութեան նախարարներու շրջանային հանդիպման կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:

Յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ բարձր գնահատեց Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցող դրական զարգացումները եւ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը` շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուող կրթական բարեփոխումներուն:

Կողմերը քննարկեցին նաեւ շարք մը քաղաքական հարցեր:

Նախորդը

Անդրէասեան Կը Պահանջէ Կրիկորիուի Պաշտօնանկութիւնը

Յաջորդը

«Վարչապետը Պատերազմ Յայտարարած Է Դաշնակցութեան Դէմ» Յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.