Պարսելոնայի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող յառաջապահ Նէյմար եւ յետսապահ Եորտի Ալպա ենթարկուեցան յաջող կոկորդի վիրաբուժութեան:
21 տարեկան Նէյմար վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ, մինչ 24 տարեկան Ալպա` Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքին մօտ գտնուող Թերասայի մէկ դարմանատան մէջ:
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա յայտնեց, որ անոնք շուրջ տասը օրուան ապաքինումի կարիք ունին:


