ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Պաշտօնական ժողովներու աշխատանքներու աւարտին սովորութիւն դարձած է հրատարակութեան տալ յայտարարութիւններ, որոնցմով կը ներկայացուին հետագայի հաշուոյն մշակուած ծրագիր(ներ)ի նախագիծը կամ որդեգրուած սկզբունքներուն խտացումը:
Այդօրինակ յայտարարութիւնները, ընթերցող հանրութիւնը լուսաբանելու նպատակին հետ, ենթակայ մարմիններուն, վարչական կառոյցներուն եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն համար կը հանդիսանայ առաջիկայի գործունէութեան ուղեցոյցը:
Արդեօք այդ մարմիններն ու վարչութիւնները նկատի կ՛առնե՞ն տրուած ցուցմունքը եւ համապատասխանաբար աշխատանքի յայտագիր կը պատրաստե՞ն, թէ՞ ոչ, խնդիր չի դրուիր հոս եւ ներկայ գրութեան նիւթն ալ այդ չէ արդէն:
Խնդիր է սակայն, եւ յաւելեալ լուսաբանութեան կարիքը զգացուի թերեւս, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ու այդ առիթով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին կողմէ մամուլին յանձնուած յայտարարութիւնը, որուն թիւ 5 պարբերութեան մէջ կը կարդանք. «… Միանգամայն մեր սպասումն է, որ Հայաստանը եւ սփիւռքը իր մէջ ներառող ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հովանաւորութիւնը վայելող այս (100-ամեակի պետական) յանձնաժողովը սոսկ ձեռնարկները «համակարգող» մարմին չդառնայ, այլ որոշակի ու յստակ որոշումներ տայ` յատկապէս մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող…»:
Մարտահրաւէրի շեշտով ու դրուածքով 100-ամեակի պետական յանձնաժողովէն այս «սպասումը» ակնկալելի էր ու տրամաբանական այն պատճառով, որ հակառակ նշանակումէն երկու տարի անցած ըլլալուն եւ հակառակ ժողովական նիստեր գումարած ըլլալու արձագանգումներուն` նոյնիսկ իբրեւ «համակարգող» մարմին իր ներկայութիւնը զգալի չդարձուց ան: Հանրութիւնը չէ իրազեկուած տակաւին, թէ 100-ամեակի յանձնաժողովը ի՛նչ կը մտածէ, ի՛նչ կ՛ընէ, համահայկական տարածքով համադրելի աշխատանքներու ձեռնարկա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Եթէ նոյնիսկ ծրագիրները «գաղտնի» պահելու խնդիր մը կայ, կ՛ակնկալուէր, որ գէթ 100-ամեակի սկզբունքային հետամտութիւնը յստակացուէր եւ անիկա հրապարակուէր կամ յղուէր գաղութներու մէջ կազմուած ենթայանձնաժողովներուն` իբրեւ տնօրինուած ուղղուածութիւն (directive):
Տարբեր օրերու մէջ եւ տարբեր պարագաներու տակ առնուազն տարօրինակ պիտի թուէր Ազգային ընդհ. ժողովի «Սպասումը» այն մասին, որ յանձնաժողովը «Մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող» մարմին դառնայ:
Մենք պիտի չզարմանանք, եթէ «մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող» մարմին չկամենայ դառնալ Հայաստանի նախագահին հովանաւորութեամբ գործող յանձնաժողովը, քանի որ Հայաստան-Թուրքիա ամօթալի արձանագրութիւններու թակարդին ճնշիչ ստուերը եւ… «պետական մտահոգութիւնները» կը կաշկանդեն Սերժ Սարգսեանին գործելու ազատութիւնը:
Պահանջատիրութիւնը կը հակադրուի արձանագրութիւններուն եւ, փոխադարձաբար, արձանագրութիւնները մերժումն իսկ են պահանջատիրական տրամաբանութեան:
Խնդիր է տակաւին, որ 100-ամեակի սեմին, պահանջատիրութեան հանգրուանը եկած համարելով հանդերձ, «Ի՞նչ է ձեր պահանջածը» պարզ հարցումին պատասխանը չենք յստակացուցած: Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի այնպիսի պատասխանի, որուն շուրջ համազգային նուազագոյն համախոհութիւն մը գոյացած ըլլայ:
Զգո՜ւշ:
Անորոշ իմացումով պահանջատիրութիւնը կրնայ թակարդ մը դառնալ մեզի համար, այնքան ատեն որ չի յստակացուիր, թէ ի՛նչ կը պահանջուի:
Այնքան ատեն որ ի զօրու կը մնան տխրահռչակ արձանագրութիւնները, անհաւանական չէ, որ չյստակացուած «պահանջատիրութեան» տրուի նիւթական ու բարոյական հատուցումի մը բովանդակութիւնը միայն:


