Շախտիոր Տոնեցքի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան մտադիր է ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Պորուսիա Տորթմունտի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am` նշեալ լուրը քաղելով գերմանական «Պիլտ» հանրածանօթ պարբերաթերթէն:
Աղբիւրին վկայակոչութեամբ, թէեւ Թոթենհամ եւ Լիվըրփուլ բաւական մօտէն հետաքրքրուած են Մխիթարեանով, սակայն ան կ՛ուզէ իր ասպարէզը շարունակել Գերմանիոյ մէջ եւ ան արդէն իսկ սկզբունքային համաձայնութեան եկած է Տորթմունտի պատասխանատուներուն հետ:
Նշենք, որ կարճ ատեն մը առաջ, Մխիթարեանի համար Տորթմունտ առաջարկեց 23 միլիոն եւրօ, թէեւ ուքրանական ակումբը կը պահանջէ 30 միլիոն եւրօ:


