«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքին հետեւողները նկատած են արդէն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան, սփիւռքի եւ Հայ դատի վերաբերող լրատուութիւններու մեկնաբանութիւններու թարմացումին կշռոյթը հետզհետէ կ՛արագանայ: Շաբաթական հերթականութեամբ կատարուող թարմացումները արդէն վերածուած են ոչ միայն օրական, այլ նաեւ յաճախակիօրէն օրուան մէջ բազմաթիւ անգամ կատարուող տեղադրումներու:
Լրատուութիւններու յաճախակի թարմացման զուգահեռ կը նկատուի նաեւ այցելուներու թիւի կտրուկ աճ, որուն օգտակար կ՛ըլլայ նաեւ արաբերէն կայքի նիւթերը առաւել հասանելի դարձնող «ֆէյսպուք»-ի յատուկ էջը:
Կայքի խմբագիրն է դոկտ. Նորա Արիսեան:
Արաբալեզու հայկական կայք ունենալու անհրաժեշտութիւնը շեշտելով կայքին հովանաւորութիւնը կը ստանձնէ «Ազդակ»-ի աշխատանքները քաջալերող, «Ազդակ»-ի բարեկամներէն Լեւոն Զէքի Ետալեան:
Մամուլի գործին հաւատացող նման հովանաւորներու քաջալերանքով «Ազդակ»-ի անձնակազմը յաւելեալ պատրաստակամութեամբ պիտի շարունակէ հայ մամուլի առաքելութեան գործը:


