Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետ. Շամլեան Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսները

July 6, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ աւետ. Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական  վարժարանը բոլորեց 2012-2013 կրթական տարեշրջանը, եւ վարժարան ու ծնողք քաղեցին այս տարուան հունձքերը: Մանկապարտէզի փոքրիկները, թիւով 19, ամավերջի իրենց հանդէսը կատարեցին Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցիին «Կ. Հասէսեան» սրահին մէջ: «Ճամբորդական միջոցներ» ընդհանուր նիւթին ծիրին մէջ սիրասուն փոքրիկները` Բողբոջիկ-Բողբոջ-Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու, աղօթեցին, երգեցին, պարեցին եւ թատերական տեսարան մը ներկայացուցին: Տպաւորիչ էր Հայաստանի քարտէսը կազմող խմբակին ներկայացումը: Բարի գալուստի իր խօսքին մէջ մանկապարտիզպանուհի Զեփիւռ Քէշիշեանը շեշտեց վարժարանին ազգային ու կրթական առաքելութիւնը: Իսկ տնօրէնուհի  Վարդուհի Պալըգճեան ընթացաւարտ ծաղիկները յորդորեց որ սիրեն սորվիլը, նոյն ատեն շեշտելով ծնողներուն դերը` մանուկներու կրթութեան գործին մէջ:

Վեցերորդ կարգի աշակերտները եւս ստացան իրենց վկայականները, եւ այդ` 26 յունիս 2013-ին իրագործուած «Տաղանդներու օր»-ուան յայտագրին աւարտին: «Տաղանդներու օր»-ուան յայտագիրը կազմուած էր նախակրթարանի մէջ տարուան ընթացքին գործունէութեան խմբակներուն (Աստուածաշունչի, ասմունքի, ձեռայինի, փինկ-փոնկի, պարի եւ երգի) ներկայացումներով: Վեցերորդ կարգի աշակերտները վկայականներու բաշխումէն առաջ ներկայացուցին «Սողոմոն` արդարադատ թագաւորը» թատրերգութիւնը: Տնօրէնուհին ընթացաւարտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ վեր առաւ մեծնալու  եւ պատասխանատուութեան կապը: Տեղին է նշել, որ գերազանց աշակերտի յատուկ գնահատագրեր ստացան երկու աշակերտուհիներ` Սելի Սարգիսեան եւ Էֆի Գապագեան, որոնք նախակրթարանի բոլոր կարգերուն մէջ եղած էին առաջնակարգ աշակերտներ:

 

 

 

 

 

 

 

Տասներկրորդ կարգի վկայականներու բաշխումը կատարուեցաւ կոկիկ յայտագրի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 22 մայիս 2013-ին, դարձեալ «Կ. Հասէսեան» սրահին մէջ: Երգ, պար ու ասմունքի կողքին, ներկայ հիւրերը, ծնողներն ու բարեկամները դիտեցին ընթացաւարտներուն դպրոցական յիշատակներու նկարները եւ լսեցին երկու աշակերտներու հրաժեշտի ուղերձները: Իր հուսկ բանքին մէջ տնօրէնուհին բարի երթ մաղթեց եւ զանոնք քաջալերեց` յոյսով դիմակալելու իրենց հայու, լիբանանցիի եւ ընդհանրապէս մարդկային վիճակները: Ընկերա-տնտեսական բաժանմունքէն վկայուեցան` Ապաշեան Վերոնիքա, Ապրումեան Անուշ, Արմաղանեան Ճեսիքա, Արմաղանեան Մարիա, Պեզճեան Փաթիլ, Պոզօղլանեան Մարինա, Տոլմայեան Լորա, Ղազարեան Տէյվիտ, Ղազարեան Մարինա, Խոզեան Սագօ, Մազմանեան Ալինա, Մոմճեան Փիթըր, Սուսանի Նանոր, Եուսեֆ Սիլվա: Ընդհ. գիտութեանց բաժանմունքէն` Խամիսեան Պարետ, Խամիսեան Քրիսթ, իսկ կենսա-գիտական բաժանմունքէն` Աւետանեան Ռիթա, Հաննէեան Սարին, Մխճեան Տիգրան:

 

Նախորդը

Աշխարհի Ամէնէն Լաւ Գործը…

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.