Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Շքեղ Հանդէսը

July 2, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի հանդիսասրահին մէջ, որ լեցուն էր հանդիսականներով:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեան աղօթք մատուցանեց, ապա երբ վարագոյրը բացուեցաւ, երեւան ելաւ շքեղօրէն զարդարուած բեմը, որուն նիւթն էր` «Մեր դպրոցը 90 տարեկան է»: Հուսկ, մանկապարտէզի չորս դասարաններու աշակերտները փառաբանութեան երգեր ներկայացուցին ու գործադրուեցաւ պէսպիսուն յայտագիր մը` հայկական ու լիբանանեան պարէ, հայերէն, արաբերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով արտասանութիւններէ եւ երգերէ բաղկացած: Փաուըր փոյնթով ցուցադրուեցան մանկապարտէզի անցնող տարեշրջանի կեանքը, յատկապէս արտադպրոցական պտոյտներն ու տօնախմբուած տարեդարձները:

Ապա մանկապարտիզպանուհի Յասմիկ Թորոսեան բեմ հրաւիրեց դպրոցի տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեանը` կատարելու վկայականներու բաշխումը: Վկայական ստացան` Քրիստափոր Ալեմեզեան, Մ. Համմուտ, Կրէյս Հալաճեան, Սէրլի Հատտատ, Սէրլի-Ռոզի Շահինեան, Արին Պաստաճեան, Լանա եւ Լորա Սայիլեաններ եւ Ճօ-Արթըր Սալիպա: Տնօրէնը շնորհաւորեց մանկապարտէզի աւարտականներն ու իրենց ծնողները, որոնք ճիշդ ընտրութիւն ըրած էին իրենց զաւակները հայկական դպրոց դնելու: Ապա անդրադարձաւ իր 90-ամեակը նշող դպրոցէն ներս մանկապարտէզին մէջ կատարուած մանկավարժական աշխատանքին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտիզպանուհիին եւ ուսուցչուհիներուն:

Ծաղիկ դասարանի հրաժեշտ մանկապարտէզին արտասանութենէն ետք վեր. Հ. Չոլագեան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնին եւ մանկապարտէզի բաժնին մէջ աշխատողներուն եւ իր օրհնութեան աղօթքով փակեց կոկիկ հանդէսը:

Հանդէսի աւարտին մանկապարտիզպանուհիին հրաւէրով տնօրէնը, հովիւը եւ հոգաբարձութեան ատենապետուհին հատեցին 90-ամեակի կարկանդակը:

Նախորդը

Համազգայինը Գեղարուեստական Յայտագիր Մը Ներկայացուց «Ճիզըզ Էնտ Մերի» Քոլեճին Մէջ

Յաջորդը

Ամբողջական Հայը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.