Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻԱ. Դարը Եւ Դպրեվանքին Առաքելութիւնը

June 29, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱԲՂ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

ԻԱ. դարու արհեստագիտութեան աննախընթաց զարգացումը, մեծ փոփոխութիւններ յառաջացուց մարդկային կեանքին մէջ: Այս փոփոխութիւններու ծիրին մէջ, դրականին կողքին, եղան ժխտական ազդեցութիւններ, որոնք գերազանցեցին դրականը: Այլ խօսքով, մարդոց ջերմ յարաբերութիւնները պաղեցան, հետաքրքրութիւները «աժանցան», ծուլութիւնը թանձրացաւ մարդոց կեանքին մէջ եւ տակաւին` ուրիշ բազմաթիւ երեւոյթներ… Այս բոլորը կը պատկանին ամբողջ մարդկութեան կեանքի ցաւալի իրականութեան:

Պատկերացնենք սփիւռքահայութեան իրավիճակը այս իրականութեան առջեւ, երբ ան ունի առաւել պատասխանատուութիւններ եւ մարտահրաւէրներ: Սփիւռքահայը, մարդկային արժէքներուն զուգահեռ, ունի հայ ինքնութեան կերպարը պահպանելու ամէնօրեայ յանձնառութիւնը: Եւ կարելի է նկատել, թէ սփիւռքահային համար որքան կը դժուարանայ հայ մնալու եւ գոյատեւելու հրամայականը, բազմապիսի հոսանքներու առջեւ:

Բազմացող մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի մանաւանդ հայ ժողովուրդին թիւ մէկ պատասխանատուն` հայ Եկեղեցին, մասնաւորաբար` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ ստանձնած է հայուն եւ անոր պատկանող ինքնութեան բոլոր արժէքներու պատասխանատուութիւնը: Հայ ժողովուրդին մեծ զանգուածը քաջատեղեակ է եւ միաժամանակ` վկայ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հոգեւոր սնունդ մատակարարելու կողքին, է ու կը մնայ նաեւ պաշտպանն ու քաջալերողը հայ մշակոյթին, հայ լեզուին, եւ առհասարակ` հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն ու հարստութիւններուն: Այս իսկ պատճառով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար մեծ եւ անփոխարինելի տեղ ունի դպրեվանքը, որովհետեւ դպրեվանքէն դուրս կու գան ազգին ծառայողներ եւ ղեկավարներ: Առանց Դպերվանքի, Կաթողիկոսութիւնը եւ միաժամանակ սփիւռքի մէջ գտնուող հայ ժողովուրդին մեծ հատուածը, պիտի գտնուին լուրջ դժուարութեան առջեւ: Դպրեվանքին պատասխանատուութիւնն է դպրեվանեցիին տալ ծառայական այնպիսի ոգի, որ ան իր ազգին եւ եկեղեցւոյ հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունենայ. այնպիսի ծառայողներ դուրս գան դպրեվանքէն, որոնք պատրաստ ըլլան վերեւ յիշուած ներկայ դարու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: Իսկ դիմագրաւելու առաջին հրամայականն է` ծառայական անսակարկ ոգին ու ամբողջական նուիրուածութիւնը: Ինչպէս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը միշտ կը յիշեցնէ, թէ ծառայութեան ոգին աւելի կարեւոր ու անհրաժեշտ է, քան` գիտութիւնը: Ծառայական այդ ոգին փոխանցելու երեւոյթին ամէնէն յատկանշական կէտը այն է, որ աւելի քան ութսուն տարիներ զանազան տեսակի եւ ժամանակի սերունդներ կը պատրաստուին նոյն ոգիով: Փոխանցումի այս պատասխանատուութեան մէջ կը կայանայ դպերվանքին առաքելութեան յաջողութիւնը:

Մարտահրաւէրներով լեցուն եւ տակաւին բազմացող դժուարութիւններու իրավիճակին դիմաց, դպրեվանքը, Աստուծոյ նախախնամութեամբ, տակաւին կը շարունկէ պատրաստել այնպիսի տղաք, որոնք կամքն ունին իրենց կեանքով պայքարելու` ի խնդիր Հայ եկեղեցիին եւ հայ ազգին: Փաստօրէն, կիրակի 23 յունիս 2013-ին, երեք երիտասարդներ ծունկի գալով Աստուծոյ Ս. խորանին առջեւ, եւ հաւատացեալ ժողովուրդի վկայութեամբ, ուխտեցին իրենց կեանքը նուիրել եկեղեցիին եւ ազգին: Իրենց ուխտով քաջալերելով ուրիշներ եւս` պատգամեցին, թէ կեանքի նուիրական մէկ իրականութիւնն է եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութիւնը:

Որքան խրախուսիչ պահ էր, երբ տեսանք մատղաշ երիտասարդներուն զինուորագրումը Հայ եկեղեցւոյ բանակին, ուր հանգիստ կեանքի խոստումներ չկան, այլ` տագնապ, պատասխանատուութիւն, ծառայութիւն եւ անձնուրացութիւն: Իսկ զինուոր-եկեղեցականին կատարելագործութիւնը կ՛ըլլայ այն ժամանակ, երբ` «կը պարտինք քալել նոյնինքն Քրիստոսի օրինակով, խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ», ընդգծեց ձեռնադրող սրբազան Շահէ եպս. Փանոսեանը: Ամէնէն ոգեւորիչ պահը եղաւ, երբ վեհափառ հայրապետը նորընծաներուն ճակատները համբուրեց իր հայրական օրհնութեամբ` զանոնք ողջունելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան ընտանիքին մէջ: Այդ հայրական ջերմ համբոյրը քաջալերանք եւ ուժ էր նորաօծներուն համար, որպէսզի սէր ու հոգի դնեն իրենց կեանքի բոլոր գործերուն մէջ` ի խնդիր Հայ եկեղեցիին եւ ազգին:

Հայ ժողովուրդը կարիքը ունի մարդուժի, որոնք անշահախնդիր պատրաստակամութեամբ ծառայեն բոլոր հայկական մարզերուն մէջ: Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, հայկական բազմաթիւ արժէքներ եւ իրականութիւններ նահանջ կ՛արձանագրեն, որոնց յառաջդիմութեան համար միակ նախապայմանը անձնուէր մարդուժն է: Այս մտահոգութեամբ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին անմիջական ու հայրական խնամատարութեամբ ու հսկողութեամբ, դպրեվանքը իր առաքելութիւնը կը շարունկէ: Նորին սրբութեան տիպարը, քաջալերանքն ու խրատները յառաջ կը մղեն դպրեվանեցիները, որպէսզի անոնք նետուին ծառայելու առաքելութեան նուիրական գործին մէջ, որուն մէկ արդիւնքին ականատեսը եղանք կիրակի, 23 յունիս 2013-ի աբեղայական ձեռնադրութեան: Յոյսով ենք բոլորս, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անմար կանթեղով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական ոգիով կեանքի բոլոր մարտահրաւէրները պիտի յաղթահարուին` ի խնդիր Հայ ժողովուրդի պայծառ ապագային:

 

 

Նախորդը

Անահիտը Յանկարծակի Մեկնեցաւ. (Անահիտ Արսլանեան-Մխճեանի Անժամանակ Մահուան Առիթով)

Յաջորդը

Յետմահու Նամակ Սարհատ Մելիք Սարհատեանին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.