Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

May 28, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս ամիսը հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ կը նշանաւորուի իբրեւ գերազանցապէս յաղթանակներու ամիս:  Հայութեան գոյապայքարը եւ լինելիութիւնը ամրապնդող յաղթանակներու ամիս: Պարտութեան երկարատեւ ժամանակաշրջաններէ եւ ընկրկումներէ ետք` վերյառնումի, ազգային գոյութեան վերաիմաստաւորման ամիս: Հայոց պատմութեան տարեգրութեան մէջ չկայ ուրիշ որեւէ այլ ժամանակաշրջան, որ այդքան ճակատագրորոշ ըլլայ հայութեան համար, որքան` մայիս ամիսը, եւ եթէ այսօր պետականօրէն կը վայելենք ազատ ու անկախ կարգավիճակ մը` ազատ ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ, ապա այս իրականութիւնը մասնաւորաբար կը պարտինք մէկ բանի` մայիսեան փառապանծ յաղթանակներուն:

Դիւրին է յաղթանակի երեւոյթին մասին ճառելը, բայց այդ յաղթանակի բերկրանքը ճաշակած մարդիկը` աշխարհազօրայիններն են մասնաւորաբար, որոնք իրապէս կը զգան իրենց կերտած այդ նուաճումին արժէքը: Մեր պատմութեան մէջ սոսկական տեղանուններ չեն Սարդարապատը, Ղարաքիլիսան, Բաշ Ապարանը: Այդ տեղանուններուն հետ կապուած ճակատամարտերն ու հերոսամարտերը ուղղակի հակազդեցութիւններն են արամ մանուկեանական «Երեւանը չե՛նք դատարկի…» կոչին: Թուրքը, հայութիւնը ի սպառ ոչնչացնելու իր ճիգին մէջ, կը ձգտէր նաեւ անճիտել արեւելահայ հատուածը, բայց Արամ Մանուկեանի ա՛յդ կոչը ճամբաբաժանը հանդիսացաւ հայութեան իրերայաջորդ պարտութիւններուն եւ Սարդարապատի դարպասին առջեւ թշնամիի զօրքերուն ջախջախումին միջեւ:

Եւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի ու Բաշ Ապարանի յաղթանակներուն պսակումը հանդիսացաւ 28 մայիս 1918-ն: Ասիկա նոյնպէս պարզ թուական մը չէ հայոց պատմութեան մէջ: Զինուորական յաղթանակներէն ետք ասիկա հայութեան քաղաքական յաղթանակի թուականն է, վեց դարերու պետականազուրկ գոյութենէ ետք` հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման թուականը, ժամանակակից հայոց հանրապետութեան կերտման թուականը: Բնականաբար նաեւ, 21 սեպտեմբեր 1991-ին իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանը պիտի յայտարարէր, որ ինք ուղղակի իրաւայաջորդն է 28 մայիս 1918-ին կերտուած Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան:

Անշուշտ, երբ կը խօսինք յաղթանակներու ամսուան` մայիսին մասին, պէտք չէ մտահան ընենք 9 մայիս 1992-ը: Շուշիի ազատագրման թուականն է ասիկա, նոյնպէս` ճակատագրորոշ իրադարձութիւն մը, որ իր դրոշմը դրաւ վերջին 2 տասնամեակներուն վրայ երկարող հայկական քաղաքական եւ զինուորական իրադարձութիւններուն վրայ: Շուշիի ազատագրման խորհրդանշանակութիւնն ալ այն էր, որ հայ բազուկին շնորհիւ եւ բազում զոհողութիւններու գնով վերջապէս հայութեան գիրկը կը վերադառնար երկար ժամանակաշրջանէ ի վեր թշնամիին կողմէ գրաւուած հայկական քաղաք մը, որ է՛ր երբեմն կովկասահայութեան մշակութային մեծ կեդրոններէն մէկը: Շուշիի ազատագրումը եւս, հաւասարապէս Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի յաղթանակներուն, այսօր կը ներկայանայ իբրեւ հայութեան անկախ լինելիութիւնը ամրապնդող յաղթանակներէն մէկը:

Հայութեան ազգային կենսափորձը ցոյց տուաւ, որ պետականութեան գաղափարը ազգային գերագոյն արժէք է, որմէ կարելի չէ զիջիլ: 70 տարի շարունակ, խորհրդային կարգերուն ներքեւ, փորձ կատարուեցաւ` վարկաբեկելու անկախ պետականութեան գաղափարը, ազատութեան սկզբունքը, Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան ստեղծած արժէքները: Բոլո՛ր, բոլոր փորձերն ալ ապարդիւն անցան, որովհետեւ սփիւռքի մէջ պահպանուեցան այդ արժէքները սրբութիւններու պէս, որպէսզի գեղեցիկ օր մըն ալ դարձեալ վերարժեւորուէին հայրենի հողին վրայ:

Այդ արժէքները` Եռագոյնը, հանրապետութեան զինանշանը, «Մեր հայրենիք»ը եւ այլն, արդիւնք են մայիսեան մեծ յաղթանակներուն ընթացքին մատուցուած զոհողութիւններուն: Եթէ 1918-ի եւ արցախեան գոյապայքարի մայիսեան մեծ յաղթանակները չըլլային, այսօր դժուար էր երեւակայել հայկական երկու անկախ պետութիւններու գոյութիւնը: Անհրաժեշտ է ազգովին շարունակել մայիսեան յաղթանակներուն երթը զինուորական, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ, որպէսզի ի վերջոյ հասնինք բաղձալի այն օրուան, երբ հայկական երկու անկախ հանրապետութիւնները դառնան մէկ պետականութիւն, ազատագրուին հայկական բռնագրաւեալ բոլոր հողերը անխտի՛ր, կատարուի հողահաւաք ու հայահաւաք եւ իրագործուի հայութեան մեծ երազը` իրապէս ազատ, անկախ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստանի կերտումը:

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Նախորդը

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀԱՄԱՐԺԷՔ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄԻ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ (ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԱՌԻԹՈՎ)

Յաջորդը

ՄԱՅԻՍ 28-Ի 93-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԱՆՁՆԱԳՐՈՎ ՀԱՅԵՐ ԴԱՐՁԱՆՔ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving)

November 26, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։