Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. 2012-2013 Կրթական Տարեշրջանի Հունձքը

June 28, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

 

 

Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած հայ ժողովուրդին գոյատեւումը երաշխաւորելու եւ հայախօսութիւնը պահելու միտումով 1932-ին Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասին մէջ հիմը դրուեցաւ Ազգային Լուսինեան վարժարանին: 1963-ին վարժարանի վերանորոգման առիթով ան մկրտուեցաւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան անունով:

Աւելի քան յիսուն տարիներ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը Նոր Սիսի մէջ հայախօսութիւնը պահելու եւ հայուն գոյատեւումը երաշխաւորելու նպատակով կոփեց սերունդներ` պատրաստելով խոստմնալից հայեր:

Ապրիլ ամսուան ընթացքին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի մկրտութեան յիսնամեակը արժանաւոր կերպով նշելէ ետք, ուրբաթ, 21 յունիս 2013-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ վարժարանը ներկայացուց 2012-2013 կրթական տարեշրջանի հունձքը:

Արդարեւ, վկայականաց բաշխման հանդէսը կը հովանաւորէր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Հանդէսին իրենց ներկայութեամբ պատուեցին բարերար Աքսոր Գասարճեանին կինը եւ դուստրերը, Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Այս տարուան հանդէսը նուիրուած էր հայ մօր, նկատի ունենալով, որ 2013 տարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը Արամ Ա. կաթողիկոս հռչակած էր «Հայ մօր տարի»: Թատրոնին նիւթը ոսկեայ իլիկն էր: Անդամալոյծ մայր մը երկու դուստրեր ունէր: Անոնցմէ մէկը աշխատասէր ու հոգատար էր, իսկ միւսը` անձնակեդրոն ու եսասէր: Անոնք իլիկ մը ունէին: Բարի աղջիկը ջրհորին մօտ մանելու ժամանակ անոր մէջ կ՛իյնայ: Ան տուն վերադարձի ճամբուն վրայ կը հանդիպի ծեր եւ հիւանդ մամիկի մը, զոր կը խնամէ ու կը կերակրէ: Ծերուկը ի տես այս գուրգուրանքին` կը փափաքի, որ այս բարի աղջիկը օժտուի ոսկեայ իլիկով եւ մազերով: Երբ տուն կը վերադառնայ անդամալոյծ մայրն ալ կ՛առողջանայ իր բարի գործերուն իբրեւ վարձատրութիւն: Անձնասէր աղջիկն ալ ականատես դառնալով այս երեւոյթին կը դառնայ բարի եւ ծառայասէր աղջիկ մը:

Բեմին գեղեցիկ յարդարանքը լաւագոյնս կը բնորոշէր օրուան նիւթը:

Մանկապարտէզի դեռատի աշակերտները Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութեան կշռոյթներուն տակ յաջորդաբար ներկայացուցին ծաղիկներու, փռապաններու, խնձորներու, թիթեռներու եւ բարի պարիկներու պարերը` ինքնավստահութեամբ եւ գեղեցիկ շարժումներով:

Մանկապարտէզի աշակերտներէ կազմուած երգչախումբը ներկայացուց «Օրն է հանդէսի», «Տօ, Րէ, Մի», «Պի իտիք եա մամա», «Ղարաբաղի բալիկներ» խմբերգները, որոնք արժանացան մեծ գնահատանքի:

Իր կարգին, նախակրթարանի աւարտական` վեցերորդ դասարանի շրջանաւարտները ներկայացուցին «Վույ Նարէ» պարը, որ սրահին մէջ ստեղծեց տօնական մթնոլորտ:

Նախակրթարանին երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի, ներկայացուց «Եւ արեւ եւ անձրեւ», «Մայրիկի ժպիտը», «Երգը կեանք է» խմբերգները:

Հայ մօր տարին եւ մայրերը պանծացնելու համար խումբ մը շրջանաւարտներ իւրայատուկ ոճով եւ յստակ առոգանութեամբ ասմունքեցին հայ մօր նուիրուած ներբողներ` քաղուած հայ բանաստեղծներէ:

Հանդէսի աւարտին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան համառօտ ակնարկով մը անդրադարձաւ 2012-2013 կրթական տարեշրջանի գործունէութեան: Ան նշեց, որ կրթական տարեշրջանի դժուարութիւնները կարելի եղաւ յաղթահարել հաւաքական ճիգերով:

Ա. Աղասարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչաց կազմին, հոգաբարձութեան, թաղական խորհուրդին եւ բոլոր միութիւններուն, որոնց համատեղ աշխատանքով կարելի եղաւ յաջող տարեշրջան մը բոլորել: Ան յայտնեց, որ շրջանաւարտները պիտի հեռանան հարուստ յիշատակներով եւ ամրացած որոշ գիտելիքներով: Ա. Աղասարգիսեան մաղթեց շրջանաւարտներուն ձգտիլ լաւագոյնին` հասնելու համար յաջողութեան գագաթնակէտին:

Շրջանաւարտներուն անունով ուղերձ կարդաց Ռեւ Դարբինեան:

Ան Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը նկատեց երկրորդ օճախ եւ երկրորդ տուն: Ռ. Դարբինեան խոստացաւ բարձր պահել վարժարանին անունը եւ պատուաբեր արդիւնքներով քալել դէպի ապագայ: Ուղերձի աւարտին ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին, որոնք ուսման կողքին հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբեցին:

Տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականաց բաշխում` ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր:

2013-2014 տարեշրջանի համար յատկացուած «Աքսոր Գասարճեան կրթական ֆոնտ»-ին եօթներորդ դասարանին կրթաթոշակին արժանացաւ Ռեւ Դարբինեան:

Հուսկ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան կատարեց փակման եւ օրհնութեան խօսքը: Ան նշեց, որ հունձքը մեր ժողովուրդի կեանքի դաշտին մէջ կ՛ապրեցնէ մեզ: Ան յիշելով հայ մօր տարին` կոչ ուղղեց շարունակելու մեր ծառայութիւնը մայրութեան հովանիին տակ: Սրբազան հայրը գնահատեց Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը իր տնօրէնութեամբ եւ հաստատեց, որ տնտեսական ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան ուսուցչական կազմի համատեղ աշխատանքով շատ լաւ կը կառավարէ այս աշխատանքը: Այս իմաստով Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը նկատեց լաւագոյն եւ ամենայաջող վարժարաններէն մէկը:

Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բարերար Աքսոր Գասարճեանի ընտանիքին հետեւողական ներկայութեան` 1963-էն ի վեր: Իրենց հաստատած կրթական ֆոնտին շնորհիւ վարժարանը ձեռնհաս վիճակի մէջ է: Ան մատնանշեց նաեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ վարժարանի հոգաբարձութեան` նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւնը վարժարանին:

Սրբազանը իր խօսքին վերջին բաժինով շրջանաւարտներուն ըսաւ, որ ուսումը շատ կարեւոր է գալիք հայկական կեանքին մէջ: Ան նմանցուց ուսումը սափոր մը ջուրի, որ պէտք պիտի ունենան անապատէն անցնելու ժամանակ: Ան խրատեց, որ չթափեն եւ չմոռնան զայն, որովհետեւ անպայման անոր կարիքը պիտի ունենան:

Մանկապարտէզէն վկայուեցան հետեւեալ աշակերտները.

Պետիկ Թղըլեան, Ռազմիկ Մազաքեան, Կարէն Գլընճեան, Ներսէս Պերեճիքեան, Նարեկ Քէշիշեան, Ժիւլի Տապաղեան, Աննա Մուտարիկեան, Փաթիլ ԳԷորգ, Ռեբեկա Ճերահեան, Սօսէ Խաչատուրեան, Մարկրեթա Մկրտիչեան, Լոռի Քիւլքեճեան, Լին Սլէյման, Սերենա Մաթոսեան:

Նախակրթարանէն վկայուեցան հետեւեալ աշակերտները.

Ժորժ Չելեպեան, Սասուն Գէորգ, Քարլոս Այվազեան, Քրիստ Աւետիսեան, Գօգօ Չուքիւրկէօզեան, Յակոբ Տէրտէրեան, Հրակ Մարգարեան, Ռեւ Դարբինեան, Սթեֆանի Ունանեան, Սարին Ժամկոչեան, Սինթիա Յովհաննէսեան, Նանոր Օհանեան, Մեղրիկ Տօնապետեան, Մելիսա Չելեպեան:

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Ա՞յս Է Մեր Ճանչցած Հոլիվուտին Վերջը

Յաջորդը

Մորթային Հիւանդութիւններ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.