
Արդարութեան եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութեան մշակոյթի նախկին նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ, որ այս օրերուն կառավարութեան դէմ յայտարարութիւններ կ՛ընէ ու կերպով մը կը զօրակցի Թաքսիմի ցուցարարներուն, շարունակ պատգամներ կը փոխանցէ Թուիթըրի միջոցով: Այս անգամ ալ ան դէմ եկաւ վարչապետ Էրտողանի քաղաքականութեան եւ ըսաւ.
«Հիմա ժամանակն է, որ այս լարուած մթնոլորտը մեղմացնելու շարժումներ կատարուին: Ի՛նչ լաւ կ՛ըլլար, որ առաջնորդ մը, որ իր կռնակը առած է ժողովուրդը, երիտասարդութեան ըսեր, որ ինք ծառերուն տէր կը կանգնի եւ հոգ չէ, Գրիգոր վարպետին զինուորական զօրանոցէն ալ կրնայ հրաժարիլ»:
Էրթուղրուլ Կիւնայի կողմէ յիշուած Գրիգոր Վարպետը ճարտարապետ Գրիգոր Պալեանն է, որ ոմանց համաձայն, ճարտարապետն է 1789 թուականին սուլթան Սելիմ Գ.ի շրջանին Գափըգուլուի զինուորներուն համար կառուցուած զօրանոցին: Բայց ուրիշներ ալ, նկատի առնելով, որ շէնքը կառուցուած է արեւելեան ոճով, անհաւանական կը նկատեն, որ Պալեանը ըլլայ անոր ճարտարապետը: Շէնքը, որ «Թոփչու քըշլասը» կոչուած էր, կը գտնուէր հոն, ուր հիմա կը գտնուի Կեզի հանրապարտէզը: Զօրանոցը փլցուեցաւ կուսակալ Լիւթֆիւ Գըրտարի օրով, 1940 թուականին: Շէնքը գեղարուեստական արտակարգ գեղեցկութիւն ունէր ու կառավարութիւնը այդ շէնքն է, որ հինի բնօրինակով բարձրացնել կ՛ուզէ Կեզի հրապարակին տեղ:
