Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ցուցարարներ-Ոստիկանութիւն Բախումները Կը Շարունակուին. Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Կը Մտադրէ Էրտողանի Թեկնածութիւնը Առաջադրել Նախագահութեան Պաշտօնին

June 25, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Սուլէյման Սոյլու յայտնեց, որ կուսակցութիւնը մտադիր է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թեկնածութիւնը առաջադրել յառաջիկայ տարի նախատեսուած նախագահական ընտրութեան:

«Թըրքի Թուտէյ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ թուրք ժողովուրդը իր ղեկավար Էրտողանին թիկունք պիտի կանգնի եւ զայն հասցնէ հանրապետութեան նախագահի աթոռին` շեշտելով, որ ինք այն խոր հաւատքը ունի, որ թուրք ժողովուրդը որեւէ ատեն իր ղեկավարը յուսախաբ պիտի չընէ:

Մինչ այդ, մայրաքաղաք Անգարայի Քենետի եւ Տիքմեն թաղամասերուն մէջ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ արձանագրուեցան, երբ ցուցարարները փորձեցին մինչեւ Քըզըլայ հրապարակ քայլարշաւ մը կատարել: Ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործեց:

Ատանայի մէջ եւս շուրջ հազար քաղաքացիներ մասնակցեցան Էրտողանի կառավարութեան դէմ ցոյցի մը, սակայն ոստիկանութիւնը բռնի ուժով ցրուեց զանոնք եւ 12 ցուցարարներ ձերբակալեց ոստիկաններուն դիմադրելու յանցանքով:

Թուրքիոյ մէջ գործող «Քոնսենսուս» հետազօտական կեդրոնին կողմէ յունիսի ընթացքին կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուած է, որ Թուրքիոյ մէջ, հակառակ լայնածաւալ ցոյցերուն, եթէ ընտրութիւնները այսօր ըլլային, քաղաքական պատկերը պիտի չփոխուէր: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի ստանար քուէներուն 47.1 առ հարիւրը, իսկ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 30.9 առ հարիւրը:

Էրտողան ամէնէն սիրուած քաղաքական  գործիչը կը նկատուի: Անոր ժողովրդականութեան համեմատութիւնը 41 առ հարիւր է:

Այն հարցումին, թէ զո՞վ կ՛ուզես նախագահ տեսնել, Ապտալլա Կիւլի անունը նշած է հարցախոյզի մասնակիցներուն 34.4 առ հարիւրը, իսկ 26.7 առ հարիւրը այդ պաշտօնին վրայ կը փափաքէր տեսնել Էրտողանը:

Նախորդը

Քերրի Չինաստանը Եւ Ռուսիան Զգուշացուցած Է Սնոուտենի Գործի Հետեւանքներէն

Յաջորդը

«Դամասկոս Արտաքին Լուծում Պիտի Չընդունի, Եւ «Ժընեւ-2»-ին Իշխանութիւնը Յանձնելու Համար Չենք Երթար» Կ՛ըսէ Մոալլեմ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։