Չորեքշաբթի, յունիս 12-ին Աթէնքի մէջ կայացած «Եուրոփա Նոսթրա» կազմակերպութեան 50-ամեակի յոբելենական հաւաքի նախօրէին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կազմակերպութիւնը հրապարակած է Եւրոպայի ամէնէն վտանգուած յուշարձաններու եօթնեակը, որ կ՛ընդգրկէ մշակութային ժառանգութեան օրինակներ` Ալպանիայէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն, Փորթուկալէն, Իտալիայէն, Ռումանիայէն եւ Թուրքիայէն:
Այս ցանկին վրայ է նաեւ Արեւմտահայաստանի Մարտին քաղաքի Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցին:
Մշակութային ժառանգութեան պաշտպան կանգնող «Եուրոփա Նոսթրա»-ի հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Եւրոպայի մշակութային եւ բնութեան ժառանգութեան այդ գանձերը վտանգաւոր վիճակի մէջ են` անհրաժեշտ գումարներու կամ փորձաքննութեան բացակայութեան, վատ ծրագրումի, անփութութեան, բնական աղէտներու եւ քաղաքական տագնապներու պատճառով»:
Հանդէս գալով մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` «Եուրոփա Նոսթրա»-ի նախագահ Փլասիտօ Տոմինկօ ըսած է. «Այս յուշարձաններն ու վայրերը ընտրուած են ոչ միայն այն պատճառով, որ անոնք ունին մեր ընդհանուր անցեալէն մասնիկներ, այլ որովհետեւ անոնք արժէքաւոր են իրենց պահպանութեան պարտաւորութիւնը կրող տեղական համայնքներուն համար»:
«Մօտաւորապէս 15 դար Ս. Գէորգ եկեղեցին Մարտին քաղաքի հայ մեծ համայնքին հոգեւոր օճախը հանդիսացած է: Պատմական յուշարձան դասակարգուած սոյն շինութիւնը կառուցուած է 420-ին եւ օգտագործուած է հայ բնակչութեան կողմէ մինչեւ 1915, մինչեւ հայերուն կողմէ քաղաքը լքելը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Միաժամանակ կը նշուի, որ յուշարձանը փրկելու մտահոգութիւնը «Եուրոփա Նոսթրա»-ին ներկայացուած է Մարտինի Հայ կաթողիկէ համայնքի հիմնադրամին աջակցութեամբ:
«7 ամէնէն վտանգուած վայրեր» ծրագիրը մեկնարկած էր 2013-ի յունուարին, անկէ ետք 21 եւրոպական երկիրներ ներկայացուցած էին 40 թեկնածու: Այս ծրագիրին կ՛աջակցի Եւրոպական ներդրումներու դրամատունը:
