Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸ Միութեան Վարժարաններու «Շուշի» Դպրոցական Թատերախումբն Ու Յակոբ Պարոնեանը

June 15, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր հայ ժողովուրդը  Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին միասնաբար ու  միակամ կը նշէ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ բեկումնային դարձած մայիսեան յաղթանակները: Մայիսեան փառապանծ յաղթանակներուն մէջ իր անգնահատելի դերն ու նշանակութիւնը ունի հայոց հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշիի հերոսական ազատագրումը, որ դարձած է մեր ժողովուրդի անկոտրում ոգիի, ռազմական փառքի ու յարատեւութեան խորհրդանիշը:

Շնորհիւ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի վարժարաններու «Շուշի» թատերախումբին`  Պէյրութի մէջ այս տօնը քիչ մը աւելի երկարաձգուեցաւ, որովհետեւ աշակերտ-դերասանները մեծ խանդավառութեամբ ու նոյնքան մեծ պատասխանատուութեամբ երկու օր շարունակ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ անմահ Պարոնեանի ստեղծագործութիւններու հետաքրքրական համադրութիւն մը ցուցադրեցին` «Քիչ մը Պարոնեան» անուան տակ:

Թէ ինչո՞ւ Պարոնեան, այդ հարցումին յստակ պատասխանը տուած էր թատերական գրքոյկը: «Եթէ ուսումնական որեւէ հաստատութեան, առաւել եւս դպրոցի՛ առաջնային դերն ու նշանակութիւնը մատաղ սերունդը դաստիարակելու եւ կրթելու մէջ է, ուրեմն այս գործին մէջ անփոխարինելի է մեծն Պարոնեանի երգիծապատումներուն աւանդը:  Ահա թէ ինչո՛ւ Պարոնեա՛ն, որովհետեւ անկէ լաւ ոչ ոք ցոյց տուած է, թէ ինչպէս… պէտք չէ՛ ապրիլ…»:

Ի պատիւ թատերախումբի շնորհալի անդամներուն, բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեանի, Հայարփի Հաճեան-Ճերեճեանի, Անի Թորանեան-Գրիգորեանի եւ դեռ շատ ուրիշներու, պէտք  է նշել, որ տօնը իսկապէս կայացաւ: Բոլորը փայլուն կատարեցին իրենց վստահուած գործը եւ բարձր պահեցին որպէս թատերախումբի այցեքարտ ընտրուած հերոսական քաղաքին անունը:

ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան, Նազարեան եւ Կարմիրեան վարժարաններու բոլոր աշակերտ-դերասանները եկան ապացուցելու, որ իրենք կրնան նոր կերպարներ ստեղծել ու նաեւ կեա՛նք տալ այդ կերպարներուն: Թող ներեն մեզի մեր հերոսները, եթէ մէկ առ մէկ չենք յիշեր իրենց անունները, բայց ընդգծենք, որ անոնք բոլորն  ալ արժանի են մեր բարձր գնահատականին:

Երեք ներկայացումներու աւարտին հնչած եւ մէկ միասնական մարմին դարձած սրահին երկարատեւ ծափահարութիւնները, հանդիսատեսի, ծնողներու, մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հիացական արձագանգներն ու շնորհակալական խօսքերը ըսուածին ստոյգ վկայութիւններն  են:

ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Կրթական յանձնախումբի եւ վարժարաններու տնօրէնութեան սերտ համագործակցութեան իբրեւ  արդիւնք ծնած այս թատերախումբը իր երրորդ բեմադրութիւնը իրագործեց յաջողութեամբ` երեք տարբեր բեմականացում եւ մէկ քանի տասնեակ շնորհալի դպրոցականներ:

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ «Քիչ մը Պարոնեան» ներկայացման օրը, յունիս մէկը, երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն էր, որ մեծ շուքով, արդէն վաթսունչորրորդ տարին ըլլալով, կը նշէ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը:

Ընդունուած կարգ է, որ այդ օրը մեծահասակները յատուկ նուէրներ կը պատրաստեն երեխաներուն համար, իսկ երեխաները իրենց կարգին մեծահասակներուն իրենց ձեռքի աշխատանքները կը մատուցեն որպէս երախտագիտութիւն:

ՀԲԸ Միութեան Շուշի դպրոցական թատերախումբի «Քիչ մը Պարոնեան» բեմադրութիւնը փոխադարձաբար, զիրար ամբողջացնող  երկու բաղադրիչներուն համաձուլուածքն էր:

Թող թատրոնը իր հրաշագործ ներկայութեամբ մեր պատանիներու անբաժան ուղեկիցն ու մտերիմը դառնայ: Այդպիսով կը շահի ոչ միայն ինք` պատանին, այլեւ այն հանրութիւնը, որուն անբաժան մասնիկն է այսօրուան աշակերտը, վաղուան քաղաքացին ու հայ անհատը ընդհանրապէս:

ՀԲԸՄ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Էվերեսթի Բարձունքներուն Վրայ

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանին Մէջ Լիբանանի Մշակոյթի Օր

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.