
«Թրիփոլցիներու 95 առ հարիւրը դէմ է պատահող դէպքերուն», յայտարարեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ, նախքան Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստի գումարումը: Կացութիւնը նկարագրելով իբրեւ «ողբերգական»` Շարպել յայտնեց, թէ բանակը չի կրնար «երկաթէ թաթ»-ով հարուածել կողմերը, ի վերջոյ անոնք լիբանանցիներ են: Կացութեան կայունացման համար Շարպել անհրաժեշտ նկատեց կարգ մը միջոցառումներու որդեգրումը, ինչպէս` առնուազն 100 հազար հաշուող զօրքի տեղակայումը հակամարտող կողմերուն միջեւ եւ փակել բոլոր ապօրինի անցքերը, երկրորդ` ռատարներու օգտագործում` բոլոր վայրերու կացութեան մօտէն հետեւելու համար, երրորդ` օգտագործել արհեստագիտական թեքնիք սարքաւորումներ` դիւրացնելու համար կայունութեան ամրապնդման միտող ճիգերը:
Քաղաքական Կեցուածքներ
«Հարցերը սպառնալիքով չեն լուծուիր», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն` երէկ գլխաւորելէ ետք համախմբումին շաբաթական հերթական նիստը: Աուն կոչ ուղղեց բոլոր կողմերու ղեկավարներուն` փողոցէն «տուն կանչելու» իրենց զինեալներն ու միլիսները:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին յայտնեց, որ եթէ կարգ մը կողմեր կը խորհին, որ Թրիփոլիի դուռէն կրնան փոխել Սուրիոյ դէպքերուն ընթացքը, իրենց գրաւը սխալ հիմերու վրայ դրած կ՛ըլլան: «Ժամանակն է, որ գուրգուրանք լիբանանեան բանակին, աւելի քան երբեք», աւելցուց Ժոմպլաթ:
«Ամբողջ համայնք մը թիրախ դարձած է յարձակման` նպատակ ունենալով բնաջնջել զայն», յայտարարեց Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան զինուորական ղեկավարներէն Ապտել Լաթիֆ Սալեհ` հարց տալով, թէ արդեօք ալեւի համայնքը մաս չի՞ կազմեր լիբանանեան 18 համայնքներուն:
«13-14 օրերէ ի վեր պաշարուած ենք, ուտեստեղէնի եւ պարէնաւորումի զգալի պակաս կայ», աւելցուց Սալեհ` զարմանք յայտնելով, որ իշխանութեան պատկանող կողմերը անտարբեր են կացութեան նկատմամբ:
Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէի բնակիչներէն պահանջեց 48 ժամ պայմանաժամ տալ լիբանանեան բանակին, այլապէս Թրիփոլի ինքնապաշտպանութեան պիտի դիմէ»:
Կացութիւնը` Գետնի Վրայ
Գետնի վրայ, անցնող կիրակի գիշերէն ի վեր վերսկսած Թրիփոլիի բախումները Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ ցարդ խլեցին հինգ զոհ եւ 38 վիրաւոր: Զոհերէն վերջինը երէկ յետմիջօրէին սպաննուած ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկան մըն էր: Իսկ սուրիացի մը, որ նախապէս վիրաւորուած էր` երէկ մահացաւ:
Երեքշաբթի երեկոյեան կացութիւնը որոշ չափով հանդարտեցաւ, թէեւ կարգ մը թաղամասերու մէջ զինեալներ փորձեցին ընդդիմանալ լիբանանեան բանակի տարրերուն, որոնք ձեռնարկեցին զինեալ երեւոյթներու վերացման ու կայունութեան վերահաստատման:
Այս գծով Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ռեֆաաթ Իտ յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը «վերապահ է բանակի այս քայլերուն գծով, որոնք կը թուի, թէ մէկ կողմի ուղղութեամբ կը կատարուին»:


