Ծնունդի, Զատկուան նախաճաշի ձեռնարկներէն ետք, Ազգ. Աբգարեան վարժարանի Ծնողական խորհուրդը իրագործեց աւանդական դարձած Համբարձման տօնին առթիւ կազմակերպած իր դաշտագնացութիւնը` 9 մայիս 2013-ին, Ճուրթ էլ Պալութի ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Միաժամանակ Շուշիի ազատագրման տարեդարձի տօնակատարութիւն դարձաւ այս ձեռնարկը` շնորհիւ երգիչ Սուրիկին, որ ազգային երգերու իր մեկնաբանութեամբ ստեղծեց յաղթական մթնոլորտ: Համբարձման վիճակ, խորոված, բնութեան խաղաղութիւն, ծածանող եռագոյն դրօշակներ` ստեղծեցին հետաքրքրական, հայկական մթնոլորտ:
18 մայիս 2013-ին Ազգ. Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձութիւնը իրագործեց այս տարեշրջանի իր երրորդ ձեռնարկը` «Խորովածի երեկոյ», վարժարանի շրջափակէն ներս, աւելի քան հարիւր հիւրերու ներկայութեան: Թաղականութեան, պատկան մարմիններու, հայրենակցական միութեանց ներկայացուցիչներ, հոգաբարձութեան անդամները` իրենց բարեկամներով, Ազգ. Աբգարեան վարժարանի ուսուցչական կազմը ներկայ էին ձեռնարկին: Օրուան երգիչները` Վրէժ Սահակեանն ու Սուրիկը յաջողեցան ստեղծել տոհմիկ ջերմ մթնոլորտ մը: «Պինկօ»-ն ստեղծեց հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն: Նուէրները այլազան էին եւ արժէքաւոր: Յաջող ձեռնարկ էր «Խորովածի երեկոն», որովհետեւ հոգաբարձութիւնը ի մի խմբած էր վարժարանին բարեկամները, իր «տան» մէջ: «Դպրոցին հետ ըլլալու» պատգամը, փոխանցեց հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Վարուժան Պետիրեանը:
23 մայիս 2013-ը վարժարանին առաջին փորձն էր պրանչի, «Պատկեր» ճաշարանին մէջ: Ձեռնարկին իրագործման մեծապէս սատարած էին հոգաբարձութեան անդամները, հոգաբարձութեան տիկինները, որոնք յաջողեցան իրագործել այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Մայրերու տօնին առթիւ:
Շուրջ 40 հրաւիրեալներ, վարժարանի բարեկամներ, «Ժպիտ»-ի ներկայացուցիչներ հաճելի տրամադրութեան մէջ եղան` շնորհիւ Հրաչի մեկնաբանած երգերուն: Ազգ. Աբգարեան վարժարանի արտասանական մրցանքի մրցանակակիրները` Ժորժեթ Թեփերճեան, Հերմիկ Աբրահամեան երգով եւ արտասանութիւններով յաջողեցան հետաքրքրութիւն ստեղծել դպրոցի տարած աշխատանքին մասին: Վարժարանի տնօրէնուհի Գեղանի Էթիեմեզեան` վեր առաւ հայ մայրերուն մարդակերտման, յոյսի աղբիւր ըլլալու առաքելութիւնը եւ շնորհաւորեց ներկաները Մայրերու տօնին առթիւ: Վարժարանի ուսուցիչներէն Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան մեկնաբանեց փունջ մը բանաստեղծութիւններ` նուիրուած մայրերու: Գեղարուեստական բծախնդիր յայտագիրը, այդ առիթով պատրաստուած վարժարանի «Մարգրիտներ» գրքոյկը եւ ձեռագործ շղարշները մեծապէս գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ, որոնք շօշափելի նուիրատուութիւններ կատարեցին:
30 մայիսին նախատեսուած էր Մայրերու օրուան եւ մայիսեան յաղթանակներու տօնակատարութիւնը վարժարանէն ներս, սակայն անհրաժեշտ էր նախատօնակը մասնաւորել: Դրօշակի արարողութենէն ետք, տարազաւոր աշակերտներով, մայիսեան փառատօնին մասնակցող աշակերտները տողանցեցին բակին մէջ, ապա մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները երգեցին քայլերգները, ինչպէս նաեւ` ազգային երգեր:
Մայիսեան ձեռնարկներու եզրափակումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 30 մայիս 2013-ին: Վերջին ատենամարզանքի պահն էր, որուն ներկայ պիտի գտնուէին ծնողները, աշակերտները, վարժարանին բարեկամները: Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անթոյեան: Ժամը 11:30-ին տնօրէնուհին բացումը կատարեց ձեռնարկին եւ բացատրեց, որ հերոսածին մայրերը իրագործած են մայիսեան յաղթանակները: Մարդակերտման մեծ պարտականութիւնը նոյնքան արժանի է յարգանքի եւ շնորհաւորութեան, հետեւաբար ազգային դպրոցը, յատկապէս «Մայրերու տարուան» առթիւ, սոյն ձեռնարկով անգամ մը եւս կու գայ մայրութեան առաքելութիւնը գնահատելու:
Աւելի քան մէկ ժամուան յայտագիրը, վարժարանի բոլոր կարգերու աշակերտներու կողմէ ներկայացուած, արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու: Հայրենիքն ու մայրը, երկու սրբազան բառերը, հնչեցուցին աշակերտները մեծ հպարտութեամբ եւ սիրով: Խաչիկ Շերնէզեանի ծաղկեփունջերուն դարձեալ արժանացան կարգ մը բախտաւոր մայրեր:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները սրահէն ուղղուեցան մանկապարտէզի բաժինը, ուր ցուցադրուած էին 2012-2013 տարեշրջանի մանկապարտէզի ձեռային աշխատանքները: Մանկապարտէզի աշակերտները իրենց մայրերուն նուիրեցին Մայրերու տօնին առթիւ պատրաստած իրենց ձեռայինները:
Վարժարանին բակը զարդարուած էր նախակրթարանի նկարչական աշխատանքներով: Հիւրասիրութեան սեղանը ծանրաբեռնուած էր ծնողներու կողմէ պատրաստած տնային խմորեղէններով: Ներկաները գնահատեցին դպրոց-ծնողք գործակցութեան արդիւնք` հիւրասիրութեան իւրայատուկ այս ձեւը, հայկական խմորեղէններու պատրաստութիւնը:
Դպրոցը, իր բոլոր բաժանմունքներով, ծնողներով, բարեկամներով, շնչեց 30 մայիսին` մայրութեան եւ հայրենիքի խորհուրդները:
Մայիսը նաեւ յատկանշական դարձաւ Ազգ. Ուսումնական խորհուրդի կազմակերպած «Մանկավարժական մշակման օր» օգտաշատ ձեռնարկով, որուն մասնակից դարձան մեր դպրոցի ուսուցիչներն ալ: Համագումարը տեղի ունեցաւ 17 մայիս 2013-ին:
Արտադպրոցական երկու ձեռնարկներ էին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով Զ. Ե. կարգերու միօրեայ պտոյտը դէպի Ժէիթա, Համազգայինի «Կարկաչ»-ի ձեռնարկին ներկայութիւնը մեր աշակերտութեան, որոնք նոյնպէս մայիսի յատկանշական յիշատակելի ձեռնարկներէն էին:


