Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն…

May 30, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Արեւելքի եդեմներին իջաւ պայծառ իրիկուն.
Հեքիաթական պալատներում սպասում են իմ հոգուն.
Ի՜նչ եմ շինում էս ցեխերում, աղմուկի մէջ վայրենի…
Ա՜խ , թէ նորից գտնեմ ճամբան դէպի էնտե՜ղ, դէպի տուն…»:

Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Պատանի էի, երբ առաջին անգամ ընթերցեցի Տոսթոեւսքիին «Ծիծաղելի մարդուն երազը» պատմուածքը: Աւարտեցի ու մնացի շուար – ե՛ս էի այդ ծիծաղելի մարդը, որ հեռաւոր աստղիկի մը վրայ երջանիկ մարդկութիւն կը տեսնէ: Ու ամբողջ կեանքիս ընթացքին ան քալեց քովէս, չկրցայ անկէ ազատիլ ու «առողջ» մարդ դառնալ: Նոյնիսկ կեանքի փորձառութեան բեռս չէ կրցած իմ մէջ ընկճել Տոն Քիշոտը կամ սիրելիս` ծիծաղելի մարդը: Այսօր ալ չեմ կրնար հաշտուիլ աշխարհի այն պարզ իրողութեան հետ, թէ որպէսզի ոմանք դղեակներու մէջ սոնքան` ուրիշներ փլատակներու տակ պիտի մնան, որպէսզի ոմանք խաւիար – ձկնկիթ ու (ինծի անծանօթ) համադամներ խժռեն, այլոք աղբանոցէն մնացուկներ պիտի ժողվեն, որպէսզի ոմանք հասնին ոսկեզօծ զառամութեան, ուրիշներ պատանութեան սեմն ալ պիտի չթեւակոխեն….

Ուրեմն թոյլ տուէք հրաժեշտ տալ:

Վերջացա՞ւ սուրիական պատերազմը. ո՛չ հարկաւ: Ե՞րբ կը վերջանայ` դուք կարծիք ունի՞ք: Նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը անգղի իր բաժինը փրցնելէ ետք հոս վերջանայ, երբեք կ՛աւարտի՞ պատերազմը: Չէ՞ որ մեր մոլորակի բնակիչներուն միակ գոյաձեւն է ան: Աշխարհը մեծ է, ու մեր ձեռքերը տաքցնելու համար մենք այնքա՜ն տեղեր ունինք խարոյկներ վառելու: Ամերիկացիները նոյնիսկ աստղային պատերազմներ նախատեսած են… Մինչդեռ իմ յուզական վերաբերմունքս պիտի չփոխուի: Ես երբեք «մեծ» պիտի չորակեմ անցեալ ու գալիք դարերու բոլոր անոնք, որոնք նուաճեր, ստրկացուցեր են ու ստրուկ մարդկութեան պարտադրեր իրենցմով հիացում: Թէկուզ  քաղաքներ շինէին ու խթանէին գիտութիւն ու մշակոյթ, սակայն միլիոնաւոր մարդոց ճակատագիրին հետ խաղալ ո՞վ արտօնած է անոնց: Ես չե՛մ արտօներ: Հակառակը` կ՛ընդունիմ տեսութիւնը, թէ իւրաքանչիւր մուրացկանի սերունդներու մէջ արքաներ ու իւրաքանչիւր արքայի սերունդներու մէջ մուրացիկներ կան: Թո՛ղ մանուկ մարդիկ շարունակեն իրենց կռիւ-կռիւ խաղը. ես մեծցած եմ, կը կարծեմ ու կը քաշուիմ այս խաղէն (զոր ես չեմ յօրինած):

Չեմ կրնար ընդունիլ մարդու հազարամեայ ընթացքին վրայ միայն անտառի օրէնքին տիրապետութիւնը: Ալ ինչո՜վ ծիծաղելի չեմ: Ու քանի որ աշխարհը պիտի շարունակէ նոյն ընթացքը, իսկ ես պիտի մնամ անյուսալի երազող, այլեւս պէտք է, որ գոցեմ օրագրութեանս էջերը:

Օրագրութիւնս, որ աւելի զրոյցի նմանեցաւ, ինծի համար իւրօրինակ քննութիւն եղաւ, անկէ ելայ համոզուած երջանկութեանս: Հաստատեցի, որ այս աշխարհին մէջ բազում են բարեկամներս (այսինքն` մարդիկ) ու սակաւ` ոչ բարեկամներս (….): Կա՞յ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան մարդոց ժպիտներ քաղելը:

Արդ, թախիծով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին (ու իմ սիրելի՜ նախկին աշակերտներուս` ցրուած այս աշխարհի բոլոր ծագերը) ու կը մաղթեմ, որ մեր յաջորդ հանդիպումը … Հալէպի ծաղկումին երգը պատմէ:

Կրնա՞մ երազել, որ ան Հայաստանի մէջ ըլլայ….

Բարի՜ երազներ ձեզի, մեր սքանչելի երկնակամարին տակ:

Իսկ ես, ռումբերու տարափին տակ, կ՛երթամ իմ աստղիս նայելու. թերեւս հոն կա՞յ հասունցած մարդկութիւն….

Ձեր` ծիծաղելի մարդ

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Էմ.Էս.»-ի Օրուան Առիթով. Յոյսդ Ո՞ւր Է Կեանքի Փոթորիկներուն Մէջ

Յաջորդը

Տոհայի Փոքրաթիւ Հայ Համայնքը Անմասն Չի Մնար Ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.