Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի 100-ամեակի Կեդրոնական Մարմինի` Խաչքարի Տեղադրում-Բացում

May 24, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սումկայիթի Զոհերուն Արիւնը
Թանկագին Է, Կը Ծանրացնէ Մեր Պատասխանատուութիւնը
Եւ Կը Սնուցէ` Յաւելեալ Թափով Շարունակելու Պայքարը»

Հաստատեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի      Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ աջակցութեամբ «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամին, երէկ` հինգշաբթի, 23 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի եղեռնագործութեան 25-ամեակին առիթով Սումկայիթի զոհերու յիշատակին խաչքարի տեղադրում-բացումը` ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու:

Բացման պաշտօնական արարողութենէն, ծաղկեպսակներու զետեղումէն եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, հանդիսութեան առաջին խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով արտասանեց Ռաֆայէլ Ումուտեան, որ նշեց, թէ 26-28 փետրուար 1988-ին լոյս աչքով տեղի ունեցաւ Սումկայիթի հայերու ջարդը, որ ծրագրուած, կազմակերպուած եւ իրագործուած էր Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ` իբրեւ այսպէս կոչուած պատասխան Ղարաբաղին զօրակցող խաղաղ ցոյցերուն:

Ռաֆայէլ Ումուտեան

Ան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան այս անմոռանալի սեւ էջը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ հայը երբեք չի կրնար հանգիստ, ապահով եւ խաղաղ ապրիլ դրացի թրքական ժողովուրդներուն հետ, քանի որ այդ հաւաքականութիւններուն մօտ տիրական են հայատեացութիւնն ու անմարդկային մօտեցումները:

Ումուտեան շեշտեց, որ Սումկայիթի ջարդը կերպարանափոխեց արցախեան ազատագրական պայքարին բնոյթը, փոխեց օրէնքները, որովհետեւ յստակ դարձաւ, որ առանց անկախութեան հայութեան ապագան շրջանին մէջ վտանգուած է եւ անորոշ: Իր խօսքի աւարտին, Ռաֆայէլ Ումուտեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Լեւոն Սարգսեան

Ապա խօսք առաւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Լեւոն Սարգսեան, որ շեշտեց, թէ Սումկայիթի դէպքերը առաւել եւս ցոյց տուին, որ Արցախ չի կրնար գտնուիլ Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան շնորհիւ հայութիւնը արձանագրեց մեծ յաղթանակ:

Սարգսեան ըսաւ, որ Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը փաստացի իրողութիւն է եւ այս գծով փրկուած հազարաւոր մարդոց վկայութիւնները բաւարար ապացոյց են: Ան հաստատեց, որ Սումկայիթի դէպքերը պէտք է դատապարտուին, որպէսզի նմանօրինակ ոճիրներ կանխարգիլուին, որպէսզի ջնջուի անպատժելիութեան մթնոլորտը: Լեւոն Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ հայութիւնը հաւաքական կամքով ցաւալի իրողութիւններուն դիմաց նոր յաղթանակներ արձանագրէ:

Աւարտին, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նշեց, թէ պատմութիւն ունեցող Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Սումկայիթի զոհերուն նուիրուած խաչքարի տեղադրումը ունի իր յատուկ նշանակութիւնը, իսկ խաչքարը` իբրեւ ազգային ու հոգեւոր խորհրդանիշ եւ մշակութային արժէք, ունի իր կարեւորութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ այս խաչքարը արդարադատութեան պահանջի եւ բողոքի կոթող է, ցեղասպանութիւններու դէմ կանգնելու ժխտումի կեցուածքի արտայայտութիւն է:

Գեղամ արք. Խաչերեան ըսաւ, որ Սումկայիթի զոհերուն արիւնը թանկագին է, կը ծանրացնէ մեր պատասխանատուութիւնը եւ կը սնուցէ` յաւելեալ թափով եւ վճռակամութեամբ շարունակելու պահանջատիրական պայքարը:

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. «Կոմիտաս Քառեակ»-ի Բարձրորակ Ելոյթը

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Առեւանգուած Է Մտաւորական Յակոբ Միքայէլեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.