Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել յառաջիկայ 25 մայիսին տեղի ունենալիք Մէյս Ժապալի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, պէտք է իրենց անունները անյապաղ արձանագրեն կա՛մ հեռաձայնելով իրեն (03-955700), կա՛մ ալ` Հիւսէյն Համմուտի (03-771795):


